2008 տարուայ Նոյեմբեր 17-ին իր մահկանացուն կնքեց Զմմառեան միաբան, Հայր Մեսրոպ ծ. վրդ. Ճուրեանը, թողելով իր ետին մեծ վաստակ՝ եկեղեցական, հովուական, խմբագրական եւ կրթադաստիարակչական մարզերէն ներս:
27 Սեպտեմբեր 2017–ին, առ յաւէտ իր աչքերը փակեց ու հեռացաւ այս աշխարհէն, միանալու իր «եղբօր», (ինչպէս կը սիրէր ըսել ինք), Զմմառեան մեծ մտաւորական, խմբագիր , գրագէտ եւ մանկավարժ Հայր Անդրանիկ ծ.վրդ. Կռանեանը, սուգի մատնելով իր միաբանակիցներն ու սիրելիները, որոնք անոր մէջ կը տեսնէին իրենց անզուգական հոգեւոր հայրն ու հոգեւոր վարիչը:
Հանգուցեալ վարդապետներուն միաբանակից եղբայրներու, բազմաթիւ հաւատացեալներու եւ իմ՝ տրուպիս վկայութեամբ, հայր Մեսրոպ եւ հայր Անդրանիկ էին եւ կը մնան մեր Եկեղեցւոյ այն հոգեւորականներէն, որոնք միշտ օրինակ հանդիսացած են իրենց շրջապատին եւ միաբանակիցներուն՝ իրենց կենցաղով եւ աշխատանքով: Անոնք նման էին այն մեծ ու ալեւոր կաղնիին, որուն տակ պատսպարան ու հանգիստ կը գտնէ հովիւը՝ իր հօտին հետ, արեւու կիզիչ շողերէն պաշտպանուելու:
Հայր Մեսրոպին առ ի երախտագիտութիւն, անոր մահուան քառասունքին առթիւ, լոյս տեսաւ «Աւետիք յաւելուած» թիւ 1-ը, որուն մէջ իրենց սրտի խօսքերով վկայութիւններ գրած էին հոգելոյս վարդապետին եղբայրակից հոգեւորականները , հարազատներն ու բարեկամները: Սոյն գրքին մէջ, նոյնինքն հայր Անդրանիկ կը գրէր, «Մաղթանք մը ունիմ» վերնագրին տակ կրկնելով բանաստեղծ Պետրոս Դուրեանի խօսքը. «Թէ յիշատակս ալ թառամի, ո՛հ այն ատեն ես կը մեռնիմ» եւ կ’աւելցնէր. «Որպէսզի հայր Մեսրոպի յիշատակն ալ չթառամի, հարկ է անոր անտիպ ուսումնասիրութիւնները քով քովի բերել, ցորենը որոմէն զատել ու զանոնք Զմմառեան Մատենաշար տիտղոսին տակ հանրութեան ներկայացնել»:
Այդ երկու հսկայ կաղնիները չկան այսօր, տապալած են. կան անոնց թողած վաստակն ու միտքը, գաղափարներն ու հոգին։ Կը սփոփուինք անոնցմով, մինչ անոնք մեզ կը դիտեն թերեւս իրենց մեղադրական աչքերով, սրամիտ խօսքերն ու երբեմն յանդիմանական ձայնը մեզ լսցնելով, քանզի՝ ինչպէս կը մաղթէր հայր Կռանեան նոյն գրութեան մէջ «Մաղթանքս՝ անոր թարմ շիրիմին վրայ, այն է թէ մէկը ընդ փոյթ ստանձնէ այս ազգօգուտ ու երախտաշատ աշխատանքը…»։ Ափսոս որ այդ մաղթանքը կը մնայ տակաւին անպատասխան :
Չեմ ուզեր անտարբերութեան վերագրել այդ մաղթանքին գործադրութեան յապաղումը, եւ ոչ ոք մեղադրել, գիտեմ թէ «հունձքը առատ է ու մշակները սակաւ», բայց՝« աւելի լաւ է ուշ քան երբեք»։ Այսօր վստահ եմ նոյն մաղթանքն ալ շատեր ունին հայր Անդրանիկին համար:
Ժամանակն է որ մեր երկու տիտաններուն գործերը, մանաւանդ՝անտիպ մնացածները մէկտեղելու եւ հերթաբար լոյս ընծայելու եւ կեանքի կոչելու հայր Անդրանի-կի երազած Զմմառեան Մատենաշարը, որով անոնց յիշատակը վառ պահած կ’ըլլանք եւ կ’ըսենք թէ անոնք տակաւին կ’ապրին մեր մէջ իրենց թողած գործերով, մտքերով եւ գաղափարներով:
Այսօր զոյգ շիրիմներուն վրայ, կրկնակի է մաղթանքս՝ զոր ըրած էր հայր Կռանեան, հայր Մեսրոպի թարմ շիրիմին վրայ:
Մեր սրբակենցաղ զոյգ վարդապետները իրենց կեանքը տուին Հայ գիրը, Հայ մշակոյթը, Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւնն ու աւանդութիւնները անմահացնելու։ Մեր կարգին պարտական ենք անոնց գործերը արժեւորել եւ հանրութեան ներկայացնել, անոնց նուիրական գործը շարունակելով:
ՐԱՖՖԻ ՃՈՒՐԵԱՆ