30000 քմ. Հայաստան` Վենետիկի մէջ Կամ՝ ինչպէս Նափոլէոն Պոնափարթ ակադեմիա հռչակեց Սուրբ Ղազարը

30000 քմ. Հայաստան` Վենետիկի մէջ Կամ՝ ինչպէս Նափոլէոն Պոնափարթ ակադեմիա հռչակեց  Սուրբ Ղազարը

Վենետիկի ծոցի մերձաւոր ջուրերուն մէջ կը գտնուի Հայոց Սուրբ Ղազար կղզին: Ան կը պատկանի Մխիթարեան միաբանութեան: Կղզիին մէջ սկիզբը բորոտներ ապրած են, սակայն 1717ին կղզին տրուած է հայ կաթողիկէ վարդապետներուն, եւ Մխիթար Սեբաստացին իր 17 վարդապետներով կառուցած է վանքը, վերականգնած է եկեղեցին, կղզին ընդլայնուած է մինչեւ 30 000 քմ:

Ժամանակին, երբ Նափոլէոն Պոնապարթ գրաւած է Վենետիկը, անոր հրամանով փակուած են բոլոր վանքերը, սակայն Մխիթարեան հայրերը իրենց ազդեցութեան եւ հեղինակութեան շնորհիւ կրցած են Նափոլէոն Պոնափարթէն գործելու իրաւունք ստանալ: Անոնք համոզած են Փոնափարթը, որ Սուրբ Ղազարը լոկ հոգեւոր կեդրոն չէ, այն գիտական, մշակութային հզօր հաստատութիւն է, որուն շնորհիւ յատուկ հրամանագրով Սուրբ Ղազարին շնորհուած է ակադեմիայի կարգավիճակ:

Սուրբ Ղազար կարելի է մեկնիլ ջրային թրամվայով, որուն մուտքին հայատառ կը կարդանք` «Բարի եկար, հայրենակից»: Այստեղ այցելուներուն կղզիին պատմութիւնը կը ներկայացուի մի քանի լեզուով: Սուրբ Ղազարը յաճախ կը հիւրընկալէ գիտնականներ, մշակոյթի մարդիկ, ուսանողներ եւ դպրոցականներ աշխարհի շատ երկիրներէ: Սուրբ Ղազարին մէջ կը պահուի 150000 անուն գիրք, աւելի քան 4000 ձեռագիր, եգիպտական, հնդկական, արաբական արուեստի նմոյշներ, Կիլիկեան Հայաստանի առաջին արքա Լեւոն Ա. Մեծագործի սուրը եւ այլն: Անգամ ուրարտական շրջանի նմոյշներ ցուցադրուած են հոն, ինչպէս նաեւ հնագոյն եգիպտական մոմիա, որը նուէր է բարերարի կողմէ:

Սուրբ Ղազարի մէջ կը պահուի Կոմիտաս վարդապետի մահադիմակը: Երբ Կոմիտասը վախճանած է Փարիզի մէջ, Մխիթարեան հայրերը ծածուկ, բժշկական խալաթներով մտած են այն սենեակը, որտեղ Կոմիտասի մարմինը կը գտնուէր ու ստացած են անոր մահադիմակը:

1816-ին Սուրբ Ղազարի մէջ եղած է նաեւ լորտ Ճորճ Պայրոնը, որ հայոց լեզուն ուսումնասիրած է եւ գրած է բառարան, որ անաւարտ մնացած է:

Սուրբ Ղազարում են գտնւում Հեսիոդոսի, Հովհան Ոսկեբերանի, Փիլոն Ալեքսանդրացու վաղ թարգմանութիւնները, որոնց բնօրինակները այլեւս չկան, հայերէն ամենափոքր ձեռագիր աւետարանը, Յակոբ Մեղապարտի հրատարակած Ուրբաթագրքի օրինակը, 17-18 դարերու իտալական գեղանկարչութեան մեծագոյն ներկայացուցիչներ Ալեսանդրօ Լոնգիի, Լուչօ Տոնիաչիի, Անտոնիոյ Էրմոլաո Պաոլետիի եւ այլոց գործերը: Ի դէպ, Մխիթարեանները հեղինակաւոր թանգարաններու խնդրանքով այդ կտաւներէն որոշները կը տրամադրեն այդ թանգարաններուն ցուցադրութեան համար, պայմանով, որ անոր փոխարէն որեւէ հնագոյն ձեռագիր վերականգնեն, որովհետեւ Սուրբ Ղազարի մէջ, եւ ընդհանրապէս Վենետիկի մէջ, խոնաւութիւնը արուեստի նմոյշներու մեծագոյն թշնամին է:

Սուրբ Ղազարի թանգարանին մէջ կը պահուին Այվազովսկիի կտաւները, մասնաւորապէս՝ ծովանկարչի «Քաոսը», որ վերջերս Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութենէն բերուեցաւ Հայաստան եւ տեւական ժամանակ ցուցադրուեցաւ Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ` Այվազովսկիի ծննդեան 200-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսին: Յովհաննէս Այվազովսկիի տասնեակ գործերը Մխիթարեան միաբանութեան նուիրած է ծովանկարչին եղբայրը` Գաբրիէլ Այվազովսկին, որ հոգեւորական եղած է, լեզուաբան եւ մեծ մտածող, ան Մխիթարեան միաբանութեան մէջ կրթութիւն ստացած է:

Վենետիկի մէջ՝ հայկական համայնք, որպէս այդպիսին՝ չկայ, ընդամէնը մի քանի հայեր կ’ապրին, բայց հայկական հետքերը շատ են, որոնց շարքին` Վենետիկի սրտին վրայ գտնուող հայկական Սուրբ Խաչ եկեղեցին, Հայկական փողոցը` Galli dell Armeni-ին:

«Առավոտ»
20.03.2018

ԳՈՀԱՐ ՀԱԿՈԲԵԱՆ