ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ ԱՐՁԱՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ՄԵԾԱԽՈՐՀՈՒՐԴ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ՏՊԱՒՈՐԻՉ ՊԱՏԿԵՐՆԵՐԷՆ ԱՆԴԻՆ

ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ ԱՐՁԱՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ՄԵԾԱԽՈՐՀՈՒՐԴ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ՏՊԱՒՈՐԻՉ ՊԱՏԿԵՐՆԵՐԷՆ ԱՆԴԻՆ

Ոչ միայն հայաստանաբնակ եւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը  հետեւեցաւ Վատիկանի պարտէզներուն մէջ կանգնեցուած Գրիգոր Նարեկացիի արձանի բացման արարողութեան, այլ համայն քրիստոնեայ աշխարհը եւ ոչ միայն։  Արդարեւ, ապրիլի 5-ին միջազգային լրատուամիջոցներուն լուսարձակները անգամ մը եւս կեդրոնացած էին Վատիկանի վրայ ուր այդ օր հայկականութեամբ դրոշմուած մթնոլորտ կը տիրէր։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը շրջապատէին համայն Հայութեան պետական եւ հոգեւոր առաջնորդները՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ամենայն Հայոց եւ Տանն Կիլիկիոյ  Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. Կաթողիկոսները, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը՝ բոլորը համախմբուած Գրիգոր Նարեկացիի առ Աստուած պաղատական նայուածքին դիմաց։

Բազմամիլիոն մարդիկ դիտեցին։ Ուրախութեամբ եւ արդար հպարտութեամբ դիտեցին մանաւանդ հայեր, բայց քանինե՞ր հասկցան այդ իրադարձութեան պատմական խորհուրդը, անոր նշանակութիւնն ու կարեւորութիւնը գէթ Հայութեան համար։

Արդարեւ, ինչքա՜ն խորհուրդ կար այդ պատմական իրադարձութեան մէջ։ Կը բաւէր հոգեւոր ու մտաւոր աչքերով տեսնել փորձել պարզունակ, բայց մեծախորհուրդ արարողութենէն եւ տպաւորիչ պատկերներէն անդին, հասկնալու համար որ անգամ մը եւս աշխարհին ուշադրութիւնը հրաւիրելով առաջին քրիստոնեայ երկրին վրայ, յիշեցնելով որ Հայաստան կոչուած այս փոքր երկիրը օճախն է աշխարհին Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետի մը նման աստուածաշնորհ մեծ արժէքներու ծնունդ տուած Մեծ Ազգի մը, Ֆրանչիսկոս Պապը կը հրաւիրէր իւրաքանչիւր հայ գիտակցելու թէ իրաւամբ փոքր երկրի, բայց Մեծ Ազգի զաւակ է եւ կոչուած է արդարացնելու իր այդ հանգամանքը։

Հայկական պետութեան ղեկավարը եւ Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր պետերը Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի հովանիին ներքեւ համախմբելու Պապին նախաձեռնութիւնը յայտնապէս միայն էօքիւմենիզմի նախանձախնդրութենէ չէր բխեր, այլ անոր մէջ կար Հայ ժողովուրդին միասնականութեան, միասնական ըլլալու խորհուրդը։ Ան հրաւէր մըն էր համախմբուելու Հայ Ազգը միասնականացնող եւ յաւերժացնող հոգեւոր ու մարդկայնական, աւանդական եւ պատմական արժէքներուն շուրջ, միասնաբար հանդէս գալու համար այդ արժէքներու պաշտպանութեան ու տարածումի դիրքերուն վրայ։ Այդ միասնականութեան խորհրդանիշը եղաւ Նարեկացին առ Աստուած իր պաղատական աղօթքներուն մէջ, ոչ միայն իր ժողովուրդին, այլ համայն մարդկութեան բարօրութեան ի խնդիր։

12 ապրիլ 2015-ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ, Գրիգոր Նարեկացիին Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակումով բացուած ոչ միայն Կաթողիկէ եւ Առաքելական երկու Եկեղեցիներուն միջեւ, այլ ընդհանրապէս Վատիկանի եւ Հայաստանի ու Հայութեան միջեւ եղբայրական յարաբերութիւններու ճանապարհին վրայ՝ ե՛ւս հայանպաստ հանգրուան մըն էր 5 ապրիլի արարողութիւնը։ Ան նաե՛ւ նորագոյն մէկ արտայայտութիւնն էր Հայաստանին եւ Հայ ժողովուրդին հանդէպ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի սիրոյն եւ համարումին, Հայ ժողովուրդը մէ՛կ ու միասնակա՛ն տեսնելու անոր աղօթալից մաղթանքին, զորս արդարացնելու կոչուած ենք ազգովին՝ մեր երախտագիտութիւնը արտայայտող վկայութիւններով բոլոր՝ պետական, եկեղեցական եւ ժողովրդական մակարդակներու վրայ։

6/4/2018

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ