24էն 26 Յունուար 2018-ին, Հաղորդակցութեան պաշտպան սուրբ` Ֆրանչիսկոս Տէ Սալէսի տօնին եւ 2018 տարուայ ընկերային հաղորդամիջոցներու միջազգային 52-րդ օրուան առթիւ, Լուրտի Տիրամօր սրբավայրին մէջ տեղի ունեցաւ կաթողիկէ հաղորդամիջոցներու միջազգային հանդիպումը որ կազմակերպուած էր Սուրբ Աթոռի Հաղորդակցութեան Քարտուղարութեան ու Ֆրանսայի կաթողիկէ հաղորդամիջոցներու դաշնակցութեան համագործակցութեամբ։
Հանդիպումին բնաբանն էր «հաղորդամիջոցներ եւ ճշմարտութիւն»։ 26 Յունուարին Երեւումներու քարայրին մէջ նախատեսուած էր Սուրբ Պատարագ գլխաւորութեամբ Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի։ Հանդիպումի ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ «Հայր Ժաք Համել»ի անուան մրցանակի տուչութիւնը։ Մրցանակը հաստատուած է Ֆրանսայի Կաթողիկէ հաղորդամիջոցներու դաշնակցութեան կողմէ ի յիշատակ հայր Համելին որ 2016-ի Յուլիս 26-ին դաժանաբար սպաննուեցաւ «Ժիհատիսթի» մը ձեռքով երբ առաւօտեան պատարագը կը մատուցանէր եկեղեցւոյ մէջ։