Խաչքարերը մեր պատմութեան ու մշակոյթի, թերեւս, ամենախորհրդանշական վկաներն են: Այս մասին, դիմատետրի իր էջին գրած է Սուրբ Աթոռի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Միքայէլ Մինասեան:
«2014 թուականին Վատիկանեան թանգարաններուն մէջ բացուեցաւ եւ մշտական ցուցադրութեան դրուեցաւ հայկական միջնադարեան խաչքար: 1246 թուագրուող խաչքարը՝ այդ օրուընէ՝ իր պատուաւոր տեղը ունի Վատիկանեան թանգարաններու Ուրբանոս 8-րդ Պապի անուան ցուցասրահին մէջ` հանրայայտ Սիքսդինեան կապելլայի մօտ:
Ամէն օր, Վատիկանեան թանգարաններ կ՛այցելեն միջին հաշուով 27 հազար մարդ` աշխարհի տարբեր երկիրներէ: Թանգարանի մասնագէտներուն կարծիքով` միայն 2016-ին, հայկական խաչքարին ծանօթացած է աւելի քան 5 միլիոն այցելու: Ինծի համար անչափ խորհրդանշական է, որ տարեկան միլիոնաւոր մարդիկ կը ծանօթանան հայկական խաչքարի արուեստին»,- գրած է դեսպան Մինասեան: