ՎԱՐԴԱՆԱՆՑԸ՝ ՀՈՍ ԵՒ ԱՆՄԻՋԱՊԷՍ

ՎԱՐԴԱՆԱՆՑԸ՝  ՀՈՍ ԵՒ ԱՆՄԻՋԱՊԷՍ

Հպարտալի եւ հրճուալի վեհ զգացումներով կրկին անգամ մեր յարգանքի տուրքը մատուցանեցինք Աւարայրի ճակատամարտին զոհուած հերոսներուն, որոնք արիւն թափեցին՝ միայն որովհետեւ հայ քրիստոնեայ էին: Մեր ազգը յուզող սխրալի ու պարծանքի արժանացած Վարդանանց ճակատամարտը պարզապէս աւանդական տօնակատարութիւն մը չէ, եւ կամ յիշատակումը պատմական եղելութեան մը, որ 1567 տարիներ առաջ տեղի ունեցաւ: Ան ընդհանրապէս գիրքերու մէջ անգամ արձանագրուած չըլլալով հանդերձ՝ մոռցուած իրադարձութիւն մը չէ, կամ փոշիներու մէջ թաղուած գունաթափ էջերու վրայ շարադրուած արժէք մը: Վարդանանցը այս բոլորէն ո՛չ մէկուն հոմանիշն է: Նկատի ունենալով որ այսօրուան մարդը արագընթաց դարու մը մէջ կ՛ապրի, եւ դժուարահաճ ակնարկով կը դիտէ իր անցեալը, փորձենք հաւաքաբար անխախտ կամուրջ մը հաստատել 451-ի եւ 2014-ի միջեւ:

Կ՛ապրինք աշխարհի մը մէջ ուր ամէն բան սրընթաց փոփոխութեան ենթակայ է: Աշխարհի մը մէջ որ յաճախ կ՛օգտագործէ երկու եզրեր՝ հո՛ս եւ անմիջապէ՛ս: Մարդ արարածը դարձած է անհամբեր, փափաքն ունի որ ամէն բան գտնուի հոն ուր ինքը ներկայ է, եւ այդ ժամանակին մէջ երբ ինք կուզէ: Արդի գիւտարուեստն ու ընկերային հաղորդամիջոցները արդէն իսկ տեղի եւ ժամանակի գաղափարին հակառակ հոսանք մը ստեղծելով՝ կը ջանան մարդուն համոզել թէ ինք ո՛չ կայուն տեղ ունի եւ ոչ իսկ ժամանակ: Ուրեմն ի՞նչ իմաստ ունի Վարդանանց յիշատակելը աշխարհի մը մէջ ուր ամէն բան յարափոփոխ է: Աւելին, ի՞նչ իմաստ ունի Վարդանանց յիշատակելը աշխարհի մը մէջ որ կը հաւատայ մի միայն «հոս եւ անմիջապէս» գաղափարականին:

Իրականութեան մէջ Վարդանանք եղան ռահվիրաները «հոս»-ն ու «անմիջապէս»-ը ապրելու կենսակերպին, եւ անոնք այսօր մեզ կը հրաւիրեն այս միեւնոյն ընթացքը ունենալու, ցանելով մեր մէջ երեք արմատական հունտեր, առանց որոնց ոչ «հոս»ը կրնայ գոյութիւն ունենալ եւ ոչ ալ «անմիջապէս»ին կրնանք հասնիլ: Աւարայրի հերոսներու արիւնով արձագրուած կտակը մեզ կը հրաւիրէ նախ՝ ճանչնալու մենք զմեզ, ապա՝ ապրելու ներկան, եւ վերջապէս՝ նուիրելու մեր անձերը:

1. Ճանչցիր դուն քեզ: Մարդ արարածին ամենամեծ մարտահրաւէրն է այսօր ինքզինքը ճանչնալ, մանաւանդ որ կ՛ապրի փոթորկալի ու անապահով աշխարհի մէջ: Յաճախ փախուստ կու տայ իր անձը սահմանելէ, կարծելով թէ այդպէսով կը սահմանափակէ իր գոյութեան իմաստը եւ կ՛արգելափակէ իր ազատութեան սահմանները: Վարդանանք մարտնչեցան, պատերազմ մղեցին, որովհետեւ գիտակից էին իրենց ինքնութեան, եւ հպարտ էին անով: Ինքզինքս ճանչնամ կը նշանակէ առաջին հերթին ընդունիմ իմ Հայ ու Քրիստոնեայ ըլլալս, եւ այդ հիման վրայ ուղղեմ կեանքս: Ցաւօք սրտի, յաճախ կը հանդիպինք հայ աշակերտներու, երիտասարդներու, անհատներու, որոնց համար հայերէն գիրն ու գրականութիւնը ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնեն իրենց կեանքին մէջ, որոնք հաճոյքով կը հետեւին թրքական թերթոններու, ըլլան անոնք թրքերէն լեզուով կամ թարգմանուած, որոնք քրիստոնէական ճամբէն շեղելով՝ կը հետեւին տարբեր աղանդներու եւ հակաքրիստոնէական շարժումներու: Լայնամտութիւնն ու զարգացումը հոմանիշները չեն ձուլումին եւ ուրացումին: Հայ անհատը ինքզինք ճանչնալով կը հասկնայ նաեւ իր պատկանելիութեան իմաստը: Կ՛ընդունի որ ինք կը պատկանի հայ ու քրիստոնեայ հասարակութեան, եւ առանց անոնց չի կրնար ապահովել իր գոյատեւումը:

2. Ապրիր ներկան: Վարդանանք ապրեցան ներկան, ապրեցան իրենց ներկան, 451ը: Ապրեցան ներկայի մը յաղթանակը: Եւ անոնք այսօր մեզի կը պատգամեն գիտնալ ապրիլ ամէն օր, ամէն ժամ եւ ամէն վայրկեան, որպէս միակ առիթը վերապրումի ու վերականգնումի: Վարդանանցը պարզապէս մեր երեւակայութեան ու յիշողութեան մէջ ամփոփուած իրականութիւն մը չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ երեւակայութիւնը չի կրնար ներկայ մը ըլլալ, եւ ոչ իսկ կրնայ ապագան կերտել: Չի բաւեր մեր ակնարկը միայն անցեալին ուղղել եւ հպարտանալ անցեալի քաջագործութիւններով, ներկան պէտք չէ անցեալին սոսկ երկարաձգումը ըլլայ. եթէ ներկայ մը չունենանք ապագան միայն անցեալին կրկնութիւնը պիտի ըլլայ: Վարդանանք մեզ չեն հրաւիրեր 451-ը կրկնելու, այլ զայն ուսանելի դարձնելով՝ ապրելու 2018-ը, 21-րդ դարը: Անոնք մեզի կը թելադրեն այսօրուան մարտահրաւէրները շօշափելու, այսօրուան ազգային ու հոգեւոր տագնապներն ու վէրքերը ամոքելու, դառնալով մէկական հերոսները մերօրեայ Աւարայրի դաշտին, որ հետզհետէ անծայրածիր տարածութիւն մը կը դառնայ: Շնորհիւ անոնց նահատակութեան, այսօր մենք տակաւին հայերէն լեզուն կը խօսինք, տակաւին Քրիստոսի կը հետեւինք, տակաւին հայկական քայլերգը կ՛երգենք հայկական դրօշին ներքեւ. շնորհիւ անոնց մենք այսօր հոս ենք։ Արդեօք շնորհիւ մեզի, վաղուան սերունդները նոյն երանութիւնները պիտի վայելե՞ն:

3. Նուիրէ քու անձդ: Վարդանանք գիտակից ըլլալով իրենց պատկանելիութեան եւ ապրելով ներկան, քաջատեղեակ էին որ իրենց պատկանելիութիւնը եւ իրենց ներկան պիտի պահանջէ իրենցմէ նուիրել իրենց անձերը ի գին գերագոյն զոհողութեան: Նուիրուեցան, գիտցան «այո» ըսել կեանքին: Անոնք կրցան նուիրուիլ, որովհետեւ հրաժարեցան իրենց «ես»էն, եւ ուզեցին հաւատարիմ մնալ իրենց Կրօնքին ու Հայրենիքին: Աղօթեցին, զօրացան Քրիստոսով, գօտեպնդուեցան իրենց հաւատքով, եւ ուղղուեցան պատերազմի դաշտ: Այո՛, քաջ էին, նոյնիսկ մահէն չվախցան, որովհետեւ գիտէին թէ նահատակութիւնը մահուան յանձնուիլ չէ, այլ՝ անմահութիւնը ճաշակելն է: Այսօր մենք ալ կանչուած ենք նուիրուելու, զոհուելու, եւ ոչ թէ ծախուելու: Մենք ծախու մարդիկ չունինք. Հայը չի ծախուիր: Մեր հարցը այսօր այն չէ թէ նուիրումի ու պայքարի հոգի չունինք, այլ թէ ինչի՞ համար կը նուիրուինք ու կը պայքարինք:

Անցեալին Քրիստոս Հեռովդէսը գոչեց աղուէս,
անցեալին՝ Վարդան Յազկերտի մէջ տեսաւ աղուէսը,
այսօր եւս աղուէսները կը փորձեն վերայայտնուիլ մեր շուրջ…։

Աղուէս է ամէն ոք որ կ՛ուզէ մեզ հեռացնել մեր արմատներէն, մեր պատմութենէն, մեր գիր ու գրականութենէն, մեր հողէն ու մեր Հայրենիքէն:

Դժբախտաբար, մերօրեայ աղուէսներն անգամ սկսած են աղօթել, բայց իրենց աղօթքը նման է Կայէնին աղօթքին, Կայէնի զոհաբերման։

Անոնց աղօթքով, արդարութիւնն ու բոլոր սկզբունքները կ՛ոչընչանան աշխարհին մէջ, որովհետեւ անոնք կ՛ուզեն մարդկութեան ու մարդուն դիմադարձել։

Անոնց աղօթքով, Կայէնի ազատութիւնը կը հաստատուի ամենուրեք, ուր ամէն բան արտօնուած է. ոչ ոք ուրիշին ներկայութիւնը կը հանդուրժէ, բարեկամութիւնները կը նուազին, բարոյական մեկնակէտերը կը քանդուին, կրօնական առաքինութիւնները կը կործանին:

Անոնց աղօթքով, կ՛ապրինք արեան գարունը, իսկ մարդկութիւնը հետզհետէ կ՛ընկղմի անորոշ պարապութեան մէջ։

Սակայն, մենք՝ Վարդաններու ժառանգորդներս, թոյլ պիտի չտանք որ անոնք այսուհետեւ աղօթեն, որովհետեւ մեր ինքնութիւնը անմահ է, մենք՝ այսօրուան Վարդաններն ու Ղեւոնդները, կ՛ուզենք հոս եւ անմիջապէս պայքարիլ վասն Կրօնից եւ Հայրենեաց:

 

Ս. Կ.