Երբ չի մնում ելք ու ճար,
Խենդերն են գտնում հնար։
…
Աւարայրից ջանք առանք,
Այստեղ մի պահ կանգ առանք։
…
Բայց մենք չընկանք, մենք միշտ կանգ,
Մենք չյանգանք դեռ կը գանք….
ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ
ԷՏԿԱՐ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
Զուր տեղ չէ որ մեր ազգային տօնակատարումներուն եզրափակիչ օրհներգը դարձուցած ենք անզուգական Պարոյր Սեւակին այս տողերը, զոր կը հնչեցնենք Էտկար Յովհաննիսեանի երաժշտութեան մարտահունչ կշռոյթովը։ Տողեր ու երաժշտութիւն որոնք յաւերժահո՛ւնչ օրհներգն են համայն Հայութեան։ Որովհետեւ մեծանուն բանաստեղծը անոնց մէջ դրած է Աւարայրի ամբողջ խորհուրդը։ Իսկ Յովհաննիսեան՝ Հայու կամքն ու ոգին։ Բանաստեղծին ու երաժշտահանին ներշնչման աղբիւրը եղած են աւելի քան տասնըհինգ դարեր առաջ Տղմուտի ափին իրենց մահուամբ իրենց Ազգին յաւերժագիր ապահոված 1036 «խենդերուն» արժանաւոր ժառանգորդները, այն միեւնոյն «խենդերը»՝ որոնք դարասկիզբին Սարդարապատի, իսկ դարավերջին Արցախի մէջ գտան հնար երբ չէր մնացած ելք ու ճար։ Անոնք իրենց արեամբ գրեցին երաշխաւորագիրը Հայ ժողովուրդի՝ ազատ ու անկախ Հայրենիքի մէջ անկաշկանդ գոյատեւելու իրաւունքին։ Իսկ ովքե՞ր էին ամէնէն հնարամիտ դիւանագէտներուն համար անգամ անելանելի դարձած վիճակներուն ելք ու ճար գտնող այդ «խենդերը»։ Ո՛ղջ Հայութիւնն էին Անոնք՝ ազատագրութեան խորհրդանիշ դարձած իրենց աննման առաջնորդներով, Վարդաններէն մինչեւ Վազգէն Սարգսեաններ։
Հայոց պատմութեան էջերը լեցուն են հերոսական դրուագներով, ազգային լինելութեան մաքառումներով, օրհասական պահերով՝ Հայկ Դիւցազնէն մինչեւ մեր օրերը։ Ամէն ժամանակաշրջան, իւրաքանչիւր դէպք ու դրուագ ունեցած է իր հերոսը, հերոսները, հերոս նահատակները՝ փառաբանուած ու մեծարուած բոլո՛ր սերունդներուն կողմէ։ Բայց ասոնցմէ ո՛չ մէկը ինքզինք հռչակած է «Թոռը Վարդանի»։ Ինչո՞ւ ամէն Հայու մտքին ու հոգիին մէջ վաղ մանկութենէն իսկ Աւարայրի դէպքն ու անոր Հերոսը իբրեւ ազգային ինքնութեան խորհրդանիշ դրոշմելու հազարհինգհարիւր ամեայ այս յամառութիւնը։ Ինչո՞ւ զանոնք Հայու անձնագիր դարձնելու այս աւանդութիւնը։
Որովհետեւ, Աւարայր ու Վարդանանք կը խորհրդանշեն մեր ազգին դիմագիծին բնորոշ երկու հիմնական գիծերը՝ ԿՐՕՆՔ եւ ՀԱՅՐԵՆԻՔ, իբրեւ անջնջելի տարազը Հայու տիպարին։
Նաե՛ւ որովհետեւ Աւարայր եւ Վարդանանք դարձան Ազգն ու Հայրենիքը ամէն բանէ վեր դասելու մշտահունչ ղօղանջ եւ ցոյց տուին «Հայ ժողովուրդ, քու փրկութիւնդ քու միասնականութեան մէջն է» չարենցեան պատգամին ճշմարտացիութիւնը։ Այնքան ատեն որ այդ միասնականութիւնը չի պակսիր մեզի, Յազկերտներէն ու Դետշապուհներէն աւելի բախտաւոր պիտի չըլլան թրքածին մեր հին ու նոր բոլոր հակառակորդները։ Անոնք իրենց դէմ պիտի գտնեն միշտ սրբազան խենդեր՝ մէկ ձեռքով բարձր բռնած մեր Հաւատքի խորհրդանիշ Խաչը, իսկ միւսով՝ մեր կամքի ու բռունցքի ուժը խորհրդանշող սուրը՝ մեր ֆիզիքական գոյութեան սպառնացող ամէն վտանգի դիմաց։
Ժողովուրդ ու ղեկավար, պարտի՛նք այսօր աւելի քան երբեք, առաջնորդուիլ Աւարայրի խորհուրդով ու պատգամով, մտահան չընել պատմութեան դասերն ու օրինակները։ Պատմութիւնը միասնացնող ազդակ է։ Մեր հաւաքական կեցուածքը եւ ուղղութիւնը թելադրող աղբիւր։ Վա՛յ մեզի եթէ կտրուինք մեր պատմութենէն, երես դարձնենք անոր, շեղինք մեր պատմութեամբ ամրագրուած բարեմասնութիւններէն, պարպուինք անկէ բխած հաւատքի ու կամքի ուժէն, որոնց կարիքը ունինք այսօր աւելի քան երբեք՝ յաջողութեամբ կարենալ դիմագրաւելու համար մարտահրաւէրները որոնց դէմ յանդիման կը գտնուինք իբրեւ պահանջատէր ժողովուրդ ու անկախ ու ազատ պետականութիւն։ Այդ մարտահրաւէրներուն առաջնագոյնը հզօրացումն է այդ պետականութեան, որուն շուրջ պէտք է խարսխուած ըլլան մեր ազգային առաջադրանքները, անհատական թէ հաւաքական արարքները։ Այս զգացումներով ու տրամադրութեամբ ալ հայրենի Պետութեան անմիջական հոգատարութիւնը վայելող թէ ամէնէն հեռաւոր ափերէն անգամ իր հայեացքը Երեւան ուղղած ամէն հայ իր կարգին արդարօրէն կ’ակնկալէ հայրենի պետականութենէն արժեւորել համայն Հայութեան Հայրենիքը՝ զայն համախմբող ու միասնացնող, զայն իր արմատներուն կառչած պահող շաղախը ըլլալու իրականութիւնը՝ այնպէս ինչպէս եղան Վարդանանք։
Վարդանանց գաղափարախօսութեամբ զօրացած՝ այլեւս ժամանակն է որ շրջենք մեռնելով յաղթելու ճակատագիրը եւ բոցաշունչ բանաստեղծին հետ գոչենք.- Դարեր շարունակ, Արա Գեղեցիկէն մինչեւ Աւարայր ու Սարդարապատ, մենք մեռնելով ենք յաղթել։ Հաւատում ենք որ կարելի է եւ պէտք է այսուհետեւ ՅԱՂԹԵԼ ԱՊՐԵԼՈՎ…։
Ապրելով յաղթելու վճռակամութեան վկայութիւնն են այսօր հայկական զոյգ Հանրապետութիւնները, որոնց տակաւ հզօրացումը ուղեցոյց առաջադրանքը պէտք է ըլլայ համայն Հայութեան։
08/02/2018
ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ