Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսը, իր տարեկան ժողովի ընթացքին, կատարեց կանոնական ընտրութիւնը Գերյարգելի Հայր Պօղոա Ծ. Վ. Հէքիմեանի իբրեւ Առաջնորդ Հարաւային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ Թեմին, յաջորդելով Արհիապատիւ Տէր Վարդան Եպիսկոպոս Պօղոսեանին, որու պաշտօնավարութեան շրջանը աւարտած էր, ըստ կանոնական տարիքի վերաբերեալ օրէնքին:
Ն.Ս. Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, իր 2 Յուլիս 2018 թուակիր նամակով, իր հաճութիւնը յայտնած է Սիւնհոդոսական Հայրերուն կատարած ընտրութեան:
Հայր Պօղոս Ծ.Վ. Հէքիմեան ծնած է Գահիրէ, Եգիպտոս, 11 Նոյեմբեր 1953-ին: Ընդունուելով Հռոմի Լեւոնեան Քահանայապետական Հայ Վարժարան, Իմաստասիրութեան եւ Աստուածաբանութեան ուսմունքները կատարած է Հռոմի Ս. Թովմաս Ագուինացի Համալսարանէն ներս: Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է 14 Օգոստոս 1981-ին, իբր անդամ Հարաւային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ Թեմին: Յաջորդ տարիներուն զանազան հովուական առաքելութիւններ ստանձնած է յաջորդաբար՝ իբր փոխ-ժողովրդապետ Պուէնոս-Այրէսի Հայ Կաթողիկէ համայնքին, Ժողովրդապետ Սաօ-Փաուլոյի, եւ ի վերջոյ Պունոս-Այրէսի. վարած է Պատրիարքական Կառավարիչի պաշտօն Եգիպտոսի Հայ Կաթողիկէ Թեմին: Որմէ յետոյ կրկին անուանուած է Ժողովրդապետ Պուէնոս-Այրէսի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Աթոռանիստ եկեղեցւոյ, ուր կը պաշտօնավարէր ցայսօր:
Նորընտիր Եպիսկոպոսին Ձեռնադրութեան թուականն ու վայրը պիտի յայտարարուին ի մօտոյ:
ԴԻՒԱՆ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ