Կիսասարկաւագութեան կարգ երեք միաբան ժառանգաւորներու՝ Կարօ, Վարդան եւ Լեւոն

Կիսասարկաւագութեան կարգ երեք միաբան ժառանգաւորներու՝  Կարօ, Վարդան եւ Լեւոն

Հինաւուրց Զմմառու Մայրավանքի՝ խնկաբոյր Ս. Կուսի Վերափոխման եկեղեցւոյ մէջ՝ Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան օրը, 1 ապրիլ 2018ին, առաւել ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտ մը կը թեւածէր: Արդարեւ, երեք միաբան ժառանգաւորներ՝ Կարօ, Վարդան եւ Լեւոն կիսասարկաւագութեան կարգը ստացան ձեռամբ՝ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Մեծաւոր՝ Հ. Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեանի:

Մեծաւոր Հայրը՝ իր քարոզին մէջ, օրուան խորհուրդին՝ Քրիստոսի Յարութեան ընդմէջէն, իր յանձնարարականներն ու յորդորները յղեց նորակոչ կիսասարկաւագներուն ըսելով. «Ամէն մարդու չէ, որ կը վիճակուի Տիրոջ ծառան դառնալ եւ անոր հօտը հովուել, եւ ամէն մարդու չէ, որ կ՛ընձեռուի Զմմառու Պատրիարքական Կղերի միաբանութեան ջահակիրն ու յետնորդը ըլլալու հնարաւորութիւնը, որովհետեւ ասիկա կ’ենթադրէ բծախնդիր մօտեցում եւ ժրաջան աշխատանք»:

BZ 2

Գերապայծառ Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեան՝ կիսասարկաւագին պարտականութեան ու պատասխանատուութեան անդրադառնալէ ետք, իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. « Հոգեւորականի կոչումը՝ ի վերուստ տրուած պարգեւ մըն է, որ կը շնորհուի անոնց, զորս Տէրը արժանի կը համարէ: Ուստի ձեզի վստահուած այս այնքան պատասխանատու կարգին արժանի կրողները եղէ՛ք։ Ամուր փարեցէ՛ք ձեր ուխտած Զմմառու Պատրիարքական Կղերի միաբանութեան, փայփայեցէ՛ք զայն եւ որպէս սրբազան աւանդ, զայն սերունդներուն փոխանցեցէ՛ք»:

Սուրբ եւ անմահ պատարագէն ետք, բոլոր հաւատացեալները թափօրով ուղղուեցան մայրավանքի դահլիճը ուր կատարուեցաւ տան օրհնութիւնը, որմէ ետք Զատկուայ ուրախ մթնոլորտի մէջ ներկաները մասնակցեցան հաւկթախաղին՝ հանգուցեալ Յովհաննէս վրդ. Օրջանեանի անուան բակին մէջ: