«Աշխարհի ուժերը պատրուակ կը փնտռեն երկիրը քանդելու համար» կ՛ըսէ Հալէպի առաքելական փոխանորդը

«Աշխարհի ուժերը պատրուակ կը փնտռեն երկիրը քանդելու համար» կ՛ըսէ Հալէպի առաքելական փոխանորդը

«Սուրիոյ պատերազմին մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումները ցոյց կու տան որ ոչ ոք կը ցանկայ այս երկրին խաղաղեցումը։ Ընդհակառակը, կը թուի թէ շրջանային դերակատարներ եւ համաշխարհային ուժեր հակուած են աւելի բիրտ կերպով միջամտելու ու պատերազմը երկարաձգելու պատրուակ մը գտնելու» յայտարարած է Հալէպի Լատիններու առաքելական փոխանորդ՝ գերապայծառ Ժորժ Ապու Խազէն «Ասիա Նիուզ» գործակալութեան։ Ան նշած է թէ Սուրիան՝ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդէն խնդրած է «քննիչ յանձնախումբ» մը ուղարկել, սակայն հակասուրիական պլոքին ուժերը՝ «Միացեալ Նահանգներ, Մեծն պրիտանիա եւ Ֆրանսա» տրամադիր ըլլալ չեն թուիր որեւէ ողջամիտ լուծում ընդունելու։ Գերապայծառ Ապու Խազէն անհիմն պատրուակ կը նկատէ քիմիական զէնքերու գործածութեան մասին սուրիական վարչակարգին դէմ կատարուած ամբաստանութիւնները։

Անդրադառնալով Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Սուրիոյ ի նպաստ կոչին, գերապայծառ Ապու Խազէն կը հաստատէ թէ «Անոր խօսքերը արձագանգն են մեր կեցուածքին եւ կը համապատասխանեն մեր ամենամեծ իղձին՝ որ խաղաղութիւնն է»։

«Բնակչութիւնը մեծապէս մտահոգ է եւ վերջին օրերուն արձանագրուած յարձակումները ու մագլցումը կը սարսափեցնեն զինք։ Կը նկատենք որ մարդիկ պատրուակ կը փնտռեն մեր երկիրը քարուքանդ ընելու համար» կ’ըսէ գերապայծառ Ապու Խազէն։ Ան ապա յոյս կը յայտնէ որ վերադարձ կատարուի երկխօսութեան ու խաղաղութեան տրամաբանութեան «որուն համար ամէն օր կ՛աղօթենք» կ’ըսէ ան։

«Հարկաւոր է հասնիլ բաժնեկցուած լուծումի մը, սակայն եթէ ան հիմնուած չըլլայ ճշմարտութեան վրայ, դժուար պիտի ըլլայ, եւ անգամ մը եւս ասոր գինը պիտի վճարեն սուրիացի ընտանիքները, որոնք արդէն ընկճուած են տնտեսապէս, բարոյապէս եւ ընկերային գետնի վրայ այս անվերջանալի հակամարտութեան հետեւանքով» ըսած է Հալէպի Լատիններու Առաքելական Փոխանորդը։