Աստուծոյ Ստեղծագործութիւնը շատ բարի է

Աստուծոյ Ստեղծագործութիւնը շատ բարի է

Աստուած ամէն բան բարի ստեղծեց։ Բարի բառը հայերէն լեզուին մէջ յառաջ կու գայ «բարք» բառէն, որ կը հայի մարդուն բնածին վիճակին, ինչ որ կը նշանակէ թէ մարդ ի ծնէ բարի է, այնպէս ինչպէս զինք ստեղծեց Աստուած՝ իր պատկերին ու նմանութեան համաձայն։ Մարդ, բնոյթով չի կրնար չար ըլլալ, որովհետեւ Աստուծոյ պատկերը դրոշմուած է իր մէջ, սակայն՝ սատանային մղումով է որ ան չար կը դառնայ։ Աստուած երկրագունդն ամբողջ բարի ստեղծեց, որով կը նշանակէ թէ ամէն բան սկիզբէն բարի է։

Սկիզբէն, մարդկութիւնը՝ ստեղծուած ազատ Աստուծոյ կողմէ, կը շարունակէ Աստուծոյ ծրագիրը՝ մասնակից դառնալով անոր ստեղծագործութեան եւ շարունա-կելով ստեղծագործել։ Դարերու ընթացքին, մարդը արտադրեց մշակութային, արուեստագիտական եւ գրական բազմիցս երկեր, արձանագրեց գիտական եւ արհեստագիտական անհաւատալի յառաջդիմութիւններ, ունեցաւ տարբեր մօտեցումներ Աստուծոյ նկատմամբ։ Այսօրուան աշխարհը, որուն մէջ կ՛ապրինք, մեզի փոխանցուեցաւ մեր նախորդներէն. անոնցմէ ժառանգեցինք այն ինչ որ իրենք ուզեցին յանձնել մեզի: Ժառանգեցինք աշխարհ մը որ կը տարուբերի Աստուծոյ շնորհքներուն եւ մարդուն մեղքերուն միջեւ:

Այսօր աւելի քան երբեք մարդ արարածը պատասխանատու պէտք է դառնայ աշխարհին։ Ապագան չէ գրուած կամ արձանագրուած տեղ մը, ապագան պիտի ըլլայ այնպէս ինչպէս մենք կ՛ուզենք զայն կերտել։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը կոչուած է եղբայրսիրութեան եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած աշխարհ մը կառուցանելու։ Աստուած մեզ կը հրաւիրէ մատակարարելու մեզի յանձնած մնասները ըսելով. «Շահագործեցէ՛ք զանոնք, մինչեւ որ ես գամ» (Ղուկաս 19,13)։ Հետեւաբար, ժամանակ չի վատնենք լուծում գտնել փորձելով մեր անձնական հարցերուն, ընդլայնենք մեր նայուածքը եւ փորձենք մարդկայնացնել երկրագունդը։ Աշխարհը պէտք է արժանապատուութեամբ գոյատեւէ։

Անշուշտ մենք չենք կրնար Աստուծոյ Արքայութիւնը «կերտել» մեր անձնական ուժերով. կերտած կ՛ըլլանք «մարդուն արքայութիւնը», իր բոլոր ապերախտ ու տկար պայմաններով, մեղապարտ վիճակի սահմաններով։ Աստուծոյ Արքայութիւնը պարգեւ մըն է, բարի ու գեղեցիկ պարգեւ մը, որ յոյս կը ներշնչէ։ Այս պարագային սխալ է «արժանանալ» բայը օգտագործել երբ Արքայութեան մասին կը խօսինք, սխալ է ըսել. «արժանի եմ կամ պիտի արժանանամ Արքայութեան շնորհիւ իմ գործերուս, շնորհիւ իմ բարի վարք ու բարքիս»։ Աստուծոյ Արքայութիւնը կը մնայ միշտ մեր արժանիքէն աւելի վեհ ճշմարտութիւն մը. դարձեալ կ՛ըսեմ թէ ան պարգեւ մըն է։ Որպէս գիտակից հաւատացեալներ, հասուն քրիստոսասէրներ, պէտք է բացուածք ունենանք Աստուծոյ վրայ, որ միակ ճշմարտութիւնն է, սէրը եւ բարին, որպէսզի կարենանք այս աշխարհին տալ պատկերն Արքայութեան:

Կարեւոր է լաւ օգտագործել ու արժեւորել գեղեցկութիւնը, որովհետեւ ան ճանապարհն է հաւատալու. գեղեցկութիւնը միշտ եղած է աւետարանելու ուղին: Աշխարհի գեղեցկութիւնը, իր աստուածային փայլքով ու նշոյլով, պէտք է մեծնայ ու նոյնանայ իւրաքանչիւր անհատի ներքին գեղեցկութեան հետ:

Ոեւէ ընտանիք կարիքը ունի տունի, վայրի մը ուր կրնայ յարաբերութիւններ հաստատել իր անդամներուն միջեւ։ Իսկ երբ հարցը կը վերաբերի մեծ ընտանիքին, որ համայն մարդկութիւնն է, աշխարհը կը դառնայ անոր տունը, զոր Արարիչը մեզի տուաւ որպէսզի հոն ապրինք որպէս ստեղծագործ եւ պատասխանատու արարածներ։ Ուստի պահպանելու ենք բնութիւնը, որ վստահուեցաւ մարդուն Աստուծոյ կողմէ, որպէսզի զայն մշակէ, պաշտպանէ, աճեցնէ, շատցնէ, լեցնէ, տիրէ ու իշխէ. «Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք ու ծովու ձուկերուն ու երկնքի թռչուններուն եւ երկրի վրայ սողացող բոլոր կենդանիներուն իշխեցէք» (Ծննդոց 1, 28): Մարդ՝ իր ազատ պատասխանատուութեամբ, կատարելու է այս առաքելութիւնը, որպէս չափանիշ ունենալով բոլորին բարիքը։

Մարդ արարածը կը վայելէ առաջնահերթ արժէքը բոլոր ստեղծագործութիւններուն մէջ: Որով բնութիւնը յարգել ու պահպանել չի նշանակեր նիւթը կամ անասունը մարդէն աւելի կարեւոր արարածներ նկատել. մարդ իր բարի վերաբերմունքով աշխարհին հանդէպ, կը մնայ միշտ գերադաս։ Անհատը պէտք չէ շահագործէ բնութիւնը եսասիրութեամբ, հպարտութեամբ, անհնազանդելով Աստուծոյ Խօսքին, ինչպէս ըրաւ առաջին մարդը, կարծելով թէ ամէն բան իրեն ենթակայ դարձնելով, պիտի տիրապետէ անոնց վրայ փնտռելով իր անձնական շահերը ու քմահաճոյքները։ Յաջորդ սերունդները եւս իրաւասու են վայելելու աշխարհի գեղեցկութիւնը, ստեղծագործութեան բարիքները։ Պէտք չէ երբեք մոռցուին աղքատները, որոնք դժբախտաբար, ուժի եւ հարստութեան տէր չըլլալով, կը հեռացուին լաւէն ու գեղեցիկէն։ Մարդկութիւնը կը խեղաթիւրէ աշխարհի հաւասարակշռութիւնը։

Աշխարհը մեզ միացնող տունն է, մեզ մէկ ընտանիք դարձնող վայրն է, որու հետ պէտք է երկխօսութեան մէջ մտնենք: Խօսինք բնութեան հետ, անասունին հետ, ինչպէս անոնք իրարու հետ կը խօսին իրենց յատուկ ոճով: Նոյնիսկ լռութիւնը կրնայ երբեմն մեզ միացնող լեզուն ըլլալ: Սակայն այն ինչ որ կը պատահի այսօր այս տան հանդէպ անընդունելի, անհաճոյ ու անախորժ ոճիր մըն է հանդէպ Ստեղծիչին, ոճիր մըն է որ պէտք է խստիւ դատապարտուի: Արմատական եւ ամբողջական լուծումի կարիքը կայ բնապահպանումի, տնտեսական, ընկերային, մշակութային եւ կրօնական բոլոր տագնապներուն, որոնք կը վնասեն մարդուն, եւ որոնք ուղղակիօրէն առընչուած են արդարութեան հարցին հետ: Բնապահպանումի ճիշդ մօտեցումը ինքնաբերաբար ընկերային մօտեցում մըն ալ կ՛ընդգրկէ, որովհետեւ հոն կանչուած ենք լսելու միանգամայն հողին եւ աղքատին բողոքը:

world 2

Տասնամեակներէ ի վեր, բնապահպանումի կազմակերպութիւններն ու միութիւնները կը փորձեն լուծումի մը յանգիլ: Հակառակ անոր որ վիճակը հրատապ է, սակայն լուծման ընթացքը շատ դանդաղօրէն կը զարգանայ: Բազմաթիւ են անշուշտ արգելքները՝ անհամաձայնութիւնը մեծ պետութիւններու, միջազգային կազմակերպութիւններու տկար ու ձախող քաղաքական միջամտութիւնները, անտարբերութիւնը իւրաքանչիւր անհատի, կոյր վստահութիւնը արհեստագիտութեան, երազատես ու ցնորամիտ ծրագիրները: Թերեւս եթէ լուծումը նիւթական մեծ շահեր ու հարստութիւններ ապահովելու առիթ ըլլար, վստահ որ անմիջապէս ելքերու պիտի յանգէինք, նոյնիսկ եթէ հարկ ըլլար պատերազմներ մղել անոր համար: Հարուստ երկիրները միշտ փափաքը ունին աղքատ երկիրներու գոյութեան, որպէսզի իշխեն ու տիրապետեն անոնց, օգտագործեն զանոնք, շահագործեն ու չարաչար աշխատցնեն, եւ իրենց «ընկերվարական» օրէնքները պարտադրեն անոնց: Կը քանդենք աշխարհը գիտնալով հանդերձ թէ միշտ մենք՝ Մարդիկս, պիտի ըլլանք անոր զոհերը։ Բայց ոչինչ, կը քանդենք:

Հակառակ այս բոլոր մարտահրաւէրներուն, միշտ յոյս ունինք որ անգամ մը եւս մեր միացեալ տունը պիտի վերակառուցենք ու շքեղացնենք: Մեր լաւատեսութիւնը հիմնուած պէտք է ըլլայ Սուրբ Գիրքին վրայ: Օրինակ առնելով Նոյի Տապանը, կը հանդիպինք Աստուծոյ մը, որ առիթը կու տայ մարդկութեան նոր սկիզբի մը: Բաւարար էր մէկ բարի մարդու ներկայութիւնը, որպէսզի յոյսը իրագործուէր: Յոյսը մեզ կը հրաւիրէ ընդունելու որ միշտ ելքի ճամբայ մը կայ, կրնանք միշտ լուծում գտնել մեր հարցերուն: Ոչ մէկ դատ կը կորսուի այնքան ատեն որ մարդ արարածը հաւատք ունի բարիին, լաւին ու գեղեցիկին, ինչպէս նաեւ արդարութեան եւ ազատութեան:

Լուծման ընթացքը յառաջացնելու համար, առաջին հերթին հրաւիրուած ենք երկխօսութեան, որ կը պահանջէ մեզմէ համբերութիւն, զիջում եւ առատաձեռնութիւն, քաջ գիտնալով թէ երազային ու գաղափարականներու աշխարհէն պէտք է անցնինք իրականութեան: Երկխօսութիւնը պարտադրուած ուղին է՝ գիտութեան եւ կրօնքին միջեւ, հաւատքին եւ մտքին միջեւ, տարբեր աւանդութիւններու, մշակոյթներու եւ համայնքներու հաւատացեալներու միջեւ, արհեստին եւ մարդկային տարբեր լեզուներու միջեւ, քաղաքականութեան եւ տնտեսագիտութեան միջեւ, օրէնքներուն եւ գիտութեան միջեւ, բնապահպանողական տարբեր շարժումներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու միջեւ: Երկխօսութեան մէջ մտնել կը նշանակէ մերժել գաղափարախօսական դիրքերը եւ մասնայատուկ շահերը: Խոհեմութեամբ արժեւորելու ենք բնութեան հաւասարակշռութիւնը, ապահովելով կայուն աճում ու զարգացում, յարգելով իւրաքանչիւրին արժանապատուութիւնը։ Համերաշխ պէտք է ըլլալ թէ՛ այսօրուան եւ թէ ապագայի սերունդներուն հետ։ Խոհեմ ըլլալ կը նշանակէ միասնաբար որոշում տալ, ամրապնդելու համար յարաբերութիւնը մարդուն եւ բնութեան միջեւ, որ պէտք է ըլլայ հայելին Աստուծոյ սիրոյն, որմէ եկանք եւ որուն պիտի երթանք։ 

Լուծումներու ծիրին մէջ, նաեւ հրաւիրուած ենք մեր անհատականութենէն դուրս գալու: Թէեւ աշխարհը մեզ կը մղէ ստեղծելու մեր մէջ եսակեդրոնացումի եւ եսասիրութեան հոգին, սակայն, որպէս հաւատացեալ մարդիկ, մեր հետաքրքրութիւնը գրաւելու է ուրիշը։ Աստուած երբ սիրոյ երկու պատուիրանները տուաւ մարդուն, երբեք չի հրաւիրեց զինք սիրելու ինքզինքը, ընդհակառակն՝ ըսաւ պիտի սիրես թէ՛ Տէր Աստուածդ, թէ՛ ընկերդ: Ուրիշին մօտ երթալ եւ ուրիշով հետաքրքրուիլ ու զբաղիլ, անոր ծառայելով եւ օգտակար դառնալով, ասիկա բանալին է գեղեցիկ ու բարի աշխարհի մը: Բնութիւնն ու անասունը եւս պիտի դառնան մարդուն հետաքրքրութիւնը գրաւող ճշմարտութիւններ: Բազմաթիւ սուրբեր դարձած են բարեխօսներ անասուններու, որովհետեւ կարողացած են յատուկ վերաբերում ցուցաբերել անոնց հանէպ, խօսակցիլ անոնց հետ, հոգ տանիլ անոնց, սիրել զանոնք: Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացին, բարեխօսը բնապահպանողականներու, յատուկ սէր ունէր անասուններուն հանդէպ, այնպէս որ զիրենք եղբայրներ եւ քոյրեր կը կոչէր, եւ յաճախ կը քարոզէր անոնց: Սուրբ Անտոն Անապատականի տօնին աւանդութիւն է օրհնել անասունները: ԺԹ. դարերէն իսկ, Սրբազան Քահանայապետները քաջալերած են անասուններու պահպանութիւնը:

Բնապահպանումի դաստիարակութիւնը եւս կարեւոր տեղ կը գրաւէ արմատական լուծումի մը որոնումին մէջ։ Այս դաստիարակութիւնը ստեղծելու է բնապահպանողական քաղաքացիութիւն, մշակելու է հաստատ առաքինութիւններ եւ արժէքներ, եւ աճեցնելու է ինքնանուիրումի հոգին՝ աւելիով յանձնառու ըլլալու համար այս մարզէն ներս։ Այս բնապահպանողական դաստիարակութիւնը պէտք է ըլլայ Աստուծոյ տանող ճամբան, որովհետեւ երբ արդար կ՛ըլլանք, ուրիշին իրաւունքները պաշտպանենք, պահպանենք ու յարգենք ամէն բան որ մեր շուրջ կը գտնուի, ինքնաբերաբար բարի ճամբուն վրայ կ՛ըլլանք։

Ոչ մէկ ճիգ պէտք է խնայել սորվելու եւ սորվեցնելու բնութեան տարրերուն օգտագործման լաւագոյն կերպերը։ Խնայել օգտագործումը թուղթին, կերպընկալին (plastique), ջուրին, զատել աղբերը, եփել միայն այն ինչ որ տրամաբանօրէն կրնանք ուտել, զգուշութեամբ վերաբերիլ ուրիշներուն հետ, օգտագործել հանրային փոխադրամիջոցները, ծառ ցանել, մառել անօգուտ լոյսերը։

Բնապահպանողական հոգեխօսութիւնը, որ հիմնուած է Աստուածաշունչին եւ քրիստոնէական աւանդութիւններուն ու փորձառութիւններուն վրայ, օգտակար է մեր մէջ աճեցնելու քրիստոնէական յանձնառութիւնը։ Վերանորոգելու ենք մեր յարաբերութիւնը մեր շուրջ գտնուող աշխարհին հետ, ուրիշներուն հետ եւ Աստուծոյ հետ։ Ժամանակ տրամադրենք վերագտնելու խաղաղ ներդաշնակութիւնը ստեղծագործութեան հետ, մտածենք մեր ապրելակերպին ու գաղափարախօսութիւններուն մասին, խորհրդածենք մեր Արարիչին մասին, որ կ՛ապրի մեր մէջ եւ կը շրջապատէ մեզ, եւ որու ներկայութիւնը պէտք է զգացուի ամէն բանի մէջ։

Կարեւոր է որ քրիստոնեայ հաւատացեալները, որոնք մշտատեւ շնորհակալութիւն կը յայտնեն Աստուծոյ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդով, գիտակից ըլլան ու զայն կատարեն համայն Ստեղծագործութեան անունով, ցանկալով սրբագործել երկրագունդը։ Սուրբ Հաղորդութիւնը կը լուսաւորէ մարդկութիւնը եւ ամբողջ աշխարհը։ Երկիրը պարզապէս մարդկութեան վայրը չէ, այլ Աստուծոյ պարգեւած բարիքն է, ուր կանչուած ենք ապրելու որպէս զաւակներ միակ Աստուծոյ։ Հացը եւ գինին, որոնք կը դառնան Յիսուս Քրիստոսի Մարմինն ու Արիւնը, երկրի պտուղներն են՝ ցորենն ու խաղողը։ Սուրբ Հաղորդութեան եւ երկրագունդին միջեւ կը գտնենք մեծ յարաբերութիւն մը, որ սկիզբ առաւ Քրիստոսի յարութեամբ, նոր Ադամով։ Ստեղծագործութիւնը մշտական նորոգութեան մէջ է, ստեղծագործութեան մէջ է. «Հայրս կը գործէ մինչեւ հիմա, եւ ես ալ կը գործեմ» (Յովհաննէս 5,17), եւ մենք անոր կը մասնակցինք շնորհիւ մկրտութեան խորհուրդին։ Ուստի սնանելով Սուրբ Հաղորդութեամբ, մասնակից կը դառնանք նոր Աշխարհին, նոր Երկինքին, նոր Երուսաղէմին։

SONY DSC

Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիին հետ միասին օրհնենք բնութեան գեղեցկութիւնները, մեր միացեալ տունը, երկրագունդին բարիքները, որուն հետ կը բաժնեկցինք մեր գոյութիւնը, ըսելով.

«Ամենակարող եւ Բարեգութ Տէր Բարձրեալն,

Քեզի գովք, փառք, պատիւ
եւ ամէն օրհնութիւն
Քեզի՛ միայն կը վայելեն, ով Բարձրեալն,
եւ ոչ ոք արժանի է քու անունդ տալու:

Գովեալ ըլլաս դուն, Տէր իմ, բոլոր արարածներուդ հետ,
յատկապէս եղբայր Արեւին հետ,
որուն միջոցաւ մեզի կը պարգեւես օրը, լոյսը:
Գեղեցիկ է ան, մեծ փայլքով ճառագայթող,
եւ կը խորհրդանշէ քեզ, ով Բարձրեալն:

Գովեալ ըլլաս դուն, Տէր իմ, քոյր Լուսինին եւ աստղերուն համար.
Երկինքին մէջ դուն զանոնք կազմեցիր,
Պայծառ, թանկագին եւ գեղեցիկ:

Գովեալ ըլլաս դուն, Տէր իմ, եղբայր Հովին համար,
եւ օդին ու ամպերուն համար,
խաղաղ երկինքին եւ բոլոր եղանակներուն համար,
որոնց շնորհիւ դուն կենդանի կը պահես բոլոր արարածները:

Գովեալ ըլլաս դուն, Տէր իմ, մեր քոյր Ջուրին համար,
որ շատ օգտակար է, եւ շատ խոնարհ,
թանկագին ու մաքուր:

Գովեալ ըլլաս դուն, Տէր իմ, եղբայր Կրակին համար,
որուն միջոցաւ կը լուսաւորես գիշերը.
գեղեցիկ է ան եւ ուրախ,
անզուսպ եւ ուժեղ:

Գովեալ ըլլաս դուն, Տէր իմ, մեր քոյր՝ մայր Հողին համար,
որ մեզ կը կրէ եւ կը սնուցանէ,
որ կ՛արտադրէ պտուղներու այլազանութիւնը,
Երփնազարդ ծաղիկներուն եւ խոտերուն հետ:

Գովեալ ըլլաս դուն, Տէր իմ, անոնց համար՝
որոնք կը ներեն քու սիրոյդ համար,
որոնք կը հանդուրժեն փորձանքներն ու հիւանդութիւնները:
Երջանիկ են եթէ պահպանեն խաղաղութիւնը,
որովհետեւ քեզմէ, ով Բարձրեալն, պիտի պսակուին:

Գովեալ ըլլաս դուն, Տէր իմ,
Մեր քոյր մարմնաւոր Մահուան համար,
որմէ ոչ մէկ կենդանի արարած կրնայ խուսափիլ:

Վա՛յ անոնց որոնք կը մեռնին մահացու մեղքով,
Երանի անոնց, զորս մահը անակնկալի կը բերէ քու կամքդ կատարելու պահուն,
Որովհետեւ երկրորդ մահը պիտի չկարենայ անոնց վնասել:

Գովեցէք եւ օրհնեցէք իմ Տէրս,
Գոհութիւն յայտնեցէք եւ ծառայեցէք անոր
ամենայն խոնարհութեամբ»:

(Արարածներու Օրհներգը, սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացի)

ՍԵՊՈԻՀ ՎՐԴ. ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ