«Ես ձեզի կը նմանիմ»

«Ես ձեզի կը նմանիմ»

Այս օրերուն Լիբանանը ամբողջ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կը պատրաստուի։ Թեկնածուներու մեծադիր դիմանկարներով եւ քարոզչական լոզունգներով գեղատիպ պաստառներ ողողած են շէնքերուն ճակատները, փողոցներն ու հրապարակները։ Իւրաքանչիւր թեկնածու ընտրած է նշանաբան մը, որպէսզի անով շրջանակելով իր պատկերը, համոզէ լիբանանցիները իրեն քուէարկելու, հանրութեան ցոյց տալով թէ ինք ինչպիսի վսեմ նպատակներու համար պիտի աշխատի՝ անշուշտ եթէ ընտրուի, հակառակ անոր որ նշանաբանները այլեւս այնքան ալ համոզիչ կամ ազդեցիկ չեն նկատուիր ընտրական պայքարներու մէջ, մանաւանդ եթէ անոնք հրամցուին նախապէս ընտրուած երեսփոխաններու կողմէ, որոնք ոչ մէկ դրական հետք թողած են, իրենց գործունէութիւններուն ու ծառայութիւններուն ընդմէջէն։ Հանրային կարծիք ձեւաւորելը կամ անոր ուղղութիւն տալը, տարիներու դաստիարակչական աշխատանքի արդիւնք կրնայ ըլլալ, եւ ոչ թէ ընտրութեան նախապատրաստութեան օրերու նշանաբաններով կատարուիլ, մանաւանդ եթէ քաղաքացին արդէն իսկ իր ամբողջ վստահութիւնը կորսնցուցած է պետական այրերու հանդէպ ընդհանրապէս։

Ահա թէ ինչու կարելի չէ հեգնական ժպիտով մը չնայիլ կարգ մը ընտրական նշանաբաններու, որոնցմէ մէկուն դիմաց՝ որ կ՛ըսէր «Ես ձեզի կը նմանիմ», պահ մը ապշահար կանգ առի, հարց տալու համար թէ այս խօսքին հեղինակը, որ նոր կամ վերընտրութեան թեկնածու մը ըլլալու է, որքանո՞վ ինծի կը նմանի։ Անձնական ի՞նչպիսի սկզբունքներու կամ զգացումներու վրայ յենուելով է որ այս նշանաբանը որդեգրած է , եւ կամ ընդհանրապէս ընկերային եւ տնտեսական ո՞ր չափանիշները զինք մղած են որպէսզի ինքզինքը ինծի նմանցնէ:

Սիրելի թեկնածու, քեզի որ կ՛ուզես ինծի նմանիլ, եւ կամ իմ անձս քեզի նմանցնել, մի քանի հարցեր ունիմ ներկայացնելիք։

Արդեօք ինծի նման տնտեսական ու նիւթական դաժան օրեր կ՛ապրի՞ս: Քու կեանքդ ալ հիմնաւորուա՞ծ է պարտքերու վրայ:

Արդեօք հաշիւ կ՛ընե՞ս, երբ գնումի երթաս, թէ ի՛նչ կարող ես գնել, եւ ինչ կարող չես, ոչ թէ չգնել, այլ՝ ոչ իսկ մտածել զայն օր մը ունենալու մասին։

Արդեօք ինծի պէս, ամէն օր, խճողումի կը մատնուի՞ս, թէ՞ քեզի համար բոլոր ճամբաները կը բացուին, որպէսզի հանգիստ զգաս եւ երբեք ջղային վիճակի չմատնուիս։

Արդեօք երբ հիւանդանաս, նիւթական տարբեր տեսակի հաշիւներ կ՛ընե՞ս նախքան բժիշկի երթալդ։ Մինչեւ իսկ կը փորձե՞ս դուն քեզ համոզել որ հիւանդ չես, եւ կրնաս ցաւի դեղ մը առնելով բուժուիլ։ Իսկ եթէ հնարաւորութիւնը ունեցար բժիշկի երթալու, կարո՞ղ ես անոր յանձնարարած դեղերու շարքը ամէն ամիս ապահովել։

Արդեօք ամսականդ բաւարա՞ր է ապրուստդ ապահովելու համար, թէ՞ ամսուն կիսուն կը սնանկանաս։ Ամսականէդ բան մը մէկդի դնելու մասին կը մտածեն զաւակներդ ուրախացնելու համար գեղեցիկ նուէրով մը, դեռ չեմ խօսիր անշուշտ ճամբորդութիւններու մասին, որոնք կը մնան երազ շատերուս համար։

Արդեօք ջուրի եւ ելեկտրականութեան պակասը ապրա՞ծ ես։ Անոնց վճարումներու ստացագիրները մտահոգա՞ծ են քեզ։

Արդեօք աղբերու հոտը կը շնչե՞ս, թէ՞ միշտ պատսպարուած ես անուշահոտներով։

Արդեօք գիտե՞ս ի՛նչ կը նշանակէ անգործ ըլլալ, լքուած ու աղքատ, անտուն ու մուռացկան։

Արդեօք գիտե՞ս ի՛նչ կը նշանակէ անօթի ըլլալ։ Գիտե՞ս ինչ կը նշանակէ բեռնիդ պատառը զաւակիդ տալ, որովհետեւ բաւարար չէ երկուքիդ համար։

Դեռ բազմաթիւ այլ մտահոգութիւններ ալ կան զորս հաւանաբար չունիս։

Քաջ գիտնալով որ դրամը ամէն բան չի լուծեր, վստահ որ մտահոգութիւններ ունիս։ Բայց, իմ մտահոգութիւններս չունիս, որով նոյնիսկ մտահոգութիւններուդ մէջ չես նմանիր ինծի։

Հիմա ըսէ՛ ինծի, ի՞նչ բանով ինծի կը նմանիս։

Հակառակ այս բոլոր դժուարութիւններուն, որոնց դէմ յանդիման կը դնես զիս եւ ցաւ կը պատճառես ինծի, պէտք է իմանաս թէ որքան որ ալ դժգոհ ու յուսահատ քաղաքացի ըլլամ, երբեք չեմ դադրիր ուրախ եւ յուսալից հաւատացեալ ըլլալէ, եւ տակաւին կարող եմ, հանգիստ խղճով, ըսել. «Փառք Աստուծոյ»։ Դուն կարո՞ղ ես։

ՍԵՊՈԻՀ ՎՐԴ. ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ