ՆԱԽ. ՄԻՇԵԼ ԱՈՒՆԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ՝ ԵՐԿՈՒ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՄՐԱՊՆԴԵԼՈՒ ՆՈՐ ԱՌԻԹ ՄԸ ԵՂԱՒ

ՆԱԽ. ՄԻՇԵԼ ԱՈՒՆԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ  ՀԱՅԱՍՏԱՆ՝  ԵՐԿՈՒ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՄՐԱՊՆԴԵԼՈՒ ՆՈՐ ԱՌԻԹ ՄԸ ԵՂԱՒ

Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշել Աունին երկօրեայ (21-23 փետրուար) պաշտօնական այցելութիւնը Հայաստան՝ տարբեր բնագաւառներէ ներս միայն շահադիտական նկատումներով կատարուած միջ-պետական սովորական այցելութենէ մը շատ աւելին էր, անոր մթնոլորտը դրոշմուած էր այնպիսի զգացական ջերմութեամբ մը՝ որ այս օրերուն շատ հազուադէպ երեւոյթ է միջ-պետական յարաբերութիւններուն մէջ, որովհետեւ Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ միշտ ալ գոյութիւն ունեցած են ամուր պատմական կապեր՝ խարսխուած անոնց միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններուն վրայ, ինչպէս ըսաւ նախագահ Սերժ Սարգսեան լիբանանցի պաշտօնակցին հետ ունեցած հանդիպումէն ետք կատարած յայտարարութեան մէջ։ Մինչ նախագահ Միշել Աուն իր  կարգին հաստատեց թէ հայաստանցի պաշտօնակիցին հետ ունեցած հանդիպումին  ջերմ ու բարեկամական մթնոլորտը կ’արտացոլացնէր «հայ եւ լիբանանցի ժողովուրդները միաւորող մարդկային ամուր կապերը, անոնց առանձնայատուկ յարաբերութիւններն ու յատկապէս հայկական արմատներով մեծաթիւ լիբանանցիներու առկայութիւնը, որոնց ներկայացուցիչներէն շատերը, Լիբանանի կառավարութեան նախարարներ եւ երեսփոխաններ, կ’ուղեկցին ինծի»։ Նախ. Աուն ըսաւ նաեւ թէ նախ. Սարգսեանին ուշադրութիւնը հրաւիրած է այն իրողութեան վրայ, թէ լիբանանեան հասարակութեան մէջ ինչպիսի՛ գնահատանք կը վայելէ հայ համայնքը իր կենսունակութեամբ, մշակոյթով, քաղաքակրթութեամբ, ընկերային վետնի վրայ եւ իրենց ազդեցիկ մասնակցութեամբ երկրի քաղաքական ու տնտեսական կեանքին։

Նշելէ ետք որ նախ. Սարգսեանին հետ քննարկած է Միջին Արեւելքի մէջ տիրող իրավիճակը, սուրիական պատերազմին հետեւանքով Լիբանանին դիմագրաւած մարտահրաւէրները, միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւ սուրիացի գաղթականներուն խնդիրները, Լիբանանին ուղղուած իսրայէլեան սպառնալիքները, եւ համաձայնած են ճգնաժամերուն խաղաղ լուծումներ գտնելու եւ պատերազմական մեքենան դադրեցնելու անհրաժեշտութեան շուրջ, նախագահ Աուն ըսաւ թէ երախտագիտութիւնը յայտնած է նախ. Սարգսեանին միջազգային ատեաններուն մէջ Լիբանանի կողքին կանգնելուն համար եւ վստահեցուցած է որ Լիբանան իր կարգին կանգնած է Հայաստանի կողքին՝ անոր ժողովուրդին, ինքնիշխանութեան, խաղաղութեան եւ բարգաւաճման բնական իրաւունքները պաշտպանելու գործին մէջ։

AOUN2

Իր կարգին ամփոփելով Լիբանանի նախագահին Հայաստան այցելութեան արդիւնքները, նախ. Սարգսեան նշեց որ «բովանդակալից քննարկում ունեցած են երկկողմ համագործակցութեան ողջ օրակարգին վերաբերեալ, վերահաստատած են երկու երկիրներու հաստատակամութիւնը՝ շարունակելու փոխադարձ վստահութեան հենքի վրայ խորացնել եւ ամրապնդել երկու երկիրներուն միջեւ բազմոլորտ համագործակցութիւնը»։

Նախ. Սարգսեան ըսաւ որ «երկու ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամութիւնը ունի բազմադարեայ պատմութիւն, ուր, անխօս, իր ուրոյն դերն ունի լիբանանահայ համայնքը։ Երկուստեք գոհունակութեամբ փաստեցինք թէ այս տարիներուն յաջողած ենք մեր բարեկամութեան հաղորդել նոր որակ՝ ձեւաւորելով փոխգործակցութեան ամուր կապեր քաղաքական, առեւտրատնտեսական, մշակութային, գիտական եւ այլ բնագաւառներու մէջ»։

Յայտնապէս, նախ. Միշել Աունին Հայաստան այցելութիւնը վերահաստատեց երկու երկիրներուն բարեկամական կապերու հիմերուն անխախտելիութիւնը։

Նշենք որ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին ուղեկցող պատուիրակութեան մաս կազմեցին զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Հայաստանի մօտ Լիբանանի դեսպան Մայա Տաղեր, նախ. Աունի խորհրդականներ Էլիաս Ապու Սաապ եւ Միրէյ Աուն Հաշեմ, նախագահական պալատի մամլոյ գրասենեակի պատասխանատու Ռաֆիք Շլելա։

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԵՒ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

Նախագահ Աուն այցելեց Ազգային Ժողով ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ազգային Ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանին հետ։ Այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ, նախ Աուն շեշտեց որ Լիբանան բազմակարծութեան երկիր է եւ Լիբանանի ընկերային, քաղաքական եւ ազգային կեանքը հիմնուած է ուրիշին գաղափարներն ու կարծիքները յարգելու եւ ազատ արտայայտուելու իրաւունքին վրայ։

AOUN3

Իր կարգին, Արա Բաբլոյեան յայտնեց որ Լիբանան օրինակելի երկիր է իր ընդգրկած կրօններու եւ քաղաքակրթութիւններու բազմազանութեամբ, եւ ազգային համերաշխութեամբ։ Խորհրդարանին մէջ խօսք առին նաեւ լիբանանեան պատուիրակութեան անդամներ։

AOUN4

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան իր կարգին հանդիսաւոր ճաշկերոյթով մը պատուեց Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահը եւ լիբանանեան պատուիրակութիւնը։ Այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ, ան ողջունեց նախագահը եւ անդրադարձաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ տնտեսական եւ առեւտրական գործակցութեան։ Ան նշեց որ Հայաստանի մէջ լիբանանեան ներդրումներու լայն կարելիութիւններ կան։

Նախ. Աունի Հայաստան այցելութիւնը աւարտեցաւ Հայաստանի նախագահական նստավայրին մէջ ի պատիւ իրեն սարքուած ընթրիքով մը, որուն ընթացքին բաժակաճառերով հանդէս եկան երկու նախագահները անգամ մը եւս դրուատելով հայ եւ լիբանանցի ժողովուրդներուն խորարմատ բարեկամութիւնը։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՍԲ. ԷՋՄԻԱԾԻՆ ԵՒ ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴ

AOUN6

Նախ. Աուն այցելեց նաեւ Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածին, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ։ «Վստահ ենք որ այս այցելութիւնը պիտի ըլլայ նոր առիթ մը ամրապնդելու հայկական-լիբանանեան յարաբերութիւնները, որոնք եղբայրութեան եւ փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած հեզասահ կապեր են» յայտարարեց Գարեգին Բ. ողջունելով Լիբանանի նախագահը, որ շրջայց մը կատարելէ ետք Մայր Տաճար եւ Էջմիածնի թանգարանը, լրագրողներուն յայտարարեց որ իր այցելութիւնը Հայաստան պիտի ամրապնդէ երկու երկիրներուն եւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւնները։

AOUN5

 

AOUN7

Այնուհետեւ, նախ. Միշել Աուն այցելեց Ծիծեռնակաբերդ, ուր դիմաւորուեցաւ Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեանին, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին եւ Ցեղասպանութեան թանգարանի փոխ տնօրէն Գէորդ Վարդանեանին կողմէ։ Ծաղկեպսակ մը զետեղելէ ետք Ծիծեռնակաբերդի Յուշակոթողին, նախ. Աուն վայրկեան մը յոտնկայս յարգեց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը։ Ապա մասնակցեցաւ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած ծառատնկումին իր անունով եւ այցելեց Ցեղասպանութեան թանգարան, որուն յիշատակի մատեանին մէջ կատարած արձագրութեան մէջ գրեց յատկապէս. «Այս փաստերը կը մղեն հաստատելու թէ Հայոց ցեղասպանութեան իմաստով արդարութիւնը պէտք է պարտադրուի, որպէսզի յիշողութիւնը բիւրե-ղանայ եւ անիրաւութեան դէմ իրաւունքի յաղթանակին նկատմամբ կարելի ըլլայ վստահութիւնը վերահաստատել։ Կ’ողջունեմ փառաւոր հայ ժողովուրդը, որ հակառակ իր դիմագրաւած տագնապներուն, դժուարութիւններուն եւ անիրաւութեան, կրցաւ հիմնել հպարտալի երկիր մը եւ կառչած մնալով հիմնէն եկող իր քաղաքակրթութեան կ’ուղղուի կերտելու աւելի փայլուն ապագայ մը»։