ՀԱՅԱՍՏԱՆ՝ ԱՐՄԱՏԱԿԱՆ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒԵՐԿՈՒՆՔԻ ՄԷՋ

ՀԱՅԱՍՏԱՆ՝ ԱՐՄԱՏԱԿԱՆ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒԵՐԿՈՒՆՔԻ ՄԷՋ

ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ՓՈԽԱՆՑՈՒՄԻ ՄԵԿՆԱՐԿԸ

Հայաստանին եւ համայն հայութեան համար 2 մարտ 2018, Ուրբաթ օրը շրջադարձային նշանակութիւն ներկայացնող օր մըն էր։ Որովհետեւ, այդ օր առաջին անգամն ըլլալով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը կատարեց Ազգային Ժողովը ազդանշանը տալով երկրին նախագահականէն խորհրդարանական համակարգի անցումին, ինչ որ կը հանդիսանայ ժողովրդավարացման ճանապարհին վրայ նետուած կարեւոր քայլ մը։ Արդարեւ, Ազգային Ժողովի պատգամաւորներու 90-ին թեր եւ 10-ին դէմ քուէարկութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան 4-րդ նախագահ ընտրուեցաւ Արմէն Սարգսեան, որ յառաջիկայ եօթը տարիներուն համար իր լիազօրութիւնները հանդիսաւորապէս ստանձնած ըլլալով ապրիլի 9-ին, Ազգային Ժողովի յատուկ նիստի մը ընթացքին, աւարտին հասաւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի լիազօրութիւններուն ժամկէտը եւԿարէն Կարապետեանի գլխաւորած կառավարութիւնը ներկայացուց իր հրաժարականը։

Նորացուած Սահմանադրութեան համաձայն եւ անով նախատեսուած կարգով, Հայաստանի Հանրապետութեան 4-րդ նախագահի ընտրութեան՝ ապրիլի 17-ին յաջորդեց Հանրապետութեան նախորդ եւ Հանրապետական կուսակցութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի նշանակումը վարչապետ՝ դարձեալ խորհրդարանի մեծամասնութեան (77 թեր եւ 17 դէմ) ձայներով։

Serge

Յայտնապէս, Հանրապետութիւնը կը նորոգէր իր պետական կառավարման համակարգի տարազը, նախագահականէն անցում կատարելով դէպի խորհրդարանական՝ նորացուած (բարեփոխուած) Սահմանադրութեամբ, նո՛րընտիր նախագահով, նո՛րանշանակ վարչապետով, նո՛րակազմ կառավարութեամբ եւ, ինչ որ ամէնէն կարեւորն է, լիազօրութիւններու եւ պարտականութիւններու նորաձեւ բաշխումով, որով մինչ այդ Հանրապետութեան նախագահին վերապահուած պարտականութիւններ ու լիազօրութիւններ կը փոխանցուէին նորանշանակ վարչապետին, ինչ որ բացայայտ կը դարձնէր այն իրողութիւնը որ կատարուածը նախագահականէն ոչ թէ խորհրդարանական այլ վարչապետական եւ ոմանց կարծիքով, աւելին՝ դէպի միապետական համակարգի փոխանցում է: Ասիկա բացայայտ շեղում մը նկատուեցաւ (բարե)փոփոխութիւններուն նպատակէն որ սկզբունքով իշխանութեան եւ լիազօրութիւններու մէկ անձի վրայ ապակեդրոնացումով եւ որոշումները հաւաքական հաւանութեան (խորհրդարանական մեծամասնութեան) արդիւնք դարձնելու սկզբունքով առաջնորդուելով՝ ժողովրդավարական կարգ ու կանոնի ամրագրումը ըլլալու էր։

ԲԱԺԱԿԸ ՅՈՐԴԵՑՆՈՂ ԿԱԹԻԼԸ…

Այս իրականութիւնը յայտնապէս բաժակը յորդեցնող կաթիլը եղաւ։

Արդարեւ, մինչ նորանշանակ վարչապետը կը ձեռնարկէր նոր կառավարութեան կազմութեան երեք փոխ վարչապետներու նշանակումով, ծայր կու տար Սերժ Սարգսեանի վարչապետութեան դէմ եւ անոր հրաժարումը պահանջող ժողովրդային բուռն շարժում մը, «Ելք» ընդդիմադիր կուսակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանին առաջնորդութեամբ եւ որ աստիճանաբար, յաջորդող տասը օրերու ընթացքին աննախընթաց ծաւալ ստացաւ ժողովրդային լայն խաւերու մասնակցութեամբ, բողոքի ցոյցերով, երթերով, հանրահաւաքներով, գործադուլներով, դասադուլներով, մայրաքաղաքի ճամբաներու վրայ նստացոյցերով, երթեւեկութեան խափանումով եւ անշուշտ ոստիկանութեան միջամտութիւններով։ Ժողովրդական այս պոռթկումը օր ըստ օրէ աւելի համատարած դարձաւ՝ մայրաքաղաքի սահմաններէն դուրս գալով, տարածուելով շրջաններ եւ մինջեւ իսկ իր արձագանգը գտնելով արտասահմանի մէջ, հաւաքներով հայկական դեսպանատուներու դիմաց։ Բոլոր կողմերէն եւ բոլոր մակարդակներու վրայ արձակուած հանդարտութեան, սթափութեան, ինքնազսպումի, զգօնութեան եւ երկխօսութեան կոչերը ապարդիւն մնացին։ Այսուհանդերձ, ի պատիւ թէ՛ ցուցարար ամբոխներուն եւ թէ ոստիկանութեան եւ հակառակ փոխադարձ սպառնալիքներուն, զգալի էր կարմիր գիծերը չանցնելու երկուստեք ցուցաբերուած զգուշութիւնը։ Յանդուգն քայլով մը, Հանրապետութեան նորընտիր նախագահը, Արմէն Սարգսեան մտաւ ցուցարարներուն մէջ համոզելու համար Նիկոլ Փաշինեանը որ ընդառաջէ երկխօսութեան իր կոչին եւ հանդիպում ունենայ Սերժ Սարգսեանին հետ։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ, սակայն ապարդիւն եղաւ, Փաշինեան մերժած ըլլալով Սերժ Սարգսեանի հրաժարելու պայմաններէն տարբեր բանի մասին խօսիլ, ըսելով որ իշխանութիւնը այլեւս կը գտնուի ժողովուրդին ձեռքը։ Իր կարգին ըսելով որ ընտրութիւններուն 7-8 առ հարիւր ձայն ստացած կուսակցութիւնը իրաւունք չունի պահանջ ներկայացնելու, Սերժ Սարգսեան մեկնեցաւ Մարիոթ հիւրանոցէն ուր տեղի կ’ունենար հանդիպումը։ Յաջորդ օրը կէսօրին, Սերժ Սարգսեան ներկայացուց իր հրաժարականը յայտարարութեամբ մը, ուր կ’ըսէր թէ «Նիկոլ Փաշինեանը ճիշդ էր։ Ես սխալուեցի։ Փողոցի շարժումն իմ պաշտօնավարման դէմ է։ Ես կատարում եմ ձեր պահանջը»։

ԲԱՐԵՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԵՐԿՈՒՆՔ ՄԸ…
ՈՐՈՒՆ ՏԵՒՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆՈՐՈՇ Է

Հակառակ Սերժ Սարգսեանի հրաժարումին վարչապետի պաշտօնէն, տագնապալի կացութեան հանգուցալուծման նշոյլներ չյայտնուեցան, դժբախտաբար։ Ընդհակառակը։ Իշխանութեան եւ ընդդիմադրութեան միջեւ փոխ զիջումներու վրայ հիմնուած համաձայնութեան մը ակնկալութիւնները չարդարացան, ինչպէս ի յայտ եկաւ Կարէն Կարապետեանին, որ առաջին փոխ վարչապետի պաշտօնէն ինքնաբերաբար վարչապետի պաշտօնակատարի պաշտօնը ստանձնած էր, եւ Նիկոլ Փաշինեանին միջեւ Չորեքշաբթի առտու տեղի ունեցած առաջին հանդիպումէն ետք։ Յայտնապէս, նոր վարչապետի մը նշանակումին եւ նոր կառավարութեան մը ձեւաւորումին աշխատանքը նոր Սահմանադրութեամբ ճշդուած պայմանաժամէն շատ աւելի երկար ժամանակի կրնայ կարօտիլ եւ գործընթացը դնել սահմանադրական նոր պարտաւորութիւններ կատարելու ստիպողութեան առջեւ։ Յուսանք որ այս տողերուն մինչեւ ընթերցողին հասնիլը արձանագրուելիք անխուսափելի զարգացումները դրական ուղղութեամբ ընթանան, որպէսզի այս թաւշեայ յեղափոխութեան նպատակին՝ արմատական բարեփոխութիւններուն երկունքը երկար չտեւէ եւ նոր բարդութիւններու պատճառ չդառնայ։ 

Yerevan

ԻՐԱԿԱՆ ՆՈՐԸ ԵՒ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՂԹԵՆՔ…:

Մինչ այդ, կարելի չէ չնկատել որ համակարգային փոփոխութիւններու եւ արմատական բարեփոխութիւններու գործընթացի թոհուբոհին մէջ արձանագրուած «նոր»ութիւններուն մէջ իրակա՛ն եւ յուսադրի՛չ նորը՝ նախագահական պաշտօնին վրայ Արմէն Սարգսեանին նման՝ ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ յարգուած, գնահատուած, քաղաքագէտի, դիւանագէտի ու տնտեսագէտի, միջազգային տնտեսական կառոյցներու հետ արդիւնաւէտ յարաբերութիւններու հսկայական փորձառութեամբ հարուստ անձնաւորութեան մը ներկայութիւնը եւ անոր առաջադրանքներն են, որոնք արժանացան համահայկական անվերապահ հաւանութեան եւ զորս իրականացնելու համար, սակայն, ան նաեւ Աստուծոյ օգնութիւնը հայցեց, Է. դարու Վեհամօր Աւետարանին եւ Հայաստանի Սահմանադրութեան մայր օրինակին վրայ ձեռքը դրած՝ կատարելէ ետք նախագահական երդումը, որով կ՛երդնուր նաե՛ւ իր ամբողջ ներուժը ներդնել ազգային միասնութեան ամրապնդման գործին, գոչելով «Աստուած ինծի օգնական»։

Թող թոյլատրուի մեզի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Արմէն Սարգսեանի երդման արարողութենէն ետք արտասանած խօսքէն շեշտադրել երկու կէտեր՝ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք միասնութեան համակողմանի ամրապնդումը՝ յանուն համազգային նպատակներու իրականացումին, եւ պետական համակարգէն ներս, հասարակութեան մէջ, մեր շրջապատէն ներս առկայ բոլոր բացասական եւ արատաւոր երեւոյթներուն, «կոռուպցիայից մինչեւ սոցիալական անարդարութեան, անտարբերութենէն մինչեւ անպատասխանատուութեան դէմ միասին հետեւողական պայքար մղելու» հրամայականութիւնը։ «Պէտք է բարձրացնել հանրութեան վստահութիւնը արդարադատութեան նկատմամբ, ինչ որ հնարաւոր է միայն դատական համակարգէն ներս կառուպցիայի բացառմամբ», ինչ որ կը կարծենք թէ այնքան ակնկալուած հիմնական բարեփոխութիւններէն եւ արտագաղթը արգելակելու եւ հայրենադարձութիւնը խթանելու պայմաններէն մէկն է եթէ ոչ գլխաւորը, ինչպէս նկատել տուած ենք բազմիցս՝ նշելով որ իշխանութիւններուն կողմէ գործուած կամայականութիւնները միայն Հայաստանին յատուկ չեն, սակայն տարբեր երկիրներու մէջ քաղաքացիներու փախուստի պատճառ չեն ըլլար. անոնք բարձրաղաղակ կը բողոքեն, իրենց ընդվզումը կ’արտայայտեն օրէնքով թոյլատրուած հանրահաւաքներով, սակայն երկրէն չեն հեռանար, որովհետեւ համոզուած են թէ վերջին հաշուով պետական պաշտօնատարը եւ շարքային քաղաքացին արդարադատութեան առջեւ հաւասար են, արդարադատութիւնը չի կաշառուիր ու խտրութիւն չի դներ քաղաքացիներուն միջեւ։

Ըսելով որ Հայութեան կողմէ իր վրայ դրուած յոյսերը արդարացնելու համար իրեն ուժ տուողը իր հաւատքն է, «հաւատքը՝ մեր երկրի եւ ժողովուրդի ապագային հանդէպ, հաւատքը՝ Հայաստանի քաղաքացիներու եւ աշխարհասփիւռ մեր քոյրերու ու եղբայրներու տոկունութեան, աշխատասիրութեան ու տաղանդին հանդէպ», նախագահ Արմէն Սարգսեան իր խօսքը աւարտեց վստահեցնելով որ պիտի կերտենք Հայրենիք՝ աշխարհի բոլոր հայերուն համար՝ գոչելով «Աստուած պահապա՛ն բոլորիս»։

Կրճատուած լիազօրութիւններով հանդերձ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան
4-րդ նախագահը, Աստուծոյ օգնութեամբ եւ պաշտպանութեամբ՝ ինչպէս ըսաւ ինք, վստահ ենք որ գէթ «բան մը պիտի փոխէ» դրական ուղղութեամբ։ «Բան մը», որ «ճիշդ քայլերով ընթանալու» պարագային՝ պիտի նպաստէ տեղի ունեցած փոփոխութիւնները մեկնարկը դարձնելու հասարակութեան կողմէ այնքան ակնկալուած արմատական բարեփոխութիւններուն եւ «21-րդ դարը դարձնելու մերը»։

Որո՞նք են այդ «ճիշդ քայլերը»… Ժամանակը ցոյց պիտի տայ։

25/04/2018

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ