Ո՞Վ ՊԻՏԻ ՄՇԱԿԷ ԳՐՔԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻՆ ՄԷՋ

Ո՞Վ ՊԻՏԻ ՄՇԱԿԷ ԳՐՔԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻՆ ՄԷՋ

Չեմ գիտեր թէ ինչ բարեբախտ զուգադիպութեամբ մը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն՝ Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան տարեդարձին օրը (19 փետրուար) հռչակած է «Գիրք նուիրելու համաշխարհային Օր»։ Իսկ յաջորդող երկրորդ օրը՝ փետրուար 21-ը Մայրենիի Օր։ Այս բարեդէպ զուգադիպութիւնը անտարբեր չէր կրնար ձգել անշուշտ հայ (հայրենաբնակ) գրքասէր հասարակութիւնը, որ ուրախութիւնը եւ գոհունակութիւնը կ’ունենար (եւ դեռ եւս ունենալ կը թուի) տասնեակ մը տարիներ առաջ (եթէ չեմ սխալիր 2008-ին եւ  Գրողներու Միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանի առաջարկով)՝ Գիրք նուիրելու Օրը պաշտօնական տօն հռչակուած տեսնելու Հայաստանի կառավարութեան կողմէ եւ վայելելու այդ առիթին պատշաճ շուքով նշումը պետական ու ժողովրդական մակարդակով, մինչ  հայկական սփիւռքի մէջ Գիրք նուիրելու Օրուան մը գոյութիւնը յիշողները սակաւաթիւ են, որովհետեւ գիրք նուիրելու ցանկութիւն ունենալը չի բաւեր, եթէ   իբրեւ նուէր գիրք ստանալ ցանկացողներ ալ չկան կամ շատ քիչ են։ Այս պատճառով ալ ո՞վ կը յիշէ Գիրք նուիրելու Օրուան մը գոյութիւնը. հայկական վարժարանները թերեւս, կարգ մը մշակութային  միութիւններ, գրական կամ գրասէր շրջանակներ, թերեւս  քանի մը հրատարակչատուներ (իրենց մօտ կուտակուած գիրքերու օրինակները սպառելու առիթ որպէս) եւ… սփիւռքահայ սերունդներու այլասերման դէմ պայքարելէ չյոգնող եւ ընթերցասիրութիւնը եւ ուրեմն  նաե՛ւ  գրքասիրութիւնը այդ պայքարը զօրացնող միջոցներէն մէկը նկատող  մտաւորականներ։ 

Յաճախ, մենք զմեզ կը մխիթարենք ըսելով որ գիրք կարդացողներու թիւին նահանջը միայն հայերուս համար չէ, այլ համաշխարհային երեւոյթ է։ Համաշխարհային կամ հայկական, այս իրողութեան պատճառները բազմաթիւ են անշուշտ՝ տնտեսական դժուարութիւններէն սկսեալ մինչեւ ժամանակակից արհեստագիտութեան ընձեռած միջոցները, համակարգիչն ու համացանցը։

Այսուհանդերձ, ոչ ոք տարակարծիք է հայու ինքնութեան պահպանումին համար Գիրքին սէրը մշակելու հրամայականութեան շուրջ։ Սակայն, ո՞վ պիտի ստանձնէ հայ մանուկին ու պատանիին ուշադրութիւնը շեղեցնելով զինք շրջապատող օտարաբարոյ բարքերու եւ օտարամոլական երեւոյթներու վրայէն՝ անոնց մէջ այդ սէրը մշակելու պարտականութիւնը։ Դպրո՞ցը, ուսուցի՞չը, ծնո՞ղք, եկեղեցի՞ն…։

Գիրք նուիրելու Օրուան առթիւ մտքիս մէջ յառաջացած մտորումները, ինծի յիշեցուցին երեւոյթ մը՝ որ կը կարծեմ թէ գիրքին հանդէպ հետաքրքրութեան, յատկապէս նոր սերունդին մօտ հետաքրքրութեան նահանջին պատճառներէն մէկն է եւ կրնայ պատասխան ըլլալ վերեւի մտորումներուն։

Պիելի մէջ տեղի ունեցած ֆրանքոֆոնիի ցուցահանդէսներէն մէկուն ընթացքին, ուշադրութիւնս գրաւեց մանուկներուն վերապահուած անկիւն մը, ուր նկատեցի թէ երեխաներ, տղաք եւ աղջիկներ, տարբեր տարիքի, 10-12 տարեկանէն ոչ աւելի մեծ, աթոռակներու, բարձիկներու եւ մինչեւ իսկ գետինը կարպետի մը վրայ նստած ինչպիսի հետաքրքրութեամբ կը թերթատէին հրատարակութիւններ, եւ ոչ միայն մանկա-կան։ Աւելի ուշագրաւը այն էր որ մայրեր, իրենց զաւակներու կողքին նստած՝ յայտնապէս միացած էին անոնց հետաքրքրութեան, աւելին՝ կը քաջալերէին, կը խթանէին անոնց հետաքրքրութիւնը, ինչպէս որ նկատեցի երբ փորձեցի հետաքրքրուիլ անոնց հետաքրքրութեամբ։ Ըսին թէ եկած են ընտրելու այն ինչ որ տան մէջ միասի՛ն պիտի կարդան։

Մայր ու զաւակ միասի՛ն՝ գիրքին դիմաց։

Նախանձելի այս երեւոյթը լուրջ խորհրդածութեան մղեց զիս։ Մտածեցի թէ ինչքա՜ն կարեւոր է մօր դերը զաւակներու ճաշակի ու նախասիրութիւններու մշակումին մէջ, որուն ոլորտը ընդարձակ է անշուշտ, բայց ակնարկս գիրքի մասին է։ Մտածեցի թէ եթէ մայրը այդ ճաշակն ու նախասիրութիւնը ի սկզբանէ չունի, կամ եթէ ունի բայց չի զգացներ, զաւակը ուրկի՞ց պիտի ստանայ զայն։ Միայն դպրոցէ՞ն։ Չէ՞ որ զաւակին դաստիարակութիւնը կը սկսի տունէն՝ կ’ըսենք, առանց դաստիարակութիւն հասկացողութեան մէջ խորանալու։

Books 2

Ես ինծի հարց տուի թէ այս դաստիարակութեան շրջագիծէն ներս արդեօք քանի՞ հայ մայրեր իրենց զաւակներուն մօտ ընթերցասիրութեան ու գրականասիրութեան ճաշակը, եթէ ունին անշուշտ, զարգացնելու համար այսպիսի պարտականութեան մը կարեւորութեան գիտակցութիւնը ունին եւ ժամանակ կը տրամադրեն այդպիսի պարտականութեան մը։ Հարցադրումիս արդար պատասխան մը գտնելու նպատակով, ձեռնարկեցի լրագրողի փոքր հարցաքննութեան մը հայ ընտանիքներէ ներս։ Արդիւնքը, (Հետաքրքրական պիտի ըլլար անշուշտ վիճակագրութեան մը արդիւնքը) մեղմ ըսած, յուսադրիչ չէր։ Զրուցակիցներս, քիչ բացառու­­թեամբ, կա՛մ այդ ճաշակը ու նախասիրութիւնը չունէին եւ կամ ալ… ժամանակը։ Թերեւս ժամավաճառութիւն սեպելով նման աշխատանք մը։

Մենք առաւելաբար եւ երբեմն նոյնիսկ միա՛յն՝ Հայ դպրոցէն, հայ դաստիարակէն, հայերէնի ուսուցիչէն կ’ակնկալենք հայ աշակերտին մօտ հայերէն գիրքին ու գրականութեան հանդէպ սէր մշակելու պարտականութիւնը։ Չէ՞ք կարծեր որ մեր այս ակնկալութեան ուղղութիւնը եթէ ոչ առաւելաբար գէթ հաւասարապէս պէտք է ուղղել նաեւ դէպի չեմ ըսեր ընտանիքը, այլ ընտանիքին մա՛յրը։ Եթէ կը կարծէք, պէտք է, ուրեմն, մայրերը եւ յատկապէս երիտասարդ մայրերը ներգրաւել ընթերցասիրութեան, գրականասիրութեան, գրքասիրութեան ճաշակը իրենց զաւակներուն մօտ մշակելու միտող աշխատանքներուն ու ձեռնարկներուն մէջ, եւ ի հարկին այս ուղղութեամբ նախ մայրերը դաստիարակելու ու նախապատրաստելու աշխատանք տանիլ։ Այսպիսի աշխատանք մը՝ մեր մշակութային կազմակերպութիւններուն հետ տանելու կոչուած են նաեւ ազգային եւ եկեղեցական մարմինները՝ որոնք շրջապատուած են կանանց միութիւններով, անշուշտ յուսալով որ պիտի գտնուին այսպիսի աշխատանքի մը կարեւորութեան գիտակցութիւնը ունեցող հայ կանայք, մանաւանդ երիտասարդ մայրեր։

23/02/2018

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ