ՈՐՈ՞ՆՔ ԵՆ ԼԱՒԱԳՈՅՆՆԵՐԸ…

ՈՐՈ՞ՆՔ  ԵՆ  ԼԱՒԱԳՈՅՆՆԵՐԸ…

– Բան մը հասկցա՞ր քուէարկութեան նոր օրէնքէն…։
– Փորձեցի…։

– Այս «լիստա»ներու խնդրէն յայտնի եղա՞ւ ո՛վ որուն հետ է, ով որուն դէմ…։
– Մօտաւորապէս…։

– Ուրե՞մն. պիտի քուէարկե՞ս թէ՞ ոչ…։
– Տեսնենք։ Կը մտածեմ։ Դեռ ժամանակ կայ…։

– Թեկնածուներուն ծանօ՞թ ես…։ Մաաշալլա շատ են։ Հիներ եւ նորեր…։
– Նկարները տեսայ եւ կենսագրականները կարդացի։

– Ի՞նչ է կարծիքդ…։
– Երեւոյթով համակրելի, լաւ վկայականներով մարդիկ են։ Կին թեկնածուներուն թիւն ալ աւելցած է։

– Լաւ նշան է, չէ՞…։
– Կիներու ներկայութիւնը երբ գէշ նշան եղած է որ…։

– Կը կարծե՞ս որ մեր թեկնածուները պէտք եղած արաբերէնը ունին…։
– Կը յուսամ։ Նոյնիսկ վստահ եմ։ Բայց կարեւորը միայն լեզուն չէ անշուշտ. կը յուսամ որ այդ պաշտօնին յարմար մարդիկ են։ Գիտես որ երգելու համար միայն գեղեցիկ ձայն ունենալը բաւարար չէ, պէտք է նաեւ «ճի՛շդ ականջ» ունենալ։ Կը յուսամ որ ընտրելիները «the right man in the right place» մարդիկ են…, ինչպէս կ’ըսեն անգլիացիները։

– Շատ լաւ, ուրեմն ի վերջոյ, որո՞ւն պիտի քուէարկես, եթէ գաղտնիք չէ…։
– Տեսնենք…։

– Որո՞նք կը կարծես որ կը շահին…։
– Կը յուսամ որ լաւագոյնները…։ Արժանաւորները։ Քեզ ու զիս իրապէս ներկայացնելու արժանիները…։

– Իսկ քու կարծիքովդ որո՞նք են այդ լաւագոյնները, եղբա՛յր…։
– ……………………………………………………….

Անճրկեցայ պատասխանելու։ Լուռ մնացի։

Լռութեամբս վերջ գտաւ բարեկամիս հարցումներու տարափը։ Սառնասիրտ պատասխաններս եւ այնքան սպասուող ընտրութիււններուն հանդէպ նախանձախնդրութեամբ համեմուած անտարբերութիւնս ցոյց տուող կեցուածքս յայտնապէս զարմացուցած էին զրուցակիցս, որ չոր «Ց»ով մը հեռացաւ։ Ան հեռացաւ, բայց անոր հետ սկսուած զրոյցը շարունակեցի այս անգամ ես ինծի հետ, ի զուր փորձելով պատասխան մը գտնել անոր վերջին հարցումին…։ Որո՞նք են լաւագոյնները…։

Այս տողերը ընթերցողին հասած օրը հաւանաբար ընտրութիւններուն արդիւնքները յայտնի եղած կ’ըլլան։ Սակայն, այդ արդիւնքներն անգամ չեն կրնար յստակեցուցած ըլլալ զրուցակցիս վերջին հարցումին պատասխանս, որովհետեւ ժամանակը միայն ցոյց կու տայ եւ մնացողները կը տեսնեն թէ որո՞նք են լաւագոյնները…։

30/03/2018

Ս. Ն.