Կիրակի, 25 փետրուար 2018, կ.ե. ժամը 3.00-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու Արմէն Սարգսեան, ուղեկցութեամբ Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի եւ դեսպանատան անձնակազմի անդամներու, այցելեց Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին հետ։ Հանդիպումին ներկայ եղան Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեան, Հայաստանի, Ռուսաստանի, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի առաջնորդ՝ Գերապայծառ Ռաֆայէլ արք. Մինասեան, Գերապայծառ Մանուէլ եպիսկ. Պաթագեան, գերապատիւ Սեպուհ վրդ. Կարապետեան, արժանապատիւ Կարապետ քհնյ. Թադէոսեան, պետական երեսփոխան մեթր Սերժ Թուրսարգիսեան, ինչպէս նաեւ համայնքի գործունեայ անդամներ։
Հայրապետական օրհնութեամբ ողջունելով մեծարգոյ հիւրը, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը մաղթեց որ Աստուած ուղեկից ըլլայ իրեն իր խիստ պատասխանատու առաքելութեան ճանապարհին, վստահեցնելով որ Հայ կաթողիկէ Եկեղեցին միշտ պատրաստ պիտի ըլլայ իր նպաստը բերելու Հայաստանի բարգաւաճումին ու հզօրացման։ Ապա ան հակիրճ յետադարձ ակնարկով մը անդրադառնալով Հայաստանի մէջ Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մօտաւոր անցեալի եւ ժամանակակից կեանքին, հոգեւոր, կրթական, դաստիարակչական, բարեսիրական գործունէութիւններուն, ինչպէս նաեւ անոր դիմագրաւած դժուարութիւններուն, շեշտեց հայկականին զուգահեռ քրիստոնէական դաստիարակութեան կարեւորութիւնը, Հայը հոմանիշ ըլլալով քրիստոնեայի։
Այնուհետեւ, աւելի քան ժամ մը տեւած խօսակցութիւնը եւ կարծիքներու փոխանակումը շօշափեց հայրենական կեանքին զանազան երեսները։ Պարոն Արմէն Սարգսեան շեշտեց անհանդուրժողութիւնը յաղթահարելու եւ երկխօսութեամբ միասնականութիւնը ամրացնելու, ինչպէս նաեւ հայրենաբնակ թէ աշխարհասփիւռ հայ քաղաքացիներուն՝ Հայաստանի ապագային հանդէպ հաւատք եւ յոյս ներնչելու, բոլոր մարզերէն ներս զայն զարգացման ճանապարհին վրայ դնելու կարեւորութիւնը։ Ան վստահեցուց որ Հայաստան բոլոր տուեալները ունի 21-րդ դարու հրապուրիչ երկիր մը դառնալու։
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ եւ ներկաներուն յաջողութեան մաղթանքներով Պր. Արմէն Սարգսեան հրաժեշտ առաւ շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար։