Շաբաթ, 20 յունուար 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՀԿՄ-ի «Արարատեան» սրահին մէջ, «88+ յաւերժ» յուշահանդէսով մը` արժանավայել շուքով նշուեցաւ Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանին յիշատակը հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, ի յիշատակ Միութեան հիմնադիր Հայր Կռանեանին, բանակումի փոխարէն բեմին վրայ տեղի ունեցաւ ՀԿՄ-ի Պատանեկանի Զալքայի մասնաճիւղէն երեք պատանիներու խոստման արարողութիւնը: Ապա ձեռնարկի բացման խօսքը կատարեց Սեպուհ վրդ. Կարապետեան։ «Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեան իր նուիրական կեանքով թոյլ տուաւ, որ Քրիստոս ապրի իր մէջ, եւ անոր վախճանումը որքան ալ ցաւալիօրէն նօսրացուցած ըլլայ առաքեալներուն շարքերը, այլեւս կորուստ մը չի նկատուիր եկեղեցւոյ համար, այլ անկորնչելի շահ» ըսաւ ան (Խօսքը՝ յաջորդ էջերուն մէջ):
Հայ Կաթողիկէ Համալսարանականներու Միութեան պատրաստութեամբ ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը` Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանի կեանքն ու գործունէութիւնը ներկայացնող:
Ապա Զմմառու Միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեան ներկայացուց Հայր Կռանեան հոգեւորականը: «Անդրանիկ Կռանեան իր հոգեմտաւոր տեսիլքներով եւ ջերմ աղօթքներով նուաճեց շարքը մտքի ու հոգիի մերօրեայ տիտաններուն» ըսաւ Մեծաւոր Հայրը (Խօսքը՝ յաջորդ էջերուն մէջ)։
Մարինա Սամանլեան կարդաց Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանի 1981-ին գրուած, ցարդ անտիպ «Երթա՜մ… Երթա՜մ…» կտորը, որմէ ետք Հայկազեան Համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան ներկայացուց Հայր Անդրանիկ Կռանեան մտաւորականը: Ան ըսաւ. «Իսկական մտաւորականի յատկութիւններէն Անդրանիկ Կռանեանի մէջ ճանչցանք քննող միտքը: Վարդապետին մօտեցումներուն եւ արտայայտութիւններուն մէջ բոլորը տեսան ինքնուրոյն միտք եւ իր կարողութեան նկատմամբ ունեցան բարձրաստիճան վստահութիւն» (Խօսքը՝ յաջորդ էջերուն մէջ):
Պորիս Միրզոյեան (ջութակ), Հայկ Տէր Յովհաննէսեան (ալթջութակ), Հայկ Պապայեան (թաւջութակ) եւ Գէորգ Քէշիշեան (սրինգ) քառեակը հրամցուց կոմիտասեան եղանակներու փունջ մը:
Ժիրայր Դանիէլեան ներկայացուց Հայր Անդրանիկ Կռանեան խմբագիրը: Ան ըսաւ, թէ Անդրանիկ ծ. վրդ.Կռանեանի հրապարակագրական, լրագրական եւ հոգեմտաւոր փայլատակումներու վկայութիւնները եղան «Երիտասարդ հայ»ը, «Մասիս»ը եւ «Զուարթնոց»ը, ապա իր գիտաբանասիրական կարողութիւններուն եւ ձիրքերուն արտայայտութիւնը հանդիսացաւ «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»ը (Խօսքը՝ յաջորդ էջերուն մէջ):
Զմմառու ընծայարանի ժառանգաւորները մեկնաբանեցին «Բազմաչարչար նահատակ» (Խօսք՝ Անդրանիկ ծ.վ. Կռանեանի) եւ «Աղաչեայ վասն մեր» երգերը:
Հուսկ, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը ուղղեց իր հայրապետական խօսքն ու տուաւ օրհնութիւնը: Ան ըսաւ, թէ Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանի բոլոր արժանիքները կը բխին աղբիւրէ մը… անոր հոգեւորականի հանգամանքը եղած է իր կեանքին մեկնակէտը, իր ուղեցոյցը: Հոգեկան ապրումին եւ գերագոյն երջանկութեան աղբիւրը, այսինքն` աստուածային կոչումը, որուն փարած էր փոքր տարիքէն եւ անով ապրած էր իր պատանեկութենէն մինչեւ խոր ծերութիւն, մինչեւ կեանքին վերջին շունչը (Հայրապետական խօսքը՝ յաջորդ էջերուն մէջ)։
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրոջ պահպանիչով աւարտին հասաւ տպաւորիչ ձեռնարկը:
ԳԵՐԱՊԱՏԻՒ ՀԱՅՐ ՍԵՊՈՒՀ ՎՐԴ․ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆԻ
ԲԱՑՄԱՆ ԽՕՍՔԸ
88 տարիներ շարունակ, ամէն տարի ճիշդ այս օրը, հայր Անդրանիկ Կռանեան իր ծննդեան տարեդարձին կարկանդակը կը բեկանէր, մարելով կեանքին անցնող տարիները խորհրդանշող մոմը. իսկ այսօր, մենք՝ անոր հաւատարիմ ժառանգորդներս, հաւաքուած ենք իր ծննդեան տարեդարձին օրը, որպէսզի անոր յիշատակը յաւերժացնող մոմերը վարենք:
Տարիներ շարունակ, ամէն տարի ճիշդ այս օրը, հայր Անդրանիկ Կռանեան սրտագին մաղթանքներ կը բարձրացնէր առ Աստուած, վստահաբար աղօթելով Հայ Եկեղեցւոյ, Ազգին ու Հայրենիքին դիտաւորութեան. իսկ այսօր, եկած ենք այս վայրը՝ Արարատեան սրահը, ուր դրոշմուած են Կռանեանի աշխատանքին հետքերը, որպէսզի անոր յիշատակը ոգեկոչելով, դարձեալ յաւերժացնենք անոր՝ անցեալի, բայց եւ այնքան այժմէական մաղթանքները, փափաքներն ու իղձերը։
Տարիներ շարունակ, ամէն տարի ճիշդ այս օրը, հայր Անդրանիկ Կռանեան՝ շրջապատուած իր սիրելիներով, կը վկայէր կեանքի գեղեցկութեան, ուրախութիւն եւ յոյս բաշխելով իր շուրջիններուն՝ յո՛յս յարատեւելու, պայքարելու եւ հասնելու:
Կռանեան՝ շնորհակալութիւն որ գոյութիւն ունեցար, եւ քեզ ճանչնալու ուրախութիւնը եւ հպարտութիւնը պարգեւեցիր մեզի։
27 Սեպտեմբեր 2017-ին, Հայ Եկեղեցին, եւ յատկապէս Կաթողիկէ Համայնքը, արձանագրեց սուգի ծանրակշիռ էջ մը, ուր ողբաց ընդհանրապէս հայ մամուլի եւ մասնաւորաբար «Մասիս» շաբաթաթերթի տիտաններէն մէկուն՝ գերյ. հայր Անդրանիկ ծ. վ. Կռանեանի՝ Զմմառու միաբան հոգեւորականին, սերընդակերտող վարդապետին ու բազմավաստակ մտաւորականին մահը: Ան հրաժեշտ տուաւ այս աշխարհին, հանդիպելու համար Երկնաւոր Հօր: Կռանեան՝ աստուածային կոչումով ղրկուեցաւ քարոզելու աւետարանը, ծառայելու Հայ ազգին ու եկեղեցիին, հովուելու Քրիստոսի հօտը: Ան կատարեց կամքն Աստուծոյ առանձնաշնորհեալ առաքելութեամբ մը:
Պօղոս առաքեալ Փիլիպեցիներուն ուղղած նամակին մէջ կ՛ըսէ. «Ինծի համար կեանքը Քրիստոսն է, եւ մեռնիլը՝ շահ» (1,21): Հանգուցեալ առաքեալը ապրեցաւ ու մեռաւ Քրիստոսի հետ, Քրիստոսի համար եւ Քրիստոսի մէջ: Ան այսօր շահեցաւ Արքայութիւնը, այն վայրը՝ զոր այնքա՜ն երազեց եւ որուն՝ իր աղօթքներով տենչաց հասնիլ: Եւ որովհետեւ Կռանեան, իր նուիրական կեանքով, թոյլ տուաւ որ Քրիստոս ապրի իր մէջ, ուրեմն անոր վախճանումը, որքան ալ ցաւալիօրէն նօսրացուցած ըլլայ առաքեալներու շարքերը, այլեւս կորուստ մը չի համարուիր եկեղեցւոյ համար, այլ՝ անկորնչելի շահ:
Շահ՝ շնորհալի առաքեալի մը, որուն հոգեշահ ու խնկալի կենցաղը օրինակ դարձաւ եւ պիտի դառնայ շատերու:
Շահ՝ պտղաբեր նուիրեալի մը, անձնուէրի մը, որ իր օծուն խօսքերով, արդիւնաբեր գրիչով եւ օգտաշատ ծառայութիւններով լուսաւորեց կեանքն անոնց, որոնք խաւարի մէջ էին:
Շահ՝ սրբակեաց բարեխօսի մը, որ պիտի աղերսէ առ Աստուած, որպէսզի մշակներ ղրկէ իր հունձքին:
Որքան գեղեցիկ է տեսնել Կռանեաններ, որոնք կը գործեն հաւատքի տարածման դաշտին մէջ, ուրախ՝ հասցնելու Քրիստոսը ամէն տուն, ամէն փողոց, ամէն հրապարակ ու ամէն անկիւն աշխարհի մէջ:
Առիթէն կ՛օգտուիմ սրտագին շնորհակալութիւն յայտնելու բոլոր անոնց որոնք համագործակցեցան այս ձեռնարկը յաջողցնելու:
Շնորհակալութիւն յատկապէս Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տիրոջ, որ իր հայրական օրհնութեամբ եւ տնօրինութեամբ առիթը ընծայեց այս միջոցառումը կազմակերպելու:
Շնորհակալութիւն Պրն. Սարգիս Նաճարեանին, Տէր Կարապետ Քհն. Թադէոսեանին, եւ այս ձեռնարկը կազմակերպող յանձնախումբի իւրաքանչիւր անդամին՝ պրն. Կրէկուար Գալուստին, պրն. Միհրան Նաճարեանին, պրն. Արամ Գարատաղլեանի, պրն. Ժօ Զուլիքեանին եւ օրդ. Դալար Աթեշեանին։ Շնորհակալութիւն երեք բանախօսներուն՝ գերապայծառ Հայր Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեանին, Վերապատուելի Փօլ Հայտոսթեանին եւ պրն. Ժիրայր Դանիէլեանին: Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց որոնք մասնակցեցան գեղարուեստական յայտագիրին՝ Զմմառու զոյգ ընծայարաններու ժառանգաւորները, Հայ Կաթողիկէ Համալսարանական Միութիւնը, Զալքայի Հ.Կ.Մ. Պատանեկանը, նուագախումբը եւ Տիկին Մարինա Սամանլեան Հայըքը:
Խունկ ու աղօթք կը բարձրացնենք հանգուցեալ առաքեալին հոգիին, խնդրելով ամենաբարին Աստուծմէ նոր կոչումներ հայթայթել ի սպաս մեր Եկեղեցւոյ, Ազգին, ու Հայրենիքին: Թող ան բարեխօս ըլլայ մեզի եւ անոր յիշատակը անթառամ մնայ:
ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ՀԱՅՐ ԳԱԲՐԻԷԼ Թ․ Ծ․ ՎՐԴ․ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ
«ՀԱՅՐ ԿՌԱՆԵԱՆ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻՆ, ԳԻՐԻՆ ՈՒ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆ ԷՐ ՄԵՐ ՄԷՋ»
Այս նուիրական երեկոյթին, երբ լիբանանահայութեան մտաւորական խաւը և մշակութային կեանքին ներկայացուցիչները համախմբուած են միասնաբար ոգեկոչելու բոլորին սիրելի ու յարգելի Հ. Անդրանիկ ծ. վ. Կռանեանի անթառամ յիշատակը, պարտք կը զգամ իբր Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդը մեծարելու մեր լուսահոգի միաբանը, որ իր հոգեմտաւոր տեսիլքներով եւ ջերմ աղօթքներով նուաճեց շարքը մերօրեայ մտքի ու հոգիի տիտաններուն:
Հ. Անդրանիկ Զմմառու Միաբանութեան մէջ ճառագայթող ներկայութիւն մը եղաւ ի շարս այլոց և Հայ Եկեղեցւոյ երկնակամարին վրայ լուսափայլ աստղ մը: Ազգին ու Եկեղեցւոյ ծառայութիւնը իր կեանքին գերագոյն նպատակն ու գոհունակութիւնը նկատեց եւ իր կեանքին ընթացքին իբր հարազատ ընտանիք ունեցաւ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութիւնը, իսկ իբր ընտանիքին անդամներ՝ միաբանակից եղբայրները:
Այս Միաբանութիւնը, Հ. Անդրանիկի մեկնումէն ետք, կը զգայ եւ կը գիտակցի թէ ինչպիսի՜ մեծ կորուստ մը ունեցած է, որովհետեւ ան լոկ անդամ մը չէր մեր Միաբանութեան, այլ՝ հայ մշակոյթին, գիրին ու գրականութեան ներկայութիւնն էր մեր մէջ:
Հ. Անդրանիկ, արդէն 1963-1965 տարիներուն, իր դրոշմը թողուց Զմմառու վանքի մատենադարանի դասաւորման աշխատանքին վրայ:
Մեծ հիացող մը տառին ու գրականութեան հանդէպ՝ ան ամենայն բծախնդրութեամբ, այն օրերու վանքի Մեծաւոր Հ. Յովսէփ ծ. վ. Պասմաճեանի թելադրութեամբ, դասաւորեց վանքին հնատիպ եւ ժամանակակից գիրքերը: Այսօր այս յառաջացած գիտութեան օրերուն, մեր յարգանքի տուրքը կը մատուցանենք Հ. Անդրանիկին՝ իր կատարած աշխատանքին համար:
Արդարեւ, Հ. Անդրանիկ իր յուշագրութիւնը կ’աւարտէ, Ուրբաթագիրքի յայտնաբերումին ակնարկելով, զոր երեւան հանած էր 1965-ին, գրադարանի փոխադրութեան ատեն. «Ուրբաթագիրք-ի Զմմառու օրինակին յարութիւն տուի»: Աւելի ուշ՝ 1980-ին, ան միաբան եղբայրներու հետ հիմնեց ու խմբագրեց նաեւ Միաբանութեանս «Զմմառեանք ի սփիւռս աշխարհի» պարբերաթերթը, որ ամուր զօդ ու կապ մը եղաւ միաբաններուն միջեւ:
Հ. Անդրանիկ հմուտ երաժշտագէտ էր. դասական երաժշտութեան սիրահար էր, որովհետեւ զայն կը համարէր գագաթնակէտը մարդկային ստեղծագործութեան ու զգացումներուն:
Աւելի՛ն: Իր ծիսագիտական պաշարով մեզի փոխանցեց հայ գոհար արարողակարգը, մեր առջեւ բանալով Հայ Եկեղեցւոյ ճոխ ու հարուստ հոգեւոր ակունքները:
Հ. Անդրանիկ որպէս քաջ հովիւ՝ հոգեւոր ու միաբանական կոչումներու տագնապին նկատմամբ իր մտահոգութիւնը յայտնած էր: Ան ստէպ կ’արտայայտուէր ըսելով. «Ժամանակէ մը ի վեր կոչումներու տագնապը մեր մորթը կրծել սկսած է»:
«Եթէ կ’ուզենք կոչումներ յարուցանել, պէտք է վերարծարծենք կրօնական զգացումը հոն, ուր մեռած է։ Հոն՝ ուր կրօնքին հանդէպ հաւատք չկայ, կոչում չկայ»:
Այսպէ՜ս Աստուած Անդրանիկ պատանիին քայլերը առաջնորդած էր իրենց տունէն շատ հեռու Յիսուսեաններու Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ վարժարանը, ուր ան գտած եւ ամբողջացուցած էր կրօնական զօրաւոր ազդակը, որ կը պակսէր իր ընտանիքին ու միջավայրին մէջ:
Հ. Անդրանիկ մարդամօտ էր, բարեկամը եւ գործակիցն էր բոլորին, պատրաստ օգնելու կարօտեալին ու չքաւորին: Անոր խօսքերէն կը յիշենք հետեւեալը. «Քու օգնութեանդ դիմող կարօտեալին՝ նախ օգնէ, յետոյ հարցուր, թէ ի՞նչ ազգի, համայնքի կամ կրօնքի կը պատկանի: Տառապող մարդը նախ Աստուծոյ կը պատկանի: Երանի՜ կարենայինք մարդոց նայիլ զանոնք Ստեղծողին աչքերով»:
Բոլորին նկատմամբ ժպտադէմ էր. հոգիներն ազնուացնող հայեացք մը ունէր. կը մխիթարէր սգաւորը եւ կը քաջալերէր աշխատողը: Հակառակ իր բարեսրտութեան՝ ան շատ խիստ կեցուածք ունէր որեւէ սխալի դիմաց. անաչառ էր իր դատողութեան մէջ: Սակայն եւ այնպէս իր խորհուրդներն ու ցուցմունքները, նոյնիսկ դիտողութիւնները, մեր կողմէ կ’ընդունուէին մեծ ակնածանքով:
Հ. Անդրանիկ եղաւ սերունդներ կերտող հովիւ: Այն տեղէն, ուրկէ անցաւ, իր հետքը թողուց: Ամէն տեղ իր շուրջը հաւաքեց հայ մանուկը, պատանին ու երիտասարդը՝ դարբնելու համար հայ Եկեղեցւոյ, Ազգին ու Հայրենիքին նուիրեալ ապագայ սերունդը: Սերունդներ պիտի յիշեն, թէ ինչպիսի ուսուցիչ ու դաստիարակ մըն էր ան՝ խստապահանջ, օրինապահ եւ պիտի յաւերժացնեն անոր անունը:
Հայ ժողովուրդին մտաւորական դասը, ըլլայ Մայր Հայրենիքի, ըլլայ սփիւռքի մէջ, պիտի յիշէ Հ. Անդրանիկը, որովհետեւ ան հայկական կեանքին մէջ յիշատակ մը թողած է: Կը մէջբերեմ նախադասութիւն մը իր իմաստալից խօսքերէն, որ ամէն հայու կարգախօսը պէտք է դառնայ. «Հայ ըլլալու համար՝ չի՛ բաւեր հայ ծնիլ, հարկ է նաեւ իբր հայ ապրիլ»:
Հ. Անդրանիկ, իր կեանքի վերջին հանգրուանին, առանձնութեան մէջ լուռ կեանք մը կ’ապրէր Զմմառու Տիրամօր հովանիին ներքեւ:
Ան վանքի մայր տաճարին մէջ ունէր իրեն յատուկ խորան մը, ուր Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի սրբապատկերին առջեւ, իր ամենօրեայ պատարագը կը մատուցանէր: Այսօր լուռ է այդ խորանը, կարօտ՝ Հ. Անդրանիկի լուռ մատուցումներուն եւ աղօթքներուն:
Իր գրասենեակը, որ իր կեանքի անբաժան մէկ մասն էր, ուր կը գրէր, կը խորհրդածէր, միաժամանակ ընդունելով իր հիւրերը, դարձեալ լուռ է այսօր: Նոյնպէս դպրեվանքին մէջ ան իր յատուկ տեղն ունէր. հոն նստած՝ երկար ժամեր կը խորհրդածէր, վարդարանը ձեռին՝ միշտ կ’աղօթէր եւ հասարակաց աղօթքներուն միշտ իր մասնակցութիւնը կը բերէր. այսօր այդ փոքրիկ անկիւնը եւս իր ներկայութեան կարօտը կը զգայ:
Արդարեւ, անվարան կարելէ է ըսել, որ Հ. Անդրանիկ վանքին մէջ փառաւոր ծերութիւն մը կ’ապրէր: Հակառակ իր յառաջացած տարիքին՝ Հ. Անդրանիկ երբեք չկորսնցուց իր հոգիին պայծառութիւնն ու մտքին գիտակցութիւնը:
Զմմառու վանքին հանդէպ իր սէրը կը յայտնէ հետեւեալ խօսքերով. «Ով վանք իմ, դուն միայն վանք չես, այլ հարազատ հանք ես, ոչ թէ ոսկիի կամ արծաթի, այլ՝ սուրբ իղձերու թանկագին հանքն ես: Այլ կոչումներու երկնային ցանքն ես, սրբատաշ հա՛նքն ես: Եւ մեր հայ ազգին ձուլումին կանգն ես, յարութեան զանգն ես»:
Հ. Անդրանիկ կը գիտակցէր, թէ իր երկրաւոր կեանքը իր աւարտին հասած էր. կ’ընդունէր, որ իր կեանքի ճրագը պիտի մառէր: Այս ճշմարտութիւնը կ’արտայայտէր հետեւեալ ձեւով. «Այլեւս աւելի սիրելիներ ունիմ երկինքին մէջ քան թէ երկրիս վրայ: Երթա՜մ ու դէմ առ դէմ տեսնեմ ա՛յն Աստուածը, որ մինչեւ օրս միա՛յն հաւատքի աչքերով կը սեւեռէի»: «Երթա՜մ ու տեսնեմ Զմմառու Ցաւագին Տիրամայրը, և իրմէ ներողութիւն խնդրեմ, քանի որ իր մայրական աչքերը ե՛ս ալ երբեմն արցունքով լեցուցի ու լացուցի»: «Այս աշխարհիս վրայ մենք ուխտաւորներ ենք: Եկեղեցին մեզ կը կոչէ ուխտագնացներ, որովհետեւ մեր երկնաւոր Հօր տունը կ’ուղղուինք: Մենք հոս եկած ենք, մեզի սահմանուած առաքելութիւն մը կատարելու ու զայն աւարտելէ յետոյ՝ Յիսուսի պէս մե՛նք ալ վերադառնալու ենք մեր երկնաւոր Հօր մօտ»:
Հ. Անդրանիկ վեց տարիներ շարունակ, երբ կը գործակցէինք, աւագ խորհրդականի հանգամանքով, չեմ կրնար մոռնալ, թէ ինչպէս իմ որպիսութիւնը կը հարցնէր, գիտակցելով պատասխանատուութեանս ծանրութեան եւ իր քաջալերական խօսքերով զիս կը խրախուսէր. «Մի՛ վախնար, զօրաւո՛ր եղիր, Զմմառու Տիրամայրը հետդ է»: Այս խօսքերը, կարծէք, իմ սրտիս մէջ դրոշմուած են ցայսօր:
Հ. Անդրանիկ իր կեանքի վերջին հանգրուանին, հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան ու կոչումին, Աստուծոյ խոնարհ ծառան հանդիսացաւ և շիջեցաւ իր հետ տանելով մեծ հայ մը, ծիսագէտ մը, տիպար եկեղեցական մը, ինչպէս նաեւ սուգի մատնելով համայն հայութիւնը, եկեղեցական դասն ու աշխարհականը, հայրենի աւագանին և մտաւորականութիւնը, ունեւորն ու չքաւորը:
Իմ խօսքս իր աւարտին կը հասցնեմ Հ. Անդրանիկի՝ Աստուծոյ ուղղած հետեւեալ խօսքով. «Փա՜ռք քեզ Աստուած, որովհետեւ եթէ գոյութիւն չունենայի, ո՛չ ալ քեզ պիտի ճանչնայի: Քանի ես Քեզմէ եկայ, ուստի, Քեզի ալ վերադառնալու եմ»:
Մենք ալ փառք կու տանք Աստուծոյ, որ Հայ Եկեղեցին, Զմմառու Միաբանութիւնը և հայ ժողովուրդը Հ. Անդրանիկին նման նուիրեալ հայ եկեղեցական մը ունենալու պատիւին արժանացաւ:
Իմ խօսքիս աւարտին ջերմ երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ ձեզի, որ արժանավայել կերպով ոգեկոչեցիք Հ. Անդրանիկի յիշատակը:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի: Ամէն:
ՎԵՐԱՊԱՏՈՒԵԼԻ ԴՈԿՏ․ ՓՕԼ ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ
«ՀԱՅՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ծ. ՎՐԴ. ԿՌԱՆԵԱՆ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆԸ»
Յետմահու վկայութիւն տալը երջանկայիշատակ Հայր Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանի մտաւորական վաստակին մասին, ինծի այնքան հաճելի է, որքան՝ անոր անկեղծ գրիչը եւ այնքան բարդ է, որքան՝ անոր հոգեմտաւոր աշխարհը:
Կը մաղթեմ, որ սերունդները ընթերցեն ու քննեն անոր հրատարակութիւնները եւ կենսագրագէտները թուեն անոր ձեռքբերումները: Անձնական վկայութիւնները, սակայն, կը բխին հոգեհարազատ ապրումներէ եւ մտքերու հանդիպումէ:
Իմս այսօր այդ անձնականն է:
Հայր Անդրանիկի մտաւորական ներդրումին ու ոճին ծանօթացած էինք որպէս ուսանողներ Հայկազեան Համալսարանի մէջ, ուր ինք մեր գրաբարի ուսուցիչն էր: Դասարանին մէջ ձայնը իրն էր, ժամանակը՝ իրը, դասագիրքը՝ իր հեղինակածը եւ պահը՝ իրը: Սակայն մե՛րն էր հօր մը ներկայութեան, բարեկամի մը համբերութեան, թափանցիկ հոգիի մը ներշնչումին մարմնաւորումը: Եւ իսկապէս, ինչ կը վաստկի մարդ եթէ ամբողջ մտաւորական աշխարհ մը ներկայացնէ բայց հոգիով չփոխանցէ իր ունեցած գանձը:
Իսկական մտաւորականի յատկութիւններէն մենք Հայր Անդրանիկի մէջ ճանչցանք նախ՝ քննող միտքը: Նիւթերը իրեն համար քննութեան եւ հարցադրումի առարկայ էին միշտ: Պատասխանը պատրաստ չէր, այլ պէտք է պատրաստուէր: Անցեալի նիւթը վաւերական չէր եթէ այսօր չքննուէր, կամ անցեալի քննութիւնը չարժեւորուէր:
Մտաւորականը նաեւ ունի վստահութիւն՝ իր մտածելու կարողութեան մասին, չըսելու համար՝ ինքնավստահութիւն: Եթէ ոչ՝ ան անպայման կ’իյնայ այլոց մտքերու խաղափորձին եւ բոլորը գոհացնելու շփոթին մէջ: Վարդապետին մօտեցումներուն եւ արտայայտութիւններուն մէջ բոլորը տեսան ինքնուրոյն միտք եւ իր կարողութեան նկատմամբ բարձրաստիճան վստահութիւն: Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի իր գործակիցները 25 տարուան փորձին ընթացքին ճանչցան անոր ինքնավստահ եւ ինքնուրոյն կեցուածքը, ի գին ամէն հաւանական դժգոհանքի: Այն մտաւորականը, որ բաւարար վստահութիւն չունի իր մտքի արժէքին ու կեցուածքին հաստատութեան, գերութեան աստիճան կը տարուի հանրային կարծիքներէն:
Մտաւորականը ականջ կու տայ այլախոհներու: Համալսարանական իր ասպարէզին մէջ Հայր Անդրանիկ եղաւ նաեւ լսող եւ բոլորին գաղափարները յարգող: Կասկածի մատնուածներու՝ եղաւ ընկեր, միջակութեամբ հմայուածներու նկատմա՛մբ իսկ՝ ընդհանրապէս համբերատար: Ան կրկնեց թէ մարդ իր ազատութեանը մէջ կ’իյնայ մեղքի մէջ եւ պէտք ունի զինք լսողի եւ ուղղողի: Նոյնիսկ երբ ան արտայայտեց ծայրայեղ թուացող մտքեր, այդ բոլորը կատարեց պարզութեամբ եւ այլ գաղափարներու տեղ տալով, որովհետեւ մտաւորականութիւնը միայն կը սնանի յարգանքով բոլորին հանդէպ:
Մտաւորականը կը սնանի նիւթերու եւ հետաքրքրութիւններու զանազանութեամբ: Մինչ ան կը խորանայ մէկ նիւթի մէջ, անփոյթ չի վարուիր սակայն առնչակից նիւթերու հետ: Հայր Անդրանիկի հրատարակութիւնները միանման նիւթեր չեն արտայայտեր: Կայ եկեղեցին, պատմութիւնը, լեզուն, ծէսը, ինքնութիւնը, Աստուածաշունչը, երիտասարդականը, հոգեկանը, փորձառականը, քաղաքականը: Երբ կը գրէ մէկուն մասին, գիտակից է մնացեալներուն: Իր ժամանակներու համ տուող մտաւորականը այս իմաստով մեկուսացած ու անհաղորդ մարդը չէ, այլ ընդգրկողն է, մարզերն ու վիճակները՝ միաւորողը:
Մտաւորականը իր միտքը արտայայտելու եւ հոգին արտացոլացնելու համապատասխան լեզուի եւ հմտութեան կարօտ է: Հայր Անդրանիկ եղաւ յստակութեան, ճշգրտութեան եւ բազմալեզու հարստութեան ներկայացուցիչ: Բառարանը իրեն համար մասնագիտական աշխատանք չէր միայն, այլ իր ապրումներուն, մտայղացումներուն եւ առաքելութեան արտայայտութիւնը: Խօսքով, գիրով ու տառով կը ներկայացնէր հարազատութիւն, մասնագիտութիւն եւ նոյնի՛սկ հայրենասիրութիւն:
Յարգուած մտաւորականը նաեւ ինքնաքննադատ է: Հայր Անդրանիկը լաւ ճանչցողները կը վկայեն թէ, ուրիշներու իր կատարած քննադատութիւններուն զուգահեռ ան ունէր կարողութիւնը արտայայտելու ինքնաքննադատ մտքեր եւս: Ինք իր հաւատքի կեանքի կազմաւորման մէջ ունեցած էր անվստահ պահեր, եղած էր նաեւ հաւատքի եւ տրամաբանութեան պայքարի ենթակայ: Ան ազատութեամբ կ’արտայայտուէր եւ կը խորհրդածէր իր տկարութեան մասին:
Վերջապէս, իսկական մտաւորականը տեսիլք ունեցող, առաջադրանք ունեցող անձ է: Այո, ան քննեց ու յաճախ քննադատեց, սակայն միշտ՝ նախաձեռնելու եւ առաջարկելու տրամադրութեամբ: Հայր Անդրանիկ ոչ միայն եղաւ ծրագիր ու միտք մշակող, այլեւ մինչեւ վերջը մնաց խանդավառ՝ իր առաքելութեամբը:
Տակաւին կայ շատ ըսելիք: Սակայն վախնամ, որ կարծենք թէ կատարեալ մտաւորական մը կը ներկայացնեմ այսօր: Հայր Անդրանիկ մարդ էր: Կատարեալ չէր կրնար ըլլալ: Սակայն արդար է վկայելը թէ ան միայն միտք չէր, այլ՝ ուղղամիտ: Ան միայն հոգեւորական չէր, այլ՝ հոգիով ապրող: Ան միայն գրագէտ չէր, այլ նաեւ մարդկային եւ հայկական մշակոյթի սպասաւոր: Ան միայն ընկերասէր չէր, այլ մարդասէր: Ան միայն վարդապետ չէր, այլ բոլորին հաւասար, անկեղծ ընկեր:
Իր խօսքերով՝ «Ինչպէս ալեկոծեալ նաւը փոթորիկէն դուրս գալով կը մտնէ խաղաղ նաւահանգիստ, մարդու հոգին ալ իր հանգիստը կրնայ գտնել ճշմարտութեան նաւահանգիստին մէջ»:
ԴՈԿՏ․ ԺԻՐԱՅՐ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ
«ՔԱՋԱԿՈՐՈՎ ԽՄԲԱԳԻՐՆ ՈՒ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԳԻՐԸ»
Հազիւ համալսարանաւարտ՝ նուիրուած էի գրադարանագիտութեան ու գրադարանավարութեան ասպարէզին՝ ատենի Հայկազեան Գոլէճի եւ այժմու սփիւռքահայ միակ համալսարանին մէջ: Այդ մասնագիտութիւնն էր, որ 1968-ին զիս առաջնորդած էր Հ.Բ.Ը.Մ.ի Եր. Հիւսիսեան Հայագիտական Հիմնարկի գրադարան, եւ ապա 1973-ին՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մատենադարան, Հայկազեանի պատասխանատուներուն գիտակցութեամբ, նոյնիսկ քաջալերանքով, որպէսզի այդ զոյգ գրադարաններու հաւաքածոները կարգի դնէի դասաւորման եւ համարակալման Dewey միջազգային մեթոտով: Անշուշտ այցելուի հանգամանքով, արձակուրդի կամ ազատ օրերու:
1969-ի կրթական վերամուտը կը մօտենար: Յետմիջօրէ մըն էր: Պէյրութի համար սովորական խոնաւ ու չափազանց տաք, որ աւելի կը շեշտուէր Յովակիմեան Մանուկեան վարժարանի վերջին՝ չորրորդ յարկը գրաւած Երուանդ Հիւսիսեան Հիմնարկի գրադարանին մէջ:
Աշխատանքով տարուած՝ յանկարծ զգացի ներկայութիւն մը, որ այդ օրերուն եւ այդ ժամերուն քիչ մը անսովոր էր: Երիտասարդ, նիհար կազմով, սեւին մօտեցող մօրուքով եւ թեթեւօրէն նահանջած մազերով կղերական մը լուռ կը հետեւէր աշխատանքիս: Ծանօթացանք: Զմմառեան միաբանութեան անդամ էր: Մէկ-երկու տարիէ ի վեր, այցելու դասախօս որպէս, կը պաշտօնավարէր Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանին եւ Հիւսիսեան Հայագիտական Կեդրոնին մէջ: Մոռցած աշխատանքս՝ երկար զրուցեցինք քիչ մը ամէն բանի մասին՝ գրադարանայինէն մինչեւ մշակութային ու ազգային հարցեր շօշափող: Երիտասարդ Վարդապետը կը կոչուէր Անդրանիկ Կռանեան: Այդ հանդիպումէն ծնաւ ծանօթութիւն մը, որ շատ կարճ ժամանակ ետք վերածուեցաւ բարեկամութեան, որ յառաջիկայ տարի պիտի դառնար 50 տարեկան, եթէ…։
Հանդիպումէն շաբաթ մը ետք ստացայ հրաւէր մը՝ միանալու խմբակի մը, որ ինձմով դարձաւ հինգ կամ վեց: Այդ խմբակէն Յովսէփ Մելքոնեան Սիրան Սեզա Զարիֆեանէն ստանձնած էր «Երիտասարդ Հայուհի»ի արտօնագիրը: Եւ 1969 թուականի Դեկտեմբերի 27-ին լոյս տեսաւ «Երիտասարդ Հայ» երկշաբաթաթերթի առաջին թիւը:
1965-ը Յիսնամեակն էր Մեծ Եղեռնին՝ Հայասպանութեան, ինչպէս իրաւացիօրէն բնորոշած է զայն Մեթր Մուսա Փրենս, հայոց մեծ բարեկամ իրաւաբանը: Հաւատացէ՛ք՝ Հայասպանութիւնը աւելի զօրեղ ու դիպուկ կը հնչէ քան Ցեղասպանութիւնը:
Ճիշդ է, որ Յիսնամեակը համախումբ տօնեցինք եւ այդքան…: Երիտասարդութեան մեծ հատուածի մը համար ակնկալուած շրջադարձային յեղաշրջումը չարձանագրուեցաւ: Ծնաւ յուսախաբութիւն մը, որ առաջնորդեց յուսալքումի, որ իր կարգին արտայայտուեցաւ զանազան երեւոյթներով. մեկուսացում, անտարբերութիւն, ընդվզում, անզօրութիւն…:
Անդրանիկ Վրդ. 1969-էն մինչեւ 1973, եւ ապա նուազ թափով՝ մինչեւ 1975 Մարտ 25 մաս կազմեց, բուռ մը երիտասարդ գործակիցներով, «Երիտասարդ Հայ»ին, որ հաւաքական պոռթկումի մը արդիւնքն էր հանդիսացած ատենին, շատերուն,- կազմակերպութիւն թէ անհատ,- հանգիստն էր խանգարած, յաճախ հալածուած, մինչեւ իսկ ամբաստանուած, սակայն միաժամանակ գնահատուած յատկապէս երիտասարդութեան կողմէ:
«Երիտասարդ Հայ» պոռթկումը յառաջացնողները եղան խմբակի մը ափի մը մատներուն թիւով խենթ տղաք: Խենթը՝ չակերտաւոր կամ առանց չակերտի: Կռանեան Վարդապետը այդ տղոց երիցագոյնն էր: Այդ օրերուն այդ խենթերէն մէկը՝ նա՛եւ ե՜ս, 28 տարու, տարիքով կը յաջորդէի իրեն: Միւսները՝ ե՛ւ հինգի անդամ ե՛ւ մեր շուրջ համախմբուած տղաք, ընդհանրապէս համալսարանական ուսանողներ էին: Համահաւասարներուն մէջ առաջին տեղը կը գրաւէր Անդրանիկ Վարդապետը: Թէ՛ փորձ ունէր կուտակած, թէ՛ հայերէնը հիանալիօրէն իւրացուցած, կատարելագործած, եւ թէ՛ առինքնող ու հմայող բնաւորութիւն: Զուսպ նախադասութիւններով, երբեմն քանի մը բառերով ունէր հզօր կարողութիւնը պայթուցիկ վիճակներ ստեղծելու, հասուն եւ հասունցած միտքեր մատուցանելու, անփորձ կամ նոր ճանապարհ սկսած տղաքը ոգեւորելու, խանդավառելու եւ անոնց մտածողութեան սլացք ներշնչելու:
«Երիտասարդ Հայ»ը մեր բոլորին համար եղաւ հիանալի փորձադաշտ մը, ուր առաւել եւս կոփուեցանք մենք, կոփեցինք մենք զմեզ, անկաշկանդ արտայայտուելու ունակութիւնը զարգացուցինք, համտեսեցինք հաւաքական աշխատանքի բարիքները, ճշմարտութիւնները, դրական ու բացասական, ընդունելու, դիմագրաւելու գիտակցութիւնը արմատաւորեցինք մեր մէջ: Մեզի առաջնորդ ունենալով մի՛շտ Վարդապետը:
Աջէն ու ձախէն եկող անհանդուրժողութիւնը «Երիտասարդ Հայ»ի հանդէպ՝ կորովով դիմագրաւուեցաւ, երբեմն՝ նաեւ ընկրկումով: Յաճախ տեղի-անտեղի բանադրուեցաւ ան քիչ մը ամէն կողմէ: Հինգ տարի լուռ մնալէ ետք, Անդրանիկ Ծառուկեան՝ իր «Նայիրի»ին մէջ պիտի հրատարակէր «Երիտասարդ Հայ» վերնագրով յօդուած մը, ուր, ի միջի այլոց պիտի գրէր. «Ի սրտէ մաղթող ենք, որ այս երիտասարդական ձայնը չլռէ, նոյնիսկ եթէ այդ ձայնը հաճելի չթուի ոմանց: Մենք եւս շոյուածներէն չենք իր էջերուն մէջ: Բայց այդ բոլորը մանրուքներ են: Մեզմէ տարբեր մտածողները հան-դուրժել առաքինութիւն մըն է ինքնին: Իսկ երբ երիտասարդն է հակաճառողը, հանդուրժելը պէտք է դադրի առաքինութիւն մը ըլլալէ եւ դառնայ պարտականութիւն մը: Այսպէս միայն կրնայ շարունակուիլ սերունդներու յաջորդականութեան ամուր շղթան»: («Նայիրի», 16 Փետրուար 1975):
Ուշ էր արդէն: Կուտակուած նիւթական պարտքը, շրջապատի քարացած մտայնութիւնը, հորիզոնին գծագրուող 1975 ապրիլի բռնկումը, որ իր ամբողջական յորձանապտոյտին մէջ պիտի առնէր ամբողջ Լիբանանը, պատճառ դարձան, որ երիտասարդական այս յախուռն փորձը կանգ առնէր: Արդե՞օք կանգ առաւ…:
Անձնապէս ես, նոյնպէս ինծի նման շատեր, որքա՜ն պարտական ենք Վարդապետին:
Այսօր, երբ խօսք կ’ըլլայ Անդրանիկ Վրդ. Կռանեանի մասին, իր անունը սերտօրէն կ’առնչուի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի «Մասիս» շաբաթաթերթին հետ: Արդար է այս միաձուլումը: 1947 Յունուարին ճամբայ ելած «Մասիս»ի խմբագրապետութիւնը՝ 1973-ին յանձնուեցաւ Կռանեան Վարդապետին, որ զայն խիզախօրէն եւ ձեռներէցութեամբ առաջնորդեց երկար տարիներ, թէեւ կարճատեւ ընդհատումներով երբեմն, անգոսնելով արտաքին ու ներքին բոլոր խութերը, որոնք ստէպ-ստէպ կը փորձէին արգելակել իր յառաջապահ մտածումներն ու տեսակէտները, մինչեւ իսկ «Մասիս»ի առողջ ու հեղինակաւոր ընթացքը: Վարդապետին յուղարկաւորութեան նախագահող Հոգեւոր Տէրը բարձրաձայն արտայայտուեցաւ անոր հանդէպ անիրաւօրէն շղթայազերծուած հալածանքին դէմ: Հոգեւոր Տիրոջ անկեղծ, յստակ ու մեկին խօսքերը, թէկուզ յետմահու, եղան արդար հատուցումը Վարդապետին կատարած անձնուրաց ու նուիրեալ ծառայութեան:
Անդրանիկ Վարդապետի «Մասիս»ը լուսապսակեց խիզախ խմբագրի, տեսակէտ ունեցող լրագրողի, կեանքի այլազան բովերէն անցած յանձնառու մտաւորականի եւ առաջնորդի կերպարը:
Հրապարակագիր, լրագրող եւ խմբագիր Անդրանիկ Կռանեանի անունը սերտօրէն առնչուած է, «Երիտասարդ Հայ»էն ու «Մասիս»էն անկախ, այլ պարբերաթերթի մը հետ:
1980-ի Ապրիլին, Զմմառեան Կաթողիկոսական Միաբանութիւնը կը հրատարակէ «Զմմառեանք ի սփիւռս աշխարհի» անուանումով հոգեւոր եւ հովուական հանդէս մը, որ իր երկրորդ թիւէն սկսեալ, 1981 Մարտ, առաջին խորագրին կը կցէ, աւելի մեծատառ «ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ հոգեւոր եւ հովուական հանդէս» անուանումը: Կրկին փոփոխութիւն մը եւ վերջին համարը, զոր տեսած եմ, կը կրէ «ԶՄՄԱՌԵԱՆՔ ի սփիւռս աշխարհի, ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ հոգեւոր եւ հովուական հանդէս Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան»:
«Զուարթնոց»ը ունեցած է խմբագրական կազմ, որուն մէջ Վարդապետը եղած է մնայուն ներկայութիւն, իր լրջախոհ գրութիւններով, սերտողութիւններով, իսկ յաճախ ալ,- ինչպէս վերջին ստուարածաւալ տարեգիրքի պարագային,- անոնց պատասխանատու խմբագիրը:
«Զուարթնոց»ները ունին այլազան բովանդակութիւն, միշտ Զմմառու դարաւոր վանքին հայող: Սակայն, կարեւորագոյնը, իրենց հարուստ եւ անգնահատելի բովանդակութեամբ, անոնք այսօր իսկ դարձած են եւ մանաւանդ վաղը պիտի դառնան Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան գործունէութեան նուիրուած արխիւային անփոխարինելի վկայութիւն:
Իր հրապարակագրական, լրագրական եւ հոգեմտաւորական փայլատակումներուն վկայութիւնները եթէ եղան «Երիտասարդ Հայ»ը, «Մասիս»ը եւ «Զուարթնոց»ը, հերթականութեամբ կը նշեմ ասոնք, ապա իր գիտա-բանասիրական կարողութիւններուն եւ ձիրքերուն արտայայտութիւնը հանդիսացաւ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ը, որուն հրատարակութիւնը եւ առաջին տասը հատորները կը պարտինք Երուանդ Քասունիին: Հայկազեան Համալսարանի հովանին վայելող այս պատուաբեր հրատարակութիւնը, իր որակով, ոչ միայն Լիբանանի, այլեւ ամբողջ Սփիւռքի բացառիկ երեւոյթներէն կը հանդիսանայ իր տեսակին մէջ: Հանդէսին ղեկը, որոշ դադարէ մը ետք, Համալսարանի պատասխանատուները յանձնեցին փորձառու Վարդապետին, որ շրջապատուած կարող եւ յատկապէս երիտասարդ գործակիցներով, անոր հաստափոր հատորներուն թիւը հասցուցին 37-ի: Հոս եւս, որոշ տարիներ, բախտաւորութիւնը ունեցած եմ ըլլալու իր գործակիցներէն:
Կռանեան Վարդապետի խմբագրութեամբ «Մասիս»ը, պահելով հանդերձ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան պատկանելիութեան սքեմը, որպէս քաղաքական, ազգային, մշակութային պարբերաթերթ, անտեսեց նեղ սահմանափակումները, դարձաւ ապրող, ժամանակակից փնտռուած մամուլ:
«Մասիս»ը այսօր 70 տարեկան է: Կռանեան Վարդապետ շուրջ 4 տասնամեակ, փորձառու նաւապետի մը նման, վարեց անոր ղեկը:
«Մասիս»ը, առաջին օրէն մինչեւ այսօր, իր ճակատին ունեցած է շատ պարզ սակայն խորիմաստ լոզունգ մը. «Որպէս Զէն՝ Ճշմարտութիւն»:
Անդրանիկ Վրդ. Կռանեան իմացական ամբողջ իր կեանքի տեւողութեան եւ ի մասնաւորի որպէս խմբագիր ու հրապարակագիր՝ այդ լոզունգը դարձուց իրեն դրօշ, զոր անձնուիրութեամբ, խոր հաւատքով ու արդար հպարտութեամբ մի՛շտ բարձր պահեց ու անով առաջնորդուեցաւ:
ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ԵՒ ԳԵՐԵՐՋԱՆԻԿ
ՏԷՐ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի.
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔՒՆ ԽՕՍՔԸ
«ՀԱՅՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԿՌԱՆԵԱՆ՝
ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՔԱՀԱՆԱՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԵՒ ԵՐԱԽՏԱՒՈՐ ԾԱՌԱՆ ԱԶԳԻՆ»
Շատ բան խօսուեցաւ ու գրուեցաւ Հայր Անդրանիկին մասին, շեշտելով անոր մտաւորականի հանգամանքին ինչպէս նաեւ անոր գրական վաստակին վրայ, իբրեւ պատմագէտ, ծիսագէտ, բանաստեղծ, հրապարակագիր, թատերագիր, եւայլն։
Արժան եւ իրաւ. այդ բոլորը իր արժանիքներուն մէկ կարեւոր մասն են ու մենք արդար կը գտնենք այդ բոլոր գնահատականները որոնք արժանաւորապէս տրուեցան իր կենդանութեան ատեն եւ կը շարունակեն տրուիլ յետ մահու։
Չմոռնանք սակայն թէ Հայր Անդրանիկին բոլոր այս արժանիքները կը բխին աղբիւրէ մը եւ կը կեդրոնանան արժէքի մը վրայ որ առաւել եւս պէտք է լոյսի տակ առնուի եւ ըստ այնմ արժեւորուի՝ անոր հոգեւորականի հանգամանքը, որ եղած է իր կեանքին մըկնակէտն ու ուղեցոյցը, հոգեկան ապրումի եւ գերագոյն երջանկութեան աղբիւրը. այսինքն՝ աստուածային կոչումը որու փարած է փոքր տարիքէն եւ ապրած է իր պատանութենէն մինչեւ խոր ծերութիւն, մինչեւ կեանքին վերջին շունչը։
Ճիշդ է որ Հայր Անդրանիկը կանուխէն ցոյց տուած է իր փարումն ու յատուկ սէրը Հայ գիրին, Հայ պատմութեան, Հայ մշակոյթին հանդէպ եւ դրսեւորած է իր այդ ձգտու-մը՝ արդիւնաւորելով զանոնք իր անխոնջ աշխատանքով ու յարատեւ նուիրումով։ Խորապէս թափանցած է զանոնք ու իւրացուցած, սնուցած է ինքզինքը անոնցմով՝ իր կարգին ուրիշներու միտքն ու հոգին սնուցանելու ցանկութեամբ։ Եւ լիուլի արդարացուցած է իր կոչման այդ երկու յատկանիշները, հոգեւորն ու մտայինը, որոնք խորապէս դրոշմած են իր կեանքը. զարգացուցած է ինքզինքը՝ զարգացնելու համար ուրիշները, ձգտած է դէպի հոգեւոր կեանքի լրումը՝ Աստուծոյ շնորհքները ուռճացնելու ու բազմապատկելու համար՝ նաեւ յօգուտ հոգիներուն։
Հայր Անդրանիկին քահանայական ասպարէզը եղած է ճոխ ու այլազան։ Ստանձնած է բազմաթիւ առաքելութիւններ՝ իբր դաստիարակ ու հովիւ, եւ այս երկու ասպարէզները երբեք խոտոր չեն ընթացած իր մէջ, ոչ ալ զիրար խոչընդոտած, որովհետեւ մէկ եղած է երկուքին նպատակակէտը, դաստիարակել ու սրբացնել, թողելով որ այդ երկու բարիքները զիրար ամբողջացնեն, կենսաւորեն ու արդիւնաւորեն։
Հայր Անդրանիկ, իր քահանայութիւնը դրած է ի սպաս Եկեղեցւոյ ու Ազգին, հաւասարապէս ծառայելու համար մէկուն եւ միւսին առանց մտահան ընելու նաեւ իր մայր ու որդեգիր հայրենիքները։ Ձիրքերն ու տաղանդները որոնցմով օժտած է զինք Աստուած՝ ան իմաստնօրէն օգտագործած է եւ վերադարձուցած իր Տիրոջ՝ բազմապատիկ բեղմնաւորուած, ի նմանութիւն Աւետարանին պարտաճանաչ ծառային։ Եկեղեցին ու Ազգը երախտապարտ պիտի մնան անոր՝ իր այս բոլոր վաստակներուն համար։
Հայր Անդրանիկը համոզուած էր որ Ազգին, Եկեղեցիին, համայնքին կենսունակութիւնն ու ապագան՝ երիտասարդութեան յանձնառութենէն կախեալ է։ Եւ այս մտահայեացքով՝ ան եռանդագին աշխատեցաւ՝ գործօն պահելու համար նախ՝ «Հ.Կ.Ե.Մ.»ը ապա «Հ.Կ.Մ.»ը, զոր ի՛նք հիմնեց, օժանդակեց նաեւ յարակից միութիւններուն որոնք կը գործէին համայնքը ծաղկեցնելու համար զանազան մարզերու մէջ։ Մամուլն ու գրականութիւնը եղան սակայն իր նախասիրած գաւառները որոնցմով կրցաւ տարածել Աստուծոյ խօսքը եւ քաջալերել Հայ գիրն ու մշակոյթը։
Այս բոլոր վաստակները որոնցմով Հայր Անդրանիկ մասնայատուկ տեղ մը կը գրաւէ՝ ըլլայ Եկեղեցւոյ թէ Ազգին ծառայութեան մէջ, մեզ կը մղեն որ այսօր երախտապարտ հոգիով մեծարենք ու գնահատենք զինք եւ հայցենք Տիրոջմէ որ մեր սիրելի ու թանկագին լուսահոգի վարդապետին վառ պահած ջահը՝ շատեր, իրեն նման, բարձր պահեն, ի լուսաւորութիւն եւ յուղղութիւն մեր հին թէ նոր սերունդի զաւակներուն։
Օրհնե~ալ ըլլայ անոր յիշատակը եւ թող Տիրոջմէ ստանայ արդար վարձատրութիւնը յաւիտենական յարկերուն ներքեւ։