ԿԱՐԴԻՆԱԼ ՔՈԽ ԿԸ ՊԱՏԱՐԱԳԷ ԵՐԵՒԱՆԻ ՍԲ. ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻ ՄԱՏՈՒՌԻՆ ՄԷՋ

ԿԱՐԴԻՆԱԼ ՔՈԽ ԿԸ ՊԱՏԱՐԱԳԷ  ԵՐԵՒԱՆԻ ՍԲ. ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻ ՄԱՏՈՒՌԻՆ ՄԷՋ

5 փետրուար 2018-ին Հայաստանի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին հիւրընկալեց Հռոմի Սուրբ Աթոռի Քրիստոնէական միութեան խորհուրդի նախագահ վսեմաշուք Կարդինալ Քուրտ Քոխը, որ հրաւէրով Արհի. Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանի պատարագեց Երեւանի Սբ. Գրիգոր Նարեկացի ժողովրդապետութեան մատուռին մէջ։ Ծիրանաւորին հետ համապատարագեցին Արհի. Ռաֆայէլ Արք. Մինասեան, Արհի. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Կովկասի պապական նուիրակի ժամանակաւոր պաշտօնակատարը և Հայաստանի մէջ ծառայող հայ կաթողիկէ հոգեւորականներ, ներկայութեամբ Անարատ Յղութեան հայ միաբան քոյրերու և Հայաստանի տարբեր շրջաններէն եկած հայ կաթողիկէ երիտասարդներու:

Սուրբ Պատարագէն առաջ Արհի. Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեան իր ողջոյնի խօսքն ուղղեց Վսեմաշուք Կարդինալին՝ ուրախութիւն յայտնելով անոր այցելութեան եւ հայ կաթողիկէ համայնքին համար Սուրբ Պատարագ մատուցանելու պատրաստակամութեան, եղբայրական սիրոյ այդ հոգեշահ քայլի համար:

Սուրբ Պատարագը մատուցուեցաւ լատինական ծիսակատարութեամբ եւ Հայ Եկեղեցւոյ շարականներու երգեցողութեամբ: Վսեմաշուք Կարդինալը իր քարոզի ընթացքին ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց Սուրբ Գրքի ընթերցուածին վրայ, որ Երուսաղէմի տաճարի կառուցման մասին էր: Կարդինալը բացատրեց «Եկեղեցի» հասկացութիւնը՝ որպէս Քրիստոսի Խորհրդաւոր Մարմին, Քրիստոսի աշակերտներու միութիւն եւ զօդ, փրկութեան տապան և մարդկութեան սրբագործման ճանապարհ, որու առանցքային շարժիչ ոյժը Սուրբ Հաղորդութիւնն է՝ խորհրդաւոր միութիւնը Տէր Յիսուս Քրիստոսի Անձի և Զոհաբերութեան հետ: Կարդինալը կոչ ըրաւ յարատեւ մասնակցելու միասնական աղօթքի՝ խմբուած Յիսուսի Սուրբ Զոհի շուրջ, որն ի Քրիստոս եղբայրներու եւ քոյրերու միութեան միակ գրաւականն է:

Սուրբ Պատարագէն ետք Վսեմաշուք Կարդինալին եւ ներկաներուն իր խօսքն ուղղեց հայ կաթողիկէ երիտասարդներու խումբի վարիչ գերյ. Հ. Գառնիկ ծ. վրդ. ՅովսԷփեան: Հայր Սուրբը շեշտեց, որ Վսեմաշուք Կարդինալի ներկայութիւնը մեծ օրհնութիւն է և խրախուսանք հայ երիտասարդներուն համար՝ յարատեւելու եւ ամրանալու քրիստոնէական առաքելութեան մեջ, ապրելու եղբայրութեան մէջ, որպէսզի կարողանան վկայել Տիեզերական Եկեղեցւոյ միութեան ճշմարտութիւնը: Հայր Գառնիկ գոհունակութեամբ յայտնեց, թէ հայ կաթողիկէ երիտասարդները քաջատեղեակ են Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ վարդապետութեան, դաստիարակուած եւ պատրաստուած են հանդիպելու և շփուելու քրիստոնէական այլ համայնքներու ներկայացուցիչներու հետ:

Կարդինալ Քուրտ Քոխ Հայաստան ժամանած էր՝ մասնակցելու 30 յունուարէն 4 փետրուար Սուրբ Էջմիածնի մէջ գումարուող Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթողիկէ Եկեղեցիներու միջեւ աստուածաբանական երկխօսութեան միացեալ յանձնախումբի 15-րդ հանդիպմանը, որուն ներկայ էին նաեւ Սուրիոյ հայ կաթողիկէներու առաջնորդ Արհի. Պետրոս Արքեպս. Միրիաթեանը և Թուրքիոյ հայ կաթողիկէներու առաջնորդ Արհի. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեանը: