«Դուք մկրտութեամբ թաղուեցաք Քրիստոսի հետ, անոր հետ նաեւ յարեաք» (Կողոս. 2,12)

«Դուք մկրտութեամբ թաղուեցաք Քրիստոսի հետ, անոր հետ նաեւ յարեաք» (Կողոս. 2,12)

Մեծ Պահքի շրջանին Եկեղեցին կ՛ապրի սպասման վիճակ մը, մաքրագործման եւ բիւրեղացման հանգրուան մը, որպէսզի աղօթքով, ծոմապահութեամբ եւ ողորմութեամբ հանդիպի իր Փեսային հետ Յաւիտենական Զատիկին օրը: Ան կը տենչայ նոր կեանքին, որ կ՛իրագործուի մի միայն Քրիստոսով, եւ որ մեզի փոխանցուեցաւ մեր մկրտութեան օրը, երբ մասնակից դարձանք Քրիստոսի մահուան եւ յարութեան: Իսկական հաղորդութիւնը Քրիստոսի հետ կը կատարուի այն վայրկեանին երբ մկրտութեան ջուրին մէջ կ՛ընկղմինք: Մկրտութիւնը Աստուծմէ տրուած պարգեւ մըն է: Ոչ ոք արժանի է յաւիտենականութեան իր անձնական ուժերուն վրայ հիմնուելով: Աստուծոյ ողորմութիւնը կը ջնջէ մեղքը եւ իր շնորհքը կու տայ ապրելու «միեւնոյն զգացումներով, զորս ունէր Յիսուս Քրիստոս» (Փիլ, 2,5), եւ որ մարդուն տրուած է ձրիաբար:

«Ճանչնալ զինք եւ զօրութիւնն անոր յարութեան, եւ հաղորդութիւնն անոր չարչարանքներուն, ըլլալ անոր կերպարանակից մահուան մէջ, որպէսզի եթէ կարելի է, հասնիմ յարութեան՝ մեռելներէն» (Փիլ 3,10-11)։ Մկրտութիւնը, անցեալին կատարուած արարողութիւն մը չէ, այլ՝ ամէնօրեայ հանդիպումն է Քրիստոսի հետ որ կ՛իմաստաւորէ եւ կը նպատակադրէ մկրտեալին գոյութիւնը, անոր կը շնորհէ աստուածային կեանքը եւ իսկական ու անկեղծ դարձը, թոյլ տալով անոր՝ Իր շնորհքով, հասնելու Քրիստոսի չափահաս վիճակին։

Յատուկ կապ մը կը գտնուի մկրտութեան եւ քառասնորդացին միջեւ, որով կը փորձարկենք փրկութեան շնորհքը։ Մարդ կը մեռնի մեղքով, մասնակից կը դառնայ նոր կեանքին յարուցեալ Քրիստոսով, եւ կ՛ընդունի միեւնոյն Աստուծոյ Հոգին, որ յարութիւն տուաւ Յիսուսին մեռելներէն։ Ձրիաբար տրուած այս շնորհքը պէտք է մեզմէ իւրաքանչիւրը պայծառացնէ, եւ քառասնորդացը պէտք է ըլլայ այն ընթացքը որ մեզի պիտի սորվեցնէ ապրիլ հաւատքը եւ քրիստոնէական կեանքը. ընդունելու ենք մկրտութեան խորհուրդը որպէս վճռական որոշում ամբողջ կեանքի համար։

Որպէսզի կարենանք լրջօրէն ընթանալ զատկուայ ճանապարհէն եւ պատրաստուիլ տօնակատարելու մեր Տիրոջ յարութիւնը, որ տարուան ամէնէն ուրախ եւ փառաւոր արարողութիւնն է, թոյլ տանք որ Աստուծոյ խօսքը մեզ ուղղէ։ Ասոր համար է որ օր մոխրոցի եւ քառասնորդացի կիրակնօրեայ աւետարանի հատուածները մեզ կը մղեն հանդիպելու Քրիստոսի հետ։ Անոնք կը լուսաբանեն մեր մարդկային եւ աշխարհիկ պայմանները։ Սկսեալ Քրիստոսի անապատային պայքարէն սատանային դէմ, անցնելով Ադամի դրախտ մուտքէն, ինչպէս նաեւ արտաքսումէն դրախտէն մեղքի պատճառաւ, ապա խորհրդածելով Անառակ որդիին, Անիրաւ Տնտեսին ու Դատաւորին առակներու մասին, հասնելու համար Գալստեան կիրակիին, որ մեզ կը պատրաստէ Ծաղկազարդին, առանց մոռնալու անոր նախատօնակը, որ Ղազարոսի յարութեան նուիրուած է, եւ ուր կը յայտնուի թէ Քրիստոս ի՛նքն է Յարութիւնը։ Այս ընթացքին կ՛ապրինք պայքար մը աշխարհի խաւարի զօրութիւններուն դէմ, կը սորվինք թէ Քրիստոս մեզ պիտի ազատագրէ մեղքէն, եւ մեզ պիտի զօրացնէ, որովհետեւ ի՛նքն է Ճանապարհը, Ճշմարտութիւնը եւ Կեանքը։ Քրիստոս յաղթական կ՛ելլէ այս պայքարէն, որպէսզի մեր սրտերը յոյսով լեցնէ, եւ մեզ ուղղէ այդ միեւնոյն յաղթանակին։ Ղազարոսի յարութեամբ մենք զմեզ կը գտնենք դէմ առ դէմ մեր գոյութեան վերջին վիճակին, մեր վախճանին. «Ես եմ յարութիւն եւ կեանք, …կը հաւատա՞ս ասոր»։ (Յովհաննէս 11,25-26)։ Մենք ալ հրաւիրուած ենք Մարթային հետ պատասխանելու ըսելով. «Այո՛ Տէր, ես հաւատացի թէ՝ դուն ես Քրիստոսը, Աստուծոյ Որդին, որ աշխարհ պիտի գար»։ (Յովհ. 11,27)։ Քրիստոսի հետ միանալը այս աշխարհին մէջ՝ մեզ կը պատրաստէ դիմագրաւելու մահուան բոլոր արգելքները, հասնելու համար յաւիտենական կեանքին։ Հաւատալը մեռելներու յարութեան եւ յուսալը յաւիտենական կեանքին կը լուսաբանեն մեզ հասկնալու մեր գոյութեան նշանակութիւնը։ Աստուած ստեղծեց մարդը յարութեան եւ կեանքին համար, եւ այս ճշմարտութիւնը ստոյգ եւ վճռական եզրն է մարդկութեան, իւրաքանչիւր անհատի, ըլլայ ընկերային, մշակութային, քաղաքական թէ տնտեսական կեանքին։ Քառասնորդացը իր լրումը կը գտնէ Յարութեան մէջ։

Մեր մխրճումը եւ ընկղմումը մկրտութեան աւազանին մէջ՝ մահուան մէջ, եւ ապա յարութիւնը Քրիստոսի հետ, մեզ կը մղէ ամէն օր ձերբազատուելու նիւթէն, անձնասիրութենէն, հպարտութենէն, տիրապետելու փափաքէն, եւ ամէն տեսակի գարշութենէ, հանդիպելու համար նաեւ Ուրիշին։ Փորձիչը մեզի կը թելադրէ մտածելու նման այն հարուստ մարդուն որ ըսաւ. «Ահաւասիկ ամբարուած անսպառ բարիքներ ունիս երկար տարիներու համար, հանգիստ ըրէ, կեր, խմէ եւ զուարճացիր»։ Եւ Աստուած պիտի պատասխանէ ըսելով. «Անմիտ, այս գիշեր իսկ հոգիդ պիտի պահանջեմ քեզմէ»։ (Ղուկաս 12., 19-20)։ Ըլլալ տրամադրելի ուրիշին եւ ընդունիլ ուրիշը՝ սիրոյ արտայայտութիւն է։ Աստուծոյ Խօսքը լսել կը նշանակէ զայն մարմնացնել, ապրիլ։ Ապրիլ աղօթքով, ծոմապահութեամբ եւ ողորմութեամբ։

Քառասնորդացը մեզ կը մղէ ըլլալու նման Քրիստոսի, որպէսզի կարենանք իսկական եւ արմատական դարձ մը կատարել։ Այս շրջանին ճանչնալու ենք մեր տկարութիւնները, որպէսզի ապրինք ապաշխարանքի խորհուրդը, որ մեզ կը հրաւիրէ ցաւելու ու զղջալու մեր գործած բոլոր մեղքերուն համար, առաջադրելու անգամ մը եւս չմեղանչել, բայց նաեւ ապրելու մեր քրիստոնէական կոչումը, հաւատքը։

Ա- Քառասնորդացը՝ ՄԵՂՐԱԼՈՅՍ է

Հրեաներուն մօտ ծոմապահութիւնը խորհրդանիշն էր սուգի, կամ կորուստի՝ «Եզրաս Աստուծոյ տանը առջեւէն ելաւ ու Եղիասիփին որդիին՝ Յօհանանին սենեակը գնաց եւ հոն մտնելով հաց չկերաւ ու ջուր չխմեց, որպէսզի գերութենէ դարձողներուն յանցանքին համար սուգ բռնէ»։ (Եզրաս 10, 6)։ Սակայն Քրիստոս եկաւ նոր սահմանում մը տալու, որով ծոմապահութիւնը դադրեցաւ ըլլալէ ցաւի, կորուստի, սուգի կամ որեւէ տեսակի պակասութեան նշան մը, այլ՝ դարձաւ լրումի, առատութեան խորհրդանիշ, կենսատու ճշմարտութիւն մը։

Քրիստոս չուզեց նոր կտորի կարկտան դնել հին զգեստի վրայ, եւ ոչ ալ նոր գինին հին տիկերու մէջ դնել, չուզեց կարկտել ծոմապահութեան իմաստը, որովհետեւ իր միտքը կը գերազանցէր հրեաներուն աւանդութիւնները։ Քրիստոսի համար ծոմապահութեան ձեւը չէ կարեւորը, որքան բովանդակութիւնը, դիտաւորութիւնը եւ նպատակը. «Երբ ծոմ պահէք, մի մթաքնէք ձեր դէմքը կեղծաւորներու նման որոնք կը կախեն իրենց երեսը որպէսզի մարդոց յայտնի ըլլայ թէ ծոմ կը պահեն։ Ճշմարիտ կ՛ըսեմ ձեզի արդէն իսկ ընդունած են իրենց վարձատրութիւնը։ Իսկ դուն երբ ծոմ պահես, բուրումնաւետէ գլուխդ, լուա երեսդ, որպէսզի ծոմդ երեւնայ, ոչ թէ մարդոց, այլ՝ Հօրդ ծածուկ. եւ Հայրդ որ ծածուկ կը տեսնէ, պիտի վարձատրէ քեզ» (Մատթէոս 6, 16-18)։ Պօղոս առաքեալ նաեւ այս մասին անդրադառնալով, Հռոմայեցիներուն ուղղուած նամակին մէջ կ՛ըսէ. «Կերողը թող չարհամարհէ չկերողը եւ ծոմ պահողը թող չդատէ կերողը, որովհետեւ Աստուած զինք ընդունած է … Ով որ կ՛ուտէ, Տիրոջ համար կ՛ուտէ, քանի որ Աստուծոյ գոհութիւն կը յայտնէ։ Ով որ ծոմ կը պահէ, Տիրոջ համար կը պահէ եւ անոր գոհութիւն կու տայ» (Հռ. 14, 3-6)։

«Ինչո՞ւ մենք ու փարիսեցիները ծոմ կը պահենք, իսկ քու աշակերտներդ չեն պահեր» (Մատթէոս 9,14): Այս հարցումով Յովհաննէսի աշակերտները ուզեցին քննադատել Քրիստոսի մօտեցումը ծոմապահութեան։ Անոնք՝ Յովհաննէսի մահէն ետք, շարունակեցին հրէական աւանդութիւնները պահել։ Հակառակ անոր որ Յիսուս երբեք չանտեսեց ծոմապահութեան կարեւորութիւնը, այլ՝ զայն ապրեցաւ եւ հրաւիրեց որ ուրիշներ ալ ապրին, սակայն այս բոլորը չարգիլեց որ Յովհաննէսի աշակերտները կասկածին Քրիստոսի ծոմապահութեան վրայ։ Որպէս Վարդապետ, Յիսուս կարիքը չունէր փարիսեցիներուն եւ կամ Յովհաննէսի աշակերտներուն ուսուցումներուն, եւ ասոր համար պատասխանեց եւ ըսաւ. «Հարսնեւորները կրնան սուգ բռնել, ցորքան փեսան իրենց հետն է։ Բայց պիտի գան օրեր երբ փեսան պիտի առնուի իրենցմէ, այն ատեն իրենք եւս ծոմ պիտի պահեն» (Մատթէոս 9,15)։ Որով երբ աշակերտները նորոգուին Սուրբ Հոգիով եւ ճանչնան իսկական եւ ճշմարիտ սիրոյ յարաբերութիւնը փեսային եւ հարսին միջեւ, պիտի կարօտնան երկինքին, պիտի կարօտնան փեսային, եւ վեր պիտի բարձրանան աշխարհիկ իրականութիւններէ, եւ այն ատեն է որ ծոմ պիտի պահեն։ Ուրեմն ծոմը, ըստ Քրիստոսի, սիրոյ յարաբերութիւն մըն է փեսային եւ հարսին միջեւ, մեղրալոյս մըն է, մանաւանդ երբ ծոմ պահողը կը կեդրոնանայ Աստուծոյ վրայ եւ անոր կու տայ առաջնահերթութիւնը։ Հրեաներուն մօտ ծոմապահութիւնը հոգեւոր ոչ մէկ խորք ունէր, սակայն քրիստոնեաներուն մօտ, Աստուծոյ մարմնացումով ծնաւ սիրոյ խոր յարաբերութիւն մը մարդուն եւ Փեսային միջեւ. շնորհիւ այս սիրոյն, հաւատացեալը պէտք է անկարելին ընէ չհեռանալու համար իր Սիրահարէն։ Քառասնորդացը իսկական մեղրալոյսն է, որ ինքնիրմէջ կ՛ընդգրկէ սէր, յարգանք, յոյս, ողորմութիւն, ներում։

C2

Բ- Քառասնորդացը՝ ՅԱՂԹԱՆԱԿ է

Քառասնորդացին Քրիստոս կը մասնակցի մարդկութեան անկումներուն. իւրաքանչիւր մարդու, որ իր աշխարհիկ ճանապարհորդութեան ընթացքին ենթարկուած է փորձութիւններու, ձախողութիւններու եւ անկումներու, ըլլան անոնք հոգեւոր, բարոյական կամ զգացական։ Յիսուս Քրիստոս՝ Աստուծոյ Որդին, ծնած կնոջմէ, մասնակից կը դառնայ իւրաքանչիւր տառապեալի կեանքին։ Անոր հետ կը գալէ այն միեւնոյն ճամբէն, ուր ան կ՛իյնայ որպէս մեղաւոր, հիւանդ, աղքատ, անտեսուած, լքուած, տառապած, գերիացած, վիրաւոր, գաղթական։ Խաչի Ճանապարհի արարողոթեան մէջ, Քրիստոս երեք անգամ կ՛իյնայ, եւ այս երեք անկումները մեծապէս ապացոյց են անոր մասնակցութեան մարդուն անկումներուն։

Յիսուս առաջին անգամ գետին կ՛իյնայ…։

Յոգնութեան եւ անարդարութեան լուծին տակ Քրիստոս կ՛իյնայ։ Մարդկութեան մեղքերն ու չարութիւնները զինք գետին տապալեցին։ Սատանան ուզեց վրէժ լուծել իրմէ։ Սատանան որ, աստուածային արդար դատումով, սկիզբէն ինկաւ երկինքէն, երբ ըմբոստացաւ եւ չուզեց հնազանդիլ Աստուծոյ որպէս հրեշտակ, վրէժ լուծեց Աս-տուծմէ Ադամը եւ Եւան ենթարկելով մեղքին։ Եւ երբ Միածին Որդին մարմնացաւ, ուզեց վրէժ լուծել իրմէ, եւ զինք գետին տապալեց, որպէս մասնակցութիւն մարդուն ցաւերու եւ յոգնութեան, եւ ոչ որպէս մեղաւոր մը որ կ՛ըմբոստանայ Աստուծոյ դէմ։

Յիսուս երկրորդ անգամ գետին կ՛իյնայ…։

Սատանան երկրորդ անգամ ինկաւ երբ Յիսուս մարմնացաւ։ Ան ուզեց փորձութեան եւ մեղքի ենթարկել զինք երեք անգամ անապատին մէջ։ Յիսուս մնաց ոտքի՝ մարմինի, աչքի եւ դիրքի փորձութիւններուն դիմաց, իսկ սատանան ինկաւ Աստուծոյ խօսքին ուժին տակ։ Նոյնպէս ըրին նաեւ առաքեալները երբ սատանաները արտաքսեցին Քրիստոսի անունով. «Տէ՛ր, քու անունովդ նոյնիսկ դեւերը մեզի հնազանդեցան» (Ղուկաս 10, 17)։ Իսկ Յիսուս անոնց պատասխանեց ըսելով. «Տեսայ սատանան որ փայլակի նման երկինքէն կ՛իյնար» (Ղուկաս 10, 18)։ Սատանան երկրորդ անգամ եւս ուզեց վրէժ լուծել Քրիստոսէն զինք երկրորդ անգամ գետին տապալելով։

Յիսուս երրորդ անգամ գետին կ՛իյնայ…։

Յիսուս երրորդ անգամ ըլլալով կ՛իյնայ խաչին լուծին տակ, անշուշտ առանց որ ենթարկուի հոգեւոր կամ բարոյական անկումի։ Վերջին անգամ ըլլալով սատանան ուզեց վրէժ լուծել, քաջ գիտնալէ ետք թէ յաւիտեանս յաւիտենից պիտի պարտուէր ու իյնար, եւ այլեւս երբեք ոտքի պիտի չելլէր շնորհիւ Քրիստոսի մահուան ու յարութեան. «Հիմա դատաստանն է աշխարհի, հիմա, աշխարհի իշխանը դուրս պիտի վտարուի։ Իսկ երբ ես երկրէն բարձրանամ, այն ատեն բոլոր մարդիկը ինծի պիտի քաշեմ» (Յովհաննէս 12, 31-32)։ Քրիստոս՝ իր երրորդ անկումով, նախքան որ ինքզինքը նուիրէր խաչին վրայ, վերջնականապէս ազատագրեց մարդը սատանային մեղքին ու չարին իշխանութենէն. «Որպէսզի ամէն մարդ որ հաւատայ անոր, չկորսուի, այլ՝ ընդունի յաւիտենական կեանքը» (Յովհաննէս 3, 16)։

Chiesa di San Polo (Venice) - VIA CRUCIS III - Jesus falls the first time by Giandomenico Tiepolo

Սատանան երեք անգամ ուզեց վրէժը առնել, սակայն երեք անգամ պարտուած դուրս ելաւ: Քրիստոս իր յաղթական յարութեամբ՝ մեզի կը սորվեցնէ երբեք չվախնալ կեանքի անկումներէն, չվախնալ նեղութիւններէն, դժուարութիւններէն, տառապանքներէն, եւ ամէն տեսակի փոթոռիկներէն, որովհետեւ բաւ է որ հաւատանք թէ ինքն է Ճանապարհը, Ճշմարտութիւնը եւ Կեանքը, արդէն իր հետ միասին պիտի բարձրանանք ընդունելու համար յաւիտենական կեանքը: Քառասնորդացը մեզ կը հրաւիրէ ըլլալու քաջ հաւատացեալներ, որովհետեւ որքան ալ իյնանք, Աստուած առիթը կը պարգեւէ դարձեալ ոտքի կանգնելու, պայմանաւ որ զղջանք, ներողութիւն խնդրենք եւ վերադառնանք իրեն՝ մեր միակ ու ճշմարիտ Հօրը:

Գ- Քառասնորդացը՝ ԱՃՈՒՄ է

«Իսկ մանուկը կը մեծնար, կը զօրանար եւ կը լեցուէր իմաստութեամբ. Աստուծոյ շնորհքը անոր վրան էր» (Ղուկաս 2,40)։ Աճում բառով կը հասկնանք մեծնալ, զօրանալ եւ լեցուիլ։ Քառասնորդացը առիթ է որպէսզի իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հաւատացեալ կանգ առնէ իր կեանքին մէջ տեսնելու համար իր թերութիւնները, պակասութիւնները ու տկարութիւնները։ Ոչ ոք կը փափաքի իր անձը տեսնել այնպէս ինչպէս որ է, որովհետեւ հոն կրնայ տեսնել նաեւ անախորժ ճշմարտութիւններ, որոնք մաս կը կազմեն իր ինքնութեան։ Աճելու համար կարիքը կայ որոշ նուաստացումի, որ կը խոնարհեցնէ անձը, զայն յանձնելու համար Աստուծոյ կամքին։

Կ՛աճիմ որպէսզի ուղղուիմ առաքելութեան, որպէսզի կարենամ կեանքիս մէջ կարեւոր որոշումներ տալ. «Օր մը, մինչ Տիրոջ պաշտամունքը կ՛ընէին եւ ծոմ կը պահէին, Հոգին Սուրբ ըսաւ. «Սաւուղը եւ Բառնաբասը յատկացուցէք գործին, որուն ես կանչած եմ զիրենք»։ Ծոմ պահեցին, աղօթեցին, ձեռք դրին անոնց վրայ եւ յետոյ ուղարկեցին զանոնք առաքելութեան»։ (Առաքեալներու Գործեր 13, 2-3)

Որպէսզի աճիմ, այսինքն՝ մեծնամ, զօրանամ եւ լեցուիմ իմաստութեամբ եւ Աստուծոյ շնորհքով, պիտի քալեմ Քրիստոսի հետ անապատի ճամբուն վրայ: Անապատը, մէկ կողմէն, տեսնուած է որպէս փորձութիւններու վայր, որովհետեւ հոն է որ Յիսուս, ստանալէ ետք մկրտութիւնը Յովհաննէսի ձեռքով, Սուրբ Հոգիին մղումով կ՛ենթարկուի սատանայի փորձութեան: Սակայն միւս կողմէն, անապատը նաեւ Աստուծոյ սէրը փորձարկելու վայրն է. «եւ ահա հրեշտակները մօտեցան եւ կը ծառայէին անոր» (Մատթէոս 4,11): Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ նաեւ Ովսէ մարգարէին խօսքը. «Անոր համար ահա ես զանիկա պիտի հրապուրեմ, զանիկա անապատ պիտի տանիմ, եւ անոր սրտին պիտի խօսիմ» (Ովսէ 2,14): Քրիստոս, իր յաղթանակով՝ մահուան պարտէզը (անապատը) կը դարձնէ կեանքի պարտէզ, նոր Եդեմի պարտէզ: Ան մեզի կը սորվեցնէ կեանքը տեսնել սիրոյ եւ սրբութեամբ լեցուն աչքերով: Այս վայրին մէջ է որ ես պիտի աճիմ ու մեծնամ, պիտի ընտրեմ բարին, լաւը եւ ճշմարիտը, պիտի սորվիմ գեղեցիկը տեսնել: Այս վայրին մէջ է որ, լռութեամբ, հանդարտօրէն, խոնարհ սրտով, աղօթքով, մտքի մաքրութեամբ ու բիւրեղացմամբ, Սուրբ Գիրքի ընթերցումով, հաւատքով, վստահելով Աստուծոյ նախախնամութեան, պիտի որոշեմ հետեւիլ Աստուծոյ ու մնալ անոր հետ:

Կը փակեմ խորհրդածութիւնս կրկնելով Եսայի մարգարէին խօսքը, որ կ՛ըսէ. «Իմ ընդունած ծոմապահութիւնս՝ անիրաւութեան կապերը քակելը, լուծին կապերը թուլցնելը, հարստահարութիւն կրողները ազատ թողուլը, ամէն լուծ կտրելը, հացդ անօթիին բաժնելը, թափառական տնանկները տունդ ընդունիլը, մերկ մը հագուեցնելը ու մարմինդ անտեսելն է»։ (Եսայ. 58, 6-7)

C4

«Բայց անիկա մեր մեղքերուն համար վիրաւորուեցաւ, եւ մեր անօրէնութիւններուն համար ծեծուեցաւ։ Մեր խաղաղութեան պատիժը անոր վրայ եղաւ, եւ անոր վէրքերովը մենք բժշկուեցանք։ Ամէնքս ոչխարներու պէս մոլորեցանք։ Ամէն մէկս իր ճամբան դարձաւ։ Տէրը մեր ամէնուն անօրէնութիւնը անոր վրայ դրաւ։ Անիկա անօրէնութիւն կրեց ու չարչարուեցաւ, բայց իր բերանը չբացաւ։ Մորթուելու տարուող ոչխարի պէս, իր խուզողներուն առջեւ մունջ կեցող մաքիի պէս։ Այնպէս իր բերանը չբացաւ։ Նեղութեամբ եւ դատապարտութեամբ վերցուեցաւ»։ (Եսայ. 53, 5-8)

ՍԵՊՈՒՀ ՎՐԴ․ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ