ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻՆ ԲԱՑ ՆԱՄԱԿԸ ԻՐ ՀԱՅՐԵՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ

ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻՆ ԲԱՑ ՆԱՄԱԿԸ ԻՐ ՀԱՅՐԵՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ

Հայաստան գտնուող իմ շա՜տ սիրելի քոյրեր և եղբայրներ,

Կը շնորհաւորեմ ձեզ, որ կրցաք առանց արեան, բռնութեան, արժէքներու ոտնահարման անցում ապահովել երկրին մէջ դէպի մէկ այլ իրողութիւն։ Քաղաքացիական անհնազանդութեան օրերուն եւս դրսեւորեցիք արժանապատիւ ու մարդասիրական կեցուածք՝ լուծում առաջարկելով ծագող խնդիրներուն այնքան սահուն ու արագ, որ կարծես դիւրին էր։ Ասիկա զարմացուց եւ մտածել տուաւ շատ մը այլ երկիրներու կառավարութիւններուն։

Մեզ՝ սփիւռքի հայերուս համար մեծ հպարտութիւն էր ցոյց տալ աշխարհին, որ կայ փոքր երկիր մը, որուն քաղաքացիները բացառիկ իմաստնութիւն եւ մարդասիրութիւն դրսեւորեցին՝ ապացուցելով, որ բռնութիւնը խաղաղութեան եւ փոխըմբռնման տանող ճանապարհ չի կրնար ըլլալ։ Մեր պատմութեան ընթացքին շատ դժբախտութիւններ ճաշակած ենք ։ Հիմա կը բանանք երջանկութեան, իմաստնութեան և սիրոյ էջը։

Դուք յաջողեցաք ապացուցանել, որ մեր ազգը ունի գիտակցութեան բարձր աստիճան, եւ որ մեր երկրին համար առաջնահերթ է ու միշտ ալ պէտք է առաջնահերթ մնայ ամենակարեւորը՝ միաւորումը։ Այս միաւորումն է, որ թոյլ կու տայ ապահովել երկրին բարեկեցութիւնը եւ քաղաքացիներուն միջեւ բարեացակամ վերաբերմունքը։ Դուք յաջողեցաք ապացուցանել, որ հնարաւոր է ապրիլ միաւորուած եւ պատասխանատուութեան բարձր զգացումով։ Մենք՝ հայերս, կարողացանք ցոյց տալ, որ «ժողովուրդ», «հայրենիք», «դրօշ», «մշակոյթ», «կրօն» եւ «ընտանիք» բառերը մեր արժէքներն են, եւ որ իւրաքանչիւր հայ իր երկրին մէջ ունի հաւասար իրաւունքներ ու ազատութիւններ։

Ես, հաւանաբար, աշխարհի հայերուն ամենաֆրանսացին եմ, սակայն ես հպարտ եմ իմ Հայաստանով եւ երբեք չեմ թաքցներ ասիկա։

Շնորհակալութիւն հայ ժողովուրդին աշխարհին ցոյց տալուն համար մեր մարդասիրութիւնը ու տարբերութիւնը, որոնք կ’ապացուցանեն որ Հայաստանը մեծ է իր արժէքներով։ Օրինա՛կ դառնանք բոլոր անոնց համար, որոնք տարբեր են, գուցե նաև՝ ոչ այնքան բաց փոփոխություններու առջեւ որքան մենք։ Եկէք առաջ ընթանանք նոյն ճանապարհով, որովհետեւ վստահ եմ որ ան լաւագոյնն է մեր ազգին եւ մեր ժողովուրդին ապագային համար։

Շնորհակալ եմ իւրաքանչիւրիդ՝ հպարտութեան այս մեծ զգացումը ինծի պարգեւելու համար։ Կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։

 

ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐ
«Ազնաւուր» Հիմնադրամ