«Emerging Europe»։ Արեւի քաղաքը իր հիմնադրման 2800-ամեակը պիտի նշէ

«Emerging Europe»։ Արեւի քաղաքը իր հիմնադրման 2800-ամեակը պիտի նշէ

Եւրոպական յայտնի «Emerging Europe» ամսագիրը, իր հերթական թիւին մէջ, անդրադարձած է Երեւանին եւ ներկայացուցած այս տարի հիմնադրման 2800-ամեայ պատմութիւնը նշող քաղաքի զբօսաշրջային գրաւչութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ Armedia.am-ը։

Ներկայացնելով Հայաստանի եւ համայն հայութեան մայրաքաղաքը՝ ամսագիրը պատմական ակնարկին մէջ մասնաւորապէս նշած է, որ աշխարհի ամենահին քաղաքներէն մէկը՝ Երեւանը, հիմնադրուած է ՔԱ 782 թուականին Արգիշտի I արքային կողմէ, որուն մասին կը վկայէ Էրեբունի ամրոցին մէջ հնագիտական պեղումներուն ընթացքին յայտնաբերուած սեպագիր արձանագրութիւնը:

Անդրադառնալով զբօսաշրջիկները ամենաշատ հետաքրքրող թեմային, թէ ուր այցելել եւ ինչ տեսնել Երեւանի մէջ, ամսագիրը կ՛առաջարկէ այցելութիւններու ծրագիրին մէջ ներառել մայրաքաղաքի թանգարան-հնավայրերը: Իբրեւ առաջին կանգառ՝ ամսագիրը կը կատարէ տարածաշրջանի ամենայայտնի հնավայրերէն մէկուն՝ Էրեբունի պատմահնագիտական ամրոց-թանգարանը:

«Emerging Europe»-ը Երեւանի մէջ այցելութեան պատմական կարեւորագոյն կէտերէն համարած է նաեւ Շէնգաւիթ հնավայրը՝ ընդգծելով, որ երկրի ամենայայտնի հնագիտական պրոնզեդարեան յուշարձաններէն մէկը անտարբեր չի ձգեր պատմութեան սիրահարները: Պատմական գրաւչութիւններու շարքին մէջ առանձնացուած է նաեւ Կարմիր բլուրը, ուր յայտնաբերուած է Թէյշեբաինի ամրոցը:

«Ժամանակակից Երեւանը, մօտ 1,3 միլիոն բնակչութեամբ, Հայաստանի տնտեսական, քաղաքական ու մշակութային կեդրոնն է: Անիկա կը ներառէ Հայաստանի պատմական 11 մայրաքաղաքներուն փառքն ու պատմութիւնը եւ կը համարուի բոլոր հայերուն մայրաքաղաքը: Թէեւ Երեւանը Հռոմէն 29 տարի մեծ է, այսօր անիկա ժամանակակից քաղաք է, որուն ներկայ արտաքին տեսքը ձեւաւորուած է 20-րդ դարու կէսերուն: Այս տարի Երեւանը կը նշէ իր հիմնադրման 2800-ամեակը»,- կը նշուի Issuu առցանց հարթակին վրայ տեղադրուած յօդուածին մէջ:

Ներկայացնելով ժամանակակից Երեւանը՝ ամսագիրը առանձին «EVN
festivals2018» սիւնաշարով անդրադարձած է ամրան Երեւանի մէջ նախատեսուող աւելի քան 60 մարզամշակութային ձեռնարկներուն՝ յատուկ ուշադրութեան արժանացնելով երեւանեան փառատօները: Առաւել մեծ հետաքրքրութիւն ներկայացնողներու շարքին ամսագիրը ներկայացուցած է հայկական խոհանոցային հարուստ աւանդոյթներուն ծանօթանալու հնարաւորութիւն ընձեռող «Համով հոտով Երեւան», ազգային հագուստներու «Երեւան Տարազֆէսթ» եւ «Երեւանի գարեջուր»-ի փառատօները, որոնք ամէն տարի դէպի Երեւան կը բերեն մեծաթիւ զբօսաշրջիկներ:

Յօդուածին մէջ «Emerging Europe»-ը կը յիշեցնէ, որ Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակի հիմնական ձեռնարկները պիտի իրականացուին Սեպտեմբեր 29-ին եւ
30-ին:

Ձեռնարկներուն ամբողջական ցանկին եւ մանրամասնութիւններուն ծանօթանալու համար ամսագիրը կ՛առաջարկէ օգտուիլ քաղաքի յոբելեանին ընդառաջ գործարկուած՝ www.yerevan2800.am կայքէն:

Տեղեկացնենք նաեւ, որ Կեդրոնական եւ Արեւելեան Եւրոպան լուսաբանող «Emerging Europe» ամսագիրը, որ կը տարածուի նաեւ Եւրոպայի գործարար միջավայրին վրայ, իր հրապարակման մէջ անդրադարձած է նաեւ Երեւանի ներդրումային հետաքրքրութիւններուն եւ գրաւչութիւններուն՝ ընդգծելով այս մասով Հայաստանի մայրաքաղաքին տրուած միջազգային գնահատականներն ու քաղաքային իշխանութիւններու պատրաստակամութիւնը՝ աջակցելու մասնաւոր հատուածի հետ համագործակցութեան զարգացման:

Ք.ա. 9-րդ դարուն Հայկական լեռնաշխարհի Վանայ լիճի աւազանին մէջ յառաջացաւ Վանի հայկական (Արարատեան) թագաւորութիւնը, որ ժամանակի ամենազարգացած տէրութիւններէն էր: Արգիշտի Առաջինի տիրակալութեան 5-րդ տարին կառուցեցաւ նոր բերդաքաղաք:

«Խալդ աստուծոյ մեծութեամբ Արգիշտին` Մենուայի որդին, այս անառիկ ամրոցը կառուցեց եւ անուանեց էրեբունի քաղաք` ի հզօրութիւն Բիայնիլի երկրի եւ ի սարսափ թշնամիներու: Արգիշտին կ՛ըսէ… Հողն ամայի էր, այստեղ ես մեծ գործեր կատարեցի: Խալդ աստծոյ մեծութեամբ Արգիշտի` Մենուայի որդի, արքայ հզօր, արքայ Բիայնի երկրի, տէրը Տուշպայ քաղաքի»:

Նոյն այս արձանագրութիւնը հնարաւորութիւն տուած է յստակեցնելու Երեւանի հիմնադրման տարեթիւը` ք.ա. 782 թուական, եւ կը համարուի քաղաքի «ծննդական»ը: Էրեբունի-Երեւանը հիմնադրուած է Հռոմէն 29 տարի առաջ, Բաբելոնի ու Նինուէի հասակակիցն է, բայց, ի տարբերութիւն վերջիններուս, դարձած է 21-րդ դարու ծաղկուն քաղաքներէն մէկը:

«Էրեբունի-Երեւան»-ի առաջին պաշտօնական տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ 1968 թուականի Հոկտեմբերին, երբ կը նշուէր մայրաքաղաքի հիմնադրութեան 2750-րդ տարեդարձը: Յոբելեանական հանդիսութիւնները տեւած են մօտ մէկ շաբաթ: Այդ օրերուն հրատարակուած են Երեւանի պատմութիւնը ներկայացնող նոր գիրքեր, ցուցադրուած են Երեւանի առօրեան արտացոլող նոր ֆիլմեր, բացուած են ցուցահանդէսներ, ստեղծուած Երեւանի մասին նոր երգեր, իսկ 2750-հոգինոց երգչախումբը առաջին անգամ կատարած է «էրեբունի-Երեւան» օրհներգը:

Նշանակալից իրադարձութիւններէն էր նաեւ Երեւանի հիմնադրման թանգարանի բացումը Արին-բերդ բլուրի ստորոտին: Թանգարանին յարող փողոցը անուանակոչուեցաւ «Էրեբունի», բացուեցաւ 2750 շատրուաններով պուրակը, աղբիւր- յուշարձան տեղադրուեցաւ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, նախագծուեցաւ «Էրեբունի» գորգը, 2750 ծառ տնկուեցաւ Արին-բերդի ստորոտին, իսկ յոբելեանական բազմաթիւ ձեռնարկները եզրափակուեցան Հանրապետական մարզադաշտին մէջ` հանրահաւաք-տօնահանդէսով:

Քաղուած «Եռագոյն»էն