2018 յունիսի 24-ին, Մոսկուայի Անարատ Յղութեան Կաթողիկէ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ քահանայական ձեռնադրութիւն՝ ձեռամբ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի և Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէներու Առաջնորդ Արհի. Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանի եւ առընթերակայութեամբ Մոսկուայի ժողովրդապետ, Ռուսաստանի Առաջնորդական Փոխանորդ Գերյ. Պետրոս ծ. վրդ. Եսայեանի, Գերյ. Գառնիկ ծ. վրդ. Յովսէփեանի, Ռուսաստանի հայ կաթողիկէ համայնքներուն ծառայող վարդապետներ Հոգշն. Հ. Սեդրակ վրդ. Խիթարեանի, Հոգշն. Հ. Սերգեյ վրդ. Բաբաջանեանի, ինչպէս նաև ներկայութեամբ Հ. Հովսէփ վրդ. Պահէի, լատինածէս բարձրաստիճան կաթողիկէ հոգեւորականներու՝ Աստանայի մետրոպոլիտ՝ արքեպիսկոպոս Թոմաշ Պետայի, Ռուսաստանի մօտ Պապական Առաքելական նուիրակ Արքեպիսկոպոս Չելեստինօ Միլիորէի, Ռուսաստանի մօտ ՀՀ դեսպան Վարդան Տողանեանի: Սուրբ Պատարագի եւ ձեռնադրութեան արարողութեան սպասաւորեցին Լեհաստանի եւ Ղազախստանի մէջ ուսանող հայ ճեմարանականները:
Քահանայական ձեռնադրութիւն ստացաւ Տ. Յովհաննէս Սրկ. Մելիքեանը, որ այսուհետեւ կը կոչուի Հոգշն. Հ. Յովհաննէս վրդ. Մելիքեան:
Հ. Յովհաննէս ծնած է 1974 յուլիսի 4-ին, ՀՀ Տավուշի մարզի Կոթի գիւղը: 2013-ին Աստուծոյ ծառայութեան նուիրուելու կոչում զգալով, հոգեւորականներու առաջնորդութեամբ վճռած է պատրաստուիլ քահանայական ծառայութեան եւ Հոգշն. Հ. Պետրոս վրդ. Եսայեանի կողմէ ուղարկուած է ուսման՝ Ղազախստանի «Մարիա Մայր Եկեղեցւոյ» կաթողիկէ ճեմարան, ուր աւարտած է փիլիսոփայութեան և աստուածաբանութեան դասընթացքները՝ 2018 յունիսին, իսկ 2018 յունուարի 7-ին դարձեալ Մոսկուայի նոյն եկեղեցիին մէջ ձեռնադրուած է սարկաւագ: Հ. Հովհաննէս վրդ. Մելիքեանը իր քահանայական ծառայութիւնը կը սկսի՝ որպէս փոխ ժողովրդապետ Մոսկուայի հայ կաթողիկէ համայնքի:
Այս ձեռնադրութիւնը պատմական իրադարձութիւն էր Ռուսաստանի հայ կաթողիկէ համայնքին համար, նկատելով որ գրեթէ 100 ամեայ ընդմիջումէ ետք առաջին անգամն էր, որ Ռուսաստանի մէջ հայ կաթողիկէ հոգեւորական կը ձեռնադրուի ծառայելու համար Ռուսաստանի հայ կաթողիկէ թեմին:
Քաղուած «armenianchurchco.com» կայքէն։