Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Հօր իմաստագեղ ու ներազդու քարոզէն դեռ չորս մէջբերում կը կատարեմ առանց մեկնաբանութեան՝ ձեզի ձգելով անոնց իմաստին ըմբռնումն ու ըմբոշխնումը:
Առաջին՝ Ֆաթիմայի պատգամին աստուածաբանական մեկնաբանութենէն կը յանգի այն եզրակացութեան, թէ «այո՛, Աստուած մեզի կրնայ գալ եւ ինքզինքը ցոյց տալ մեր սրտին աչքերուն», ապա, անմիջապէս տխրահունչ հարցումներ ուղղեց իր բազմամիլիոն ունկնդիրներուն. «Սակայն, ո՞վ ժամանակ կը գտնէ լսելու Աստուծոյ խօսքը եւ թոյլատրելու ինքնիրեն, որ առինքնուի Անոր սէրէն…: Տարակոյսի ու անորոշութեան գիշերին մէջ՝ ո՞վ կը շարունակէ աղօթել արթուն սրտով…: Ո՞վ կը սպասէ օրուան մայրամուտին՝ հրահրելով բոցը հաւատքին…»:
Երկրորդ՝ Ֆաթիմայի Տեսլամօր ներհայեցողական եւ սրբակերտող արարքին ակնարկելով՝ներկայիս մեծագոյն աստուածաբանը, Եոզէֆ Ռադցինկէր՝ Բենեդիկտոս ԺԶ. Պապը կ’ուսուցանէ.«Տիրամայրը, որ հարցուց երեք փոքրերուն, թէ «կ’ուզէ՞ք դուք ձեզ նուիրաբերել Աստուծոյ՝ կրելու այն բոլոր տառապանքները, զորոնք պիտի ղրկէ ձեզի, իբր հատուցումի արարք մեղքերուն համար, որոնցմով կը նախատուի, եւ իբր խոնարհ թախանձանք մեղաւորներու դարձին համար», անոնց օգնեց, որ բանան իրենց սրտերը տիեզերական սիրոյն: Երանելի Յակինթա, յատկապէս, անխոնջօրէն փաստեց թէ՛ իր բաժնեկցութիւնը կարիքին հետ եւ թէ՛ իր զոհաբերութիւններով մեղաւորներուն դարձին համար: Միայն այս եղբայրական ու վեհանձն սիրով մենք պիտի յաջողինք կառուցանել սիրոյ եւ խաղաղութեան քաղաքակրթութիւնը»:
Երրորդ՝ «Այո՛», շեշտեց Սրբազան Քահանայապետը, «Տէրը, մեր մեծ յոյսը, մեզի հետ է: Իր ողորմած սիրոյն մէջ՝ Ան ապագայ մը կ’ընծայէ իր ժողովուրդին. ապագա՛ն` Իրեն հետ հաղորդակցութեան:
Նազարէթի Կոյսը, զգեստաւորուած շնորհքով, եւ քնքուշօրէն զարմանահար Աստուծոյ ներկայութեան իր արգանդին մէջ, այս ուրախութիւնն ու յոյսը սեպհականացուց իր Մեծացուսցէ գովերգին մէջ. «Իմ հոգիս կը ցնծայ Աստուծով՝ իմ Փրկիչովս (Ղկ. 1,47)»:
Չորրորդ՝ սրտադղորդ վերջին պարբերութիւնն է քարոզին, որով տենչաց առարկայօրէն ու պատմականօրէն ցնցել իր ունկընդիրները.«Այն ատեն, երբ մարդկային ընտանիքը պատրաստ էր զոհելու ամէնէն նուիրական բանը ազգերու, ցեղերու, գաղափարաբանութիւններու, խումբերու և անհատներու ճըղճիմ ու եսասէր բագինին վրայ, մեր Երանելի Մայրը եկաւ երկինքէն՝ առաջարկելով տնկել բոլոր անոնց սրտերուն մէջ, որոնք Իրեն կը վստահին, Աստուծոյ սէրը, որ կը բոցավառէր իր Սրտին մէջ:
Այդ ժամանակին կային միայն երեք փոքրիկներ, սակայն անոնց կեանքին օրինակը տարածուեցաւ ու բազմապատկուեցաւ, մասնաւորապէս իբր հետեւանք «Ուխտաւոր Կոյս»ին ուղեւորութիւններուն, անթուելի խումբերով աշխարհի տարածքին, որոնք ձօնուած են եղբայրական զօրակցութեան-համերաշխութեան դատին:
Եօթ տարիները, որոնք մեզ կը բաժնեն երեւումներուն 100 ամեակէն, թող արագցնեն մարգարէութեան իրականացումը Մարիամի Անարատ Սրտին յաղթանակին, և այն՝ Ամենասուրբ Երրորդութեան փառքին համար: Ամէն:
Գրութիւնս կ’աւարտեմ այն հոգեպարար խորհրդածութիւններով, զորոնք 14 Մայիս 2006-ին արտայայտեց Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը:
Եւ հոս կը խնդրեմ բոլորին հոգեմտաւոր ուշադրութիւնը, որպէսզի մեզմէ իւրաքանչիւրը առնէ պէտք եղած մարեմաջերմ ուղեգիծն իր առօրեային համար…:
«Ինչպէս ուռը որթատունկին՝ Քրիստոսի հետ միացած մնալու ապահով ճամբան է դիմումը Մարիամի միջնորդութեան, զոր մեծարեցինք երէկ, Մայիս 13-ին՝ մասնաւորաբար յիշելով երեւումները Ֆաթիմայի, ուր Տիրամայրը քանի մը անգամ տեսնուեցաւ երեք հովիւ փոքրերուն՝ Փրանկիսկոսին, Յակինթային ու Լիւսիային, 1917-ին»:
Ընդհատելով մէջբերումս՝ ձեր ուշադրութեան կը յանձնեմ Սրբազան Հօր կիրարկած փոխաբերական պատկերը, զոր առած է ուղղակի Անկէ, որուն հիմնադրած Եկեղեցիին տեսանելի Գլուխն է ու 265-րդ Յաջորդը Ս. Պետրոս Առաքելապետին:
Յիսուսի՝ «ճշմարիտ Որթ»ին, այսինքն՝ որթատունկին, ու մարդուն, ընդհանրապէս, և քրիստոսական աշակերտին, յատկապէս, «ուռ»-ին, այսինքն՝ որթատունկի ճիւղին, կապուածութեան ու միաւորութեան, ինչպէս ալ աշակերտներուն՝ իրարասիրութեան և այսպէս անոնց պտղաբերումին մասին մեր Աստուածային Վարդապետին ու Եկեղեցիին անտեսանելի Գլուխին սքանչելագեղ, իմաստաշնորհ եւ նորասաց խօսքերն են (Յվհ.15,1-17):
Շատ յստակ ու պարզ է անյետսկոչելի սահմանումը.«Ես եմ ճշմարիտ Որթատունկը և Հայրս Մշակն է: Ես եմ Որթատունկը, իսկ դուք ուռն էք: Ով որ կը մնայ Իմ մէջս ու Ես՝ անոր մէջ, ան շատ պտուղ կու տայ» (Յվհ.15,1,5):
Սրբազան Հօր ուղիղ տեսանկիւնէն՝ ես կը տրամաբանեմ այս եզրակացութեամբ: Նոյնպէս շատ յստակ ու պարզ է անյետսկոչելի ճշմարտութիւնը, թէ Հօր, Որդիին եւ ընտանիքին անդամ-անդամուհիներուն կապուածութեան, միաւորութեան ու սիրոյն ծիրէն դուրս ոչ միայն չի կրնար մնալ Մայրը Քրիստոսի Խորհրդական Մարմինին, այլ նաև ու մանաւանդ՝ Ի՛նքն է սիրազօդը Աստուծոյ ընտանիքին, որովհետեւ իրաւացիօրէն է «Մայր Եկեղեցւոյ»:
Ա՛յս Մայրը, Մարիամ Կոյսը, Ֆաթիմայի «սպիտակափայլ Տիկինն» ու «Ս. Վարդարանի Թագուհի»ն է, որուն, ինչպէս կը շարունակէ սորվեցնել Սրբազան Քահանայապետը, «տուած պատգամը, շարունակականութեան մէջ Լուրտի պատգամին հետ, զօրաւոր հրաւիրակոչ էր աղօթքի ու դարձի:
Ճշմարտապէս, մարգարէական պատգամ՝ նկատի առնելով, թէ քսաներորդ դարը յաճախուեցաւ անլուր կործանումէն, զոր պատճառեցին պատերազմը եւ ամբողջատիրական վարչակարգեր, ինչպէս ալ լայնատարած հալածանքն Եկեղեցիին»:
Հոս, Սրբազան Պապը յիշեց իր սրբաշնորհ նախորդին 13 Մայիս 1981-ին կատարուած մահափորձէն «հրաշապէս» փրկուիլը, զոր իրաւացիօրէն վերագրեց «մայրական ձեռքին» միջամտութեան, ինչպէս բազմիցս կը կրկնէր Ս. Յովհաննէս-Պօղոս Բ., որուն ամբողջ քահանայապետութիւնը յատկանշուած էր Ֆաթիմայի մէջ Տեսլամօր կանխատեսութենէն…:
Այսօր առկայ աշխարհատարած անձկութեան ու տառապանքին դիմաց, ինչպէս ալ մարդկութեան ապագային նկատմամբ դեռ եղած բացասական պատճառներուն մտահոգութեամբ՝ մենք կրնանք մխիթարուիլ այն խոստումով, զոր «սպիտակափայլ Տիկինը» տուաւ փոքրիկ hօտաղներուն.«Վերջաւորութեան՝ պիտի յաղթանակէ իմ Անարատ Սիրտս»:
«Այս գիտակցութեան մէջ՝ մենք կը դիմենք վստահութեամբ Ամենասուրբ Մօր՝ թէ՛ Անոր շնորհակալ ըլլալով իր տեւական միջամտութեան համար ու թէ՛ Անկէ խնդրելով, որ շարունակէ իր հսկողութիւնը Եկեղեցիին և մարդկութեան վրայ, բայց յատկապէս ընտանիքներուն, մայրերուն ու զաւակներուն վրայ»:
Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին խորհրդածութիւններուն լոյսին տակ՝ կարելի է, հուսկ, հարցադրել այսպէս.«Ուրեմն, Ֆաթիմա ի՞նչ կը սորվեցնէ մեզի…»:
Պատասխանը չափազանց յստակ ու պարզ է: Ֆաթիմայէն ընդգծուած պատգամին պահանջքները կը համադրեմ յաջորդ կէտերուն մէջ:
Առաջին՝ պէտք է ունկնդրենք եւ գործադրենք Տիրոջ Խօսքը՝ Աւետարանը:
Երկրորդ՝ մեր զղջացած դարձն և ապաշխարանքը պէտք է պատահին:
Երրորդ՝ մենք երկխօսութեան մէջ մտնելու ենք մեր երկնային Մօր հետ, որ մեզ կ’առաջնորդէ իր Որդիին՝ մեր Եղբօր:
Չորրորդ՝ մեր անձերը անջատելու եւ ազատագրելու ենք մեղքէն:
Հինգերորդ՝ մեր անձերը վստահելու և մեր հոգիները յանձնելու ենք Մարիամի Անարատ Սրտին:
Ֆաթիմայի Տեսլամօր պահանջքներուն մե՛ր կիրարկումին համար և Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Պապին սրտով՝ մենք կատարե՛նք այս աղօթախառն մաղթանքը.
«Մարիամի Անարատ Սրտին միջնորդութեամբ ու Ֆաթիմայի Ս. Վարդարանի Դշխոյին առաջնորդութեամբ չմեղանչե՛նք, դառնա՛նք մեղքէն, զղջա՛նք մեր յանցանքներուն վրայ եւ ջանա՛նք ապրիլ մեր առօրեան Յիսուսի՝ Մարիամի Որդիին հետ միութեան մէջ»:
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ