ԴՌՆԲԱՑԷՔ ԵՒ ՎԵՐԱՕԾՈՒՄ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԱՏՐԱՆ

ԴՌՆԲԱՑԷՔ ԵՒ ՎԵՐԱՕԾՈՒՄ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԱՏՐԱՆ

Հանդիսապետութեամբ Արհի. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի, Առաջնորդ Բերիոյ թեմի կաթողիկէ Հայոց, 24 ապրիլ 2018, երեքշաբթի, առաւօտեան ժամը 10-ին տեղի ունեցաւ Դռնբացէքի եւ վերաօծման արարողութիւն Հալէպի Հայ կաթողիկէ գերեզմանատան Ս. Յարութիւն Մատրան, որ ծանօրէն վնասուած էր գերեզմանատան հետ միասին, սուրիական քանդիչ պատերազմին հետեւանքով։

Գերապայծառ Տէրը, զգեստաւորուած, վարդապետներու, դպիրներու, երգչախումբին եւ հաւատացեալներու ներկայութեան, «ԲԱՑ ՄԵԶ ՏԷՐ ԴՈՒՌՆ ՈՂՈՐՄՈՒԹԵԱՆ» շարականի երգեցողութեամբ, սաղմոսներու եւ սուրբ Գրային հատուածներու ընթերցումով մուտք գործեց մատուռ եւ «Առաքելոյ Աղաւնոյ» շարականի երգեցողութեամբ յառաջանալով դէպի Խորան՝ կատարեց վերաօծումը Սուրբ Սեղանին՝ Սուրբ Միւռոնով։

Ապա դպիրներու թափօրով, Գերապայծառ Տէրը ուղղուեցաւ գերեզմանատան շրջափակը կանգնած Ս. Խորան, ուր տեղի ունեցաւ հայրապետական հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ, առընթերակայութեամբ Համազասպ վրդ. Քէշիշեանի եւ Կոմիտաս քհնյ. Տատաղլեանի, եւ երգեցողութեամբ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Ալեմշահ երգչախումբին։

Ս. Աւետարանի ընթերցումէն ետք, Գերապայծառ Տէրը տուաւ յաւուր պատշաճի քարոզ մը։ Ան նախ գոհութիւն եւ փառք տուաւ Ամենակալին, որ այսօր արժանի դարձուց մեզ՝ որպէս հաւատքի բերդ այս մատուռը վերաօծելու յետ վերաշինութեան, որպէսզի կարողանանք աղօթք բարձրացնել առ Աստուած մեր ննջեցեալներուն հոգիներուն փրկութեան համար։ Քարոզի աւարտին, ան գնահատական խօսքեր ուղղեց Կոմիտաս քհնյ. Տատաղլեանին, գերեզմանատան յանձնախումբին եւ բոլոր անոնց որոնք իրենց աջակցութիւնը բերին վերաշինութեան աշխատանքներուն։

Պատարագի աւարտին, Հ. Կ. Միութեան շեփորախումբին, երգչախումբին, դպիրներու եւ վարդապետներու շքեղ թափօրով մը Գերապայծառ Տէրը ուղղուեցաւ դէպի Յուշակոթող, ուր տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում համայնքիս յանձնախումբերուն կողմէ եւ ապա կատարուեցաւ Կարգ Բարեխօսութեան մեր Անմահն Նահատակներուն։

Նշենք որ յիշեալ մատուռը կառուցուած է 1993-ին Հայր Գաբրիէլ ծ.վ. Գասպարի եւ իր եղբօր՝ Պետրոսի նուիրատուութեամբ։

Հալէպ, 24/04/2018

ԿՈՄԻՏԱՍ ՔՀՆՅ. ՏԱՏԱՂԼԵԱՆ