Կը պատկանիմ սերունդի մը, որ ծնաւ լիբանանեան պատերազմի խաւարամած օրերուն:
Կը պատկանիմ սերունդի մը, որ աճեցաւ ու մեծցաւ սեւ ամպերով քօղարկուած Լիբանանի սուգի օրերուն:
Կը պատկանիմ սերունդի մը, որ մինչեւ օրս կ՛ապրի դաժան ու անգութ հետեւանքները վիրաւոր ու խոցուած Լիբանանի մը:
Կը պատկանիմ սերունդի մը, որ ապրեցաւ Լիբանանը ամբողջութեամբ քայքայելու ու թաղելու փորձի պահերը եւ ապա փախուստ տալու փորձութիւնը։
Այսուհանդերձ, այսօր՝ մարդիկ մեծամասնութեամբ, թերեւս ալ բոլորը, յաճախ կը տարուին երանի տալու այդ օրերուն, ըսելով. «Երանի՛ պատերազմի օրերուն, երբ միմիայն ռումբերու մտահոգութիւնը ունէինք, իսկ հիմա, մտահոգուելու պատճառները բազմաթիւ են, ի միջի այլոց անակնկալ պատերազմներու վախը»:
Մինչ քրիստոնեայ աշխարհը կ՛ապրի Յիսուս Քրիստոսի փառաւոր սուրբ Յարութեան տօնը, Լիբանան կը պատրաստուի խորհրդարանական ընտրութիւններու, որով, ըստ թեկնածուներուն, երկիրը թռիչք պիտի առնէ եւ սաւառնի դէպի բարձունքներ: Կարծէք լիբանանցիներուն վիճակուած է այս տարի երկրորդ քառասնորդաց մը ապրիլ, երկրորդ աւագ շաբաթ մը, որ կը նախանշէ յարութիւնը Լիբանանի:
Հանրային կարծիքը ուշագրաւելու համար, Լիբանանը ամբողջութեամբ զգեցած է ժպտերէս եւ երբեմն ալ լրջադէմ դիմանկարներով, տպաւորիչ ու խոստումնալից բնաբաններով ու լոզունգներով. բոլոր հաղորդամիջոցները, իրենց առօրեայ սովորական յայտագիրները զանց առնելով, լծուած են թեկնածուներու «շինիչ ու խոստումնալի» ծրագիրներու քարոզչութեան: Թեկնածուները ոչ մէկ ճիգ կը խնայեն համոզելու քաղաքացիները քուէարկելու եւ անշուշտ… նախընտրելու զիրենք, սակայն պահ մը հարց կու տամ թէ որքանո՞վ իրենք՝ ի խղճէ, համոզուած են իրենց թեկնածութեան կարեւորութեան: Նոր կեանք պարգեւել յաւակնողը պէտք է գիտակցի հինի պայմաններու անտանելիութեան եւ շրջապատը խաւարէն դուրս բերելու իր կարողութեան։
Իւրաքանչիւր թեկնածու, ընտրուի կամ ոչ, հիմնաւորելու է իր անձն ու գաղափարախօսութիւնը, իր գործունէութիւնն ու ծրագիրները, իր երեսփոխանական միտքն ու սիրտը, երկու հարկաւոր ու ծանրակշիռ սկզբունքներու վրայ՝ առաջին հերթին, վկայէ ճշմարտութեան, եւ երկրորդ՝ ծառայէ հասարակաց բարիքին համար: Բոլորն ալ իսլամ թէ քրիստոնեայ, կը հաւատան Աստուծոյ, եւ կը հաւատան թէ Աստուած միակ ճշմարտութիւնն է, որմէ կը բխին բոլոր առաքինութիններն ու շնորհքները, որոնց կարիքն ունին կառավարելու ու առաջնորդելու համար Լիբանանն ու լիբանանցիները: Որով անոնք դառնալու են իսկական ու օրինակելի վկաները այս միակ Ճշմարտութեան, որուն Խօսքը պէտք է ըլլայ իրենց քաղաքական ճանապարհորդութեան ուղեցոյցը: Իսկ հասարակաց բարիքը առաջնահերթ մտատանջութիւնը ըլլալու է թեկնածուներուն կեանքին մէջ: Մարդուն իրաւունքները դառնալու են իրենց գլխաւոր մտահոգութիւնը, որպէսզի արդարօրէն ու արժանապատուութեամբ ապրին այլեւս քաղաքացիները: Ըստ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականին, հասարակաց բարիքը կը բովանդակէ էական երեք տարրեր: Նախ, ան կ՛ենթադրէ յարգանքը մարդու անձին, որպէսզի ինքն ալ կարենայ իր կարգին ազատօրէն իրագործել իր կոչումը: Երկրորդ՝ կը խնդրէ ընկերային բարեկեցութիւնը եւ բարգաւաճումը, որ կ՛ընդգրկէ ընկերային բոլոր պահանջները՝ սնունդ, զգեստ, առողջութիւն, աշխատանք, կրթութիւն եւ մշակոյթ, պատշաճ լրատուութիւն, իրաւունք հիմնելու ընտանիք: Վերջապէս՝ հասարակաց բարիքը կ՛ենթադրէ խաղաղութիւն, այսինքն՝ անդամներուն ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը: Հասարակաց բարիքը եղած է որպէսզի քաղաքացիները միշտ յառաջդիմեն, աճին ու մեծնան իրենց երկրին մէջ: Եւ որպէսզի թեկնածուները, ապագայի նոր երեսփոխանները, կարենան իրագործել ասիկա, արծարծելու են իրենց միջեւ համագործակցութեան, համերաշխութեան ու երկխօսութեան հոգին:
Միակ վախս այն է որ մայիս 6-ը լիբանանեան սուտի օրուայ չի վերածուի, ինչպէս ապրիլ 1-ը համաշխարհային սուտի օր հռչակուած է: Անշուշտ ժամանակը ցոյց կու տայ։
Յամենայն դէպս, մինչ այդ, յաջողութիւն կը մաղթենք բոլոր թեկնածուներուն, միշտ յուսալով որ Լիբանանը վերջապէս պիտի արժանանայ այնքան սպասուած նոր կեանքի:
Ս.Կ.