Բուն Բարեկենդանը հայկական աւանդութեան համաձայն

Բուն Բարեկենդանը հայկական աւանդութեան համաձայն

Բարեկենդան եզրը միայն հայ ժողովուրդի բառապաշարին մէջ գոյութիւն ունի։ Ան մեծ Պահքի նախօրեակն է: Բուն Բարեկենդանի Կիրակին կանխող ամբողջ շաբաթը աբեղաթող կը կոչուի:

Բուն Բարեկենդանի նախորդող օրուայ յետմիջօրէին՝ փակեալ խորան է՝ աւագ խորանի վարագոյրին փակումը շաբաթ երեկոյեան։ Ասիկա կը նշանակէ մարդուն դրախտէն արտաքսումը եւ Տիրոջ հետ վերստին մերձենալու որպէս նախապատրաստութիւն՝ մարդուն նկատմամբ ունեցած Աստուծոյ բարեացակամ վերաբերմունքին ընթացքը՝ Քրիստոսի չարչարանքներու, խաչելութեան, մահուան եւ Քրիստոնէական վարդապետութեան ամենամեծ խորհուրդին` Յարութեան շրջանը։ Այս միջոցին Յիսուս մարդուն ճակտէն կը ջնջէ՝ ամօթալի այն խարանը՝ որուն պատճառաւ մարդը դրախտէն վտարուելով աշխարհիկ դաժան կեանքին բախեցաւ:

Սոյն ժամանակաշրջանին է, որ Յիսուսի վարդապետութիւնը լրումին հասաւ՝ անապատին մէջ քառասնօրեայ ծոմապահութեամբ եւ աղօթքով՝ որով չարի իշխանութիւնը ջախջախեց՝ իր հրապարակային կեանքին ձեռնարկելէ առաջ:

Ահա թէ ինչո՛ւ քրիստոնեայ աշխարհը Յիսուսի Յարութեան կը պատրաստուի ծոմապահութեամբ եւ պահքով:

Հայերս, որ քրիստոնէութիւնը ընդունող եւ պետականօրէն դաւանող աշխարհի առաջին ժողովուրդն ենք, Քրիստոսի օրինակին հետեւելով՝ խստապահանջութեամբ կը կիրառենք Քառասնորդացը:

Բարեկենդան կը նշանակէ բարի կենդանութիւն մաղթել հաւատացելոց, քանզի Հայերուս մօտ պահեցողութիւնը կը կատարուէր խիստ ընթացակարգով, այնքան որ մեր նախնիները ամբողջ օրը ծոմ պահելէ ետք, միայն աղ ու հաց ճաշակած են, այն ալ երեկոյեան: Առ այդ Քառասնորդացի շրջանը մեր մօտ կոչուած է նաեւ Աղուհաց (աղն ու հացը խորհրդանշելով նուազագոյնի վերածուած եւ ապաշխարանք նշանակող սնունդ): Իսկ հետագային աւելի մեղմացնելով՝ բաւարարուած են միայն հրաժարելով կենդանական որեւէ սնունդ ճաշակելէ։ Նոյնիսկ պղնձեայ սպասները ու անօթները զորս կ’օգտագործէին ճաշի պատրաստութեան եւ սպասարկման համար՝ բարեկենդանի փարթամ եւ ճոխ հացկերոյթի սեղանէն ետք՝ կլայեկել կու տային՝ որպէսզի կենդանական ճաշի հետքերը ի սպառ վերանան անոնց վրայէն:

Բարեկենդանի նախորդող շաբթուան համապատասխանեցուած է Վարդանանց երախտաւորներու յիշատակը՝ որպէսզի անոնց անկոտրում կամքը աչքի առաջ ունենալով եւ զանոնք որպէս հաւատքի վկաներու վսեմ եւ վեհ տիպարներ ընդունելով՝ ընթանանք միեւնոյն ճանապարհով:

Այսպէս, բարեկենդանի նախորդող շաբաթը Հայ ժողովուրդին համար նախապատրաստական շրջանի մը վերածուած է, հեռու՝ այլեւայլ զբաղումներէ, նոյնիսկ կենցաղային պէտքերէ։ Ասոր ամէնէն շօշափելի ապացոյցը՝ ժողովրդական աւանդական ասոյթն է՝ « Բարեկենդան լուացք, զատիկ՝ մահ»:

Այսպիսով կը յստականայ բարեկենդան բառին իմաստը, որ ինքնանպատակ չէ, այլ ունի իր տրամաբանական բացատրութիւնը, քանզի ճաշը մարդկային հաճոյքներէն մէկն է եւ ամէնաէականը։ Հետեւաբար, եթէ մարդ տուեալ ժամանակաշրջանին պահեցողութիւնը գործադրէ կատարեալ ձեւով, առանց տրտնջալու եւ բացթողումներու, իսկ ամենակարեւորը՝ աղօթելով աւարտէ Քառասնորդացի շրջանը, ապա կրնայ յաղթահարել որեւէ մարդկային կիրք: Այսպիսով մարմինը բիւրեղանալով եւ հոգին մաքրուելով կը միանայ Տիրոջ:

ՏԻԳՐԱՆ ՎՐԴ. ՓԻԼԻՊՊՈՍԵԱՆ