Նարեկացիի արձանի բացման եւ օրհնութեան արարողութիւնը Վատիկանի պարտէզներուն մէջ

Նարեկացիի արձանի բացման եւ օրհնութեան արարողութիւնը Վատիկանի պարտէզներուն մէջ

Հինգշաբթի՝ 5 ապրիլ 2018-ին, Վատիկանէն ներս կը տիրէր հայկականութեամբ դրոշմուած մթնոլորտ մը։ Արդարեւ, հոն, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին շուրջ համախմբուած էին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը եւ իր գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները, Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. կաթողիկոսներն ու Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց՝ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը, որոնք եկած էին մասնակցելու Գրիգոր Նարեկացիի արձանի բացման ու օրհնութեան արարողութեան։ Նախքան բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ներկայ եղան նաեւ Հայ եւ Լատին  բարձրաստիճան հոգեւորականներ եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ, Սրբազան Քահանայապետը յաջորդաբար առանձնազրոյցներ ունեցաւ նախագահ Սերժ Սարգսեանին եւ երկու վեհափառներուն հետ։ Ապա ժամը12-ին, Վատիկանի պարտէզներուն մէջ ան նախագահեց  Ժ. դարու հայ մեծանուն բանաստեղծ, փիլիսոփայ եւ աստուածաբան Գրիգոր Նարեկացիի արձանին բացման արարողութեան։ Յիշեցնենք որ 12 ապրիլ 2015-ին Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապը Նարեկացին հռչակած էր Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ։

Սրբազան Քահանայապետին ժամանումը ողջունուեցաւ Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանի ժառանգաւորներու հնչեցուցած «Թարգմանչաց» շարականով, ապա տեղի ունեցաւ աւետարանական ընթերցում քաղուած Յովհաննէս աւետարանիչէն (Գլ. 15, 9-17), ուր Յիսուս կը փոխանցէ իր սիրոյ պատուիրանը ըսելով «սիրեցէք զիրար ինչպէս ես ձեզ սիրեցի» եւ աւելցնելով որ «Զկայ աւելի մեծ սէր, քան իր կեանքը զոհել բարեկամներուն համար»։

Աւետարանէն ետք արտասանուեցաւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» աղօթագիրքէն հատուած մը։ Ապա Քահանայապետը օրհնեց արձանը «այս նշանաւ, Սուրբ Խաչիւս եւ սուրբ Աւետարանաւս եւ աւուր շնորհիւ, անուամբ Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ»։ Հուսկ տեղի ունեցաւ արձանի քօղազերծումը ձեռամբ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Միքայէլ Մինասեանի։

Արարողութիւնը շարունակուեցաւ Արամ Ա. Վեհափառի պաղատանքի աղօթքով, որուն յաջորդեց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին աղօթքը, հուսկ Գարեգին Բ. Վեհափառին աղօթքը։ Արարողութիւնը եզրափակուեցաւ Տէրունական աղօթքով, որմէ ետք Ֆրանչիսկոս Պապը՝ Հայ Եկեղեցւոյ երեք հովուապետերուն հետ միասին առաքելական օրհնութեամբ արձակեցին ներկաները վերջ տալով Նարեկացիի արձանի բացման եւ օրհնութեան պատմական արարողութեան։

ԱՐՁԱՆԸ

Շուրջ երկու մեթր բարձրութեամբ պրոնզէ արձանը ձուլուած է Չեխիոյ մէջ։ Հեղինակը՝ Հայաստանի ժողովրդական նկարիչ, քանդակագոծ Դաւիթ Երեւանցին է։ Ճարտարապետը՝ Միքայէլ Հասրաթեան։ Այս նախաձեռնութիւնը իրականութիւն դարձած է դեսպան Միքայէլ Մինասեանի եւ ռուսաստանաբնակ յայտնի գործարար Արթուր Ջանիբեկեանի բարերարութեամբ եւ Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան մշակոյթի բաժնի պատասխանատու Վարդան Կարապետեանի կազմակերպական ջանքերուն շնորհիւ։ Արձանը պատրաստուած է երկու օրինակով. մէկը տեղադրուեցաւ Վատիկանի մէջ, իսկ երկրորդը պիտի տեղադրուի Էջմիածնի մէջ։ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը յոյս յայտնած է որ Պապը կ՛ընդառաջէ Էջմիածնի մէջ տեղադրուելիք արձանի բացման արարողութեան մասնակցելու հրաւէրին։

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի արձանը կը հարստացնէ հայկական ներկայութիւնը Վատիկանէն ներս։ Արդարեւ, բացի Նարեկացիի արձանէն, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի օրով, Վատիկանի մէջ զետեղուած է նաեւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի հսկայական արձանը եւ Բենեդիկտոս ԺԶ.ի օրով բացումը կատարուեցաւ նաեւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի անուան գաւիթին՝ արձանին դիմաց։ Եւ վերջապէս, Վատիկանի պարտէզներու Լուրտի Տիրամօր քարայրին մօտ զետեղուած է Գարեգին Ա.ին կողմէ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ին նուիրուած խաչքար մը, իսկ ուրիշ խաչքար մը զետեղուած է Վատիկանի թանգարաններուն մէջ։

ՊԱՊԻՆ ԵՒ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԻՆ ՀԵՏ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ՝ ՍԻՐԱԼԻՐ

Ինչպէս տեղեկացուցին վատիկանեան լրատուամիջոցները (ZENIT եւ Ռատիօ Վատիկան), հինգշաբթի, 5 ապրիլ 2018-ին, առաւօտեան, Վատիկանի Առաքելական պալատին մէջ Ֆրանչիսկոսս Սրբազան Քահանայապետը ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը, որուն հինգերորդ տեսակցութիւնն էր Պապին հետ, որ Երեւան այցելած էր 2016-ին իբրեւ ուխտաւոր առաջին քրիստոնեայ երկիր։ Քահանայապետի հետ հանդիպումէն ետք նախ. Սարգսեան հանդիպում ունեցած է նաեւ Վատիկանի պետական քարտուղար՝ կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, Վատիկանի այլ պետութիւններուն հետ յարաբերութեան բաժանմունքի քարտուղար գերապայծառ Փոլ Կալլակերին ներկայութեան:

N2

Այս հանդիպումներու մասին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին կողմէ իտալերէնով, սպաներէնով եւ անգլերէնով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի թէ «սիրալիր հանդիպումներու ընթացքին, զրուցակիցները իրենց ջերմ գոհունակութիւնը յայտնեցին Սուրբ Աթոռին եւ Հայաստանի միջեւ գոյութիւն ունեցող ջերմ յարաբերութիւններուն համար։ Անոնք նաեւ ընդգծեցին թէ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի՝ Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետին արձանին Վատիկանի պարտէզներուն մէջ բացման արարողութիւնը առիթ մը եղաւ աւելի եւս քաջալերելու երկու պետութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հայ Առաքելական եւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւնները»։

N3

Հանդիպումներու ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ տարածաշրջանի քաղաքական իրավիճակի մասին, եւ զրուցակիցները մաղթած են հակամարտութիւններու խաղաղ լուծում մը։ Անոնք շօշափած են նաեւ միջազգային այժմէական այլ հարցեր, ինչպէս նաեւ քրիստոնեաներու եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու իրավիճակին հայող հարցեր, յատկապէս պատերազմական թատերաբեմերու վրայ։

Պապին հետ գլուխ-գլխի հանդիպումի ընթացքին, Հայաստանի նախագահը Պապին յայտնած է իր պատրաստակամութիւնը Սուրբ Աթոռին հետ յարաբերութիւնները զարգացնելու եւ խորացնելու՝ ի խնդիր հոգեւոր եւ մշակութային կապերու ամրապնդումին։