Սուրբ Ծննդեան, Ամանորի ու Յայտնութեան տօներու որպէս եզրափակում, Կիրակի՝ 7 Յունուար 2018-ի երեկոյեան, Հռոմի Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութեան Մայրավանքի դահլիճին մէջ, միաբանութեան Մեծաւոր Մօր ու միաբանակից քոյրերու նախաձեռնութեամբ եւ հրաւէրով, տեղի ունեցաւ՝ հռոմաբնակ հայերու վերապահուած յատուկ հիւրասիրութիւն մը, որուն նպատակն էր մօտէն ծանօթանալ ու ճանչնալ Հռոմի հայ հասարակութեան անդամները ու միեւնոյն ատեն անոնց ներկայացնել Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութեան վերջին տարիներու գործունէութիւնը։
Այս հանդիպումին բացումը կատարեց միաբանութեան Մեծաւոր Մայրը՝ Քոյր Արուսեակ Սաճոնեան, որ ներկաներուն յղած իր բարի գալուստի խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց «հրաւէրին սիրով ընդառաջած ըլլալնուն համար ու իրենց թանկագին ժամանակը այս հանդիպումի տրամադրած ըլլալնուն համար»։ Ան ապա ներկայացուց միաբանութեան իրականութիւնը հաստատելով թէ «հայ իրականութեան մէջ, Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութիւնը, իգական սեռի միակ կրօնական հաստատութիւնն է, հիմնուած 1847-ին Կ. Պոլսոյ մէջ, Անտոն Հասունեան Կարդինալին կողմէ, գործակցութեամբ Մայր Սրբուհի Հաճի Անտոնեանի, որպէս նպատակ ունենալով ծառայել հայ մանուկի հայեցի եւ կրօնա-բարոյական դաստիարակութեան»։
Մայր Արուսեակ ներկայացուց միաբանութեան հակիրճ պատմականը ու անոր ծաւալումը Կ. Պոլսոյ ու Արեւմտեան Հայաստանի մէջ մինչեւ 1915-ի Եղեռնը՝ որ «կործանեց հայ քոյրերու բեղուն առաքելութիւնը» ու մէկ ու կէս միլիոն զոհերու կողքին, «միաբանութիւնը ունեցաւ 3 նահատակ քոյրեր մինչ 40-է աւելի միաբանակիցներ իրենց հայրենակիցներուն հետ բռնեցին աքսորի ճամբան»։
Մայր Արուսեակ ապա նշեց թէ 1918-ի զինադադարէն ետք հայ քոյրերու առաջնահերթութիւնը եղաւ Եղեռնի զոհ հազարաւոր որբերու հոգատարութիւնը, այս ծիրէն ներս յիշատակելով նաեւ՝ 1922 թուականը երբ, Պիոս ԺԱ. Քահանայապետի օրով, այդ որբերէն 400-ը, ընկերակցութեամբ 12 միաբանակից քոյրերու, հիւրը հանդիսացան քահանայապետին ու ապաստան գտան Գասթել Կանտոլֆոյի քահանայապետական ամարային պալատին մէջ։
Մեծ Եղեռնի հետեւանքներէն մին եղաւ նաեւ մայրավանքին փոխադրութիւնը եւ 1923-ի դեկտեմբեր 8-ին, Մալթայի Ասպետական կարգի նուիրատուութեամբ, բացումը Անարատ Յղութեան Հայր Քոյրերու միաբանութեան Հռոմի Մայրավանքին։
Անդրադառնալով ապա ի սփիւռս աշխարհ միաբանութեան առաքելութեան, Մայր Արուսեակ նշեց թէ կոչումներու նուազումին պատճառաւ միաբանութեան վարչութիւնը ստիպուած եղած է փակել կարգ մը առաքելութիւններ ու ամփոփել կարգ մը գործունէութիւններ, ու ներկայացնելով միաբանութեան ներկայ իրավիճակը թուեց Լիբանանի առաքելութիւնը, ուր կան երկու դպրոց, հանգստեան տուն ու որբանոց մը, ապա Սուրիան՝ Հալէպի երկու դպրոցներով ու Դամասկոսի համալսարանական աղջիկներուն հանրակացարանով, հուսկ Գահիրէն՝ իր մէկ դպրոցով, մինչ Թեհրանի վարժարանները կը գտնուին պետական իշխանութեան հսկողութեան տակ եւ Իրաքի դպրոցը՝ պատերազմի պատճառաւ, փակուած է։
Ապա կան Մարսիլիոյ մէջ մէկ դպրոց, երկու վարժարաններ Միացեալ Նահանգներու մէջ, մինչ Պոլսոյ երբեմնի բեղուն առաքելութենէն բաց մնացած է միայն մէկ դպրոց։
Մայր Արուսեակ ներկայացուց, հուսկ, Հայ Քոյրերու միաբանութեան առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ, սկսեալ 1988-ի ահեղ երկրաշարժի օրերէն, երբ երկու քոյրեր փութացին Հայրենիք ու անխոնջ նուիրումով հովուական ծառայութիւն մատուցանեցին հայ ազգի զաւակներուն, իրենց ուշադրութիւնը յատկապէս կեդրոնացնելով աղքատ ու որբ մանուկներուն վրայ։ Արդարեւ, 1992-ի սեպտեմբեր 8-ին պաշտօնապէս կը հիմնուի Միաբանութեան Հայաստանի առաքելութիւնը որ 1994-ին կը հաստատուի Կիւմրիի մէջ՝ Տիրամայր Հայաստանի կուսաստան անուան տակ, ուր միաբանութիւնը կը վարէ որբանոց մը, արհեստի դպրոց մը, ծերերու ցերեկային կեդրոն մը ու Տաշիրի մէջ երախաներու ցերեկային կեդրոն մը։
Իսկ 2013-ին, միաբանութիւնը ունեցաւ նաեւ Երեւանի մէջ այլ կեդրոն մը որ կը ծառայէ Կիւմրիի որբանոցի համալսարան յաճախող որբուհիներուն ու այլ չքաւոր ուսանողուհիներուն, որպէս կեցութեան վայր։
1994-էն ի վեր ամէն տարի՝ Ծաղկաձորի մօտ, քոյրերու նախաձեռնութեամբ կը կազմակերպուին ամարային ճամբարներ, վերապահուած աղքատ ու կարիքաւոր
900-է աւելի մանուկներու եւ երախաներու։
Իսկ հայ քոյրերու միաբանութեան հպարտանքն է «Տիրամայր Հայաստանի» երգչախումբը, որ կը մրցակցի մանկա-պատանեկան լաւագոյն երգչախումբերու հետ եւ որ իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ՝ 2015-ին Մեծ Եղեռնի 100 ամեակին առթիւ, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորած Սուրբ Պատարագին։
Իր խօսքի աւարտին, Մայր Արուսեակ դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն սկիզբ տուաւ գեղարուեստական յայտագրին, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան Տիրամայր Հայաստանի երգչախումբի անդամներէն՝ Էմմա Ջոթեան եւ Գլարա Կարապետեան ինչպէս նաեւ հռոմաբնակ տաղանդաւոր դաշնակահար՝ Տիանա Կապրիելեան։
Գեղարուեստական յայտագրի առաջին բաժնի ներկայացումէն ետք ներկաները հրաւիրուեցան համտեսելու հայկական ու արեւելեան ճաշեր, պատրաստուած հայ քոյրերուն կողմէ, ու կոկիկ հիւրասիրութենէն ետք տեղի ունեցաւ յայտագրի երկրորդ մասը, որուն բոլոր հրաւիրեալները իրենց մասնակցութիւնը բերին, միասին երգելով հոգեւոր ու հայրենասիրական երգեր, որոնք ոգեւորեցին բոլորը, մինչեւ այն աստիճան որ շատեր, դժուարութիւն ունեցան հրաժեշտ առնելու Մայրավանքէն ու վերջ տալու այդ գեղեցիկ եւ իւրայատուկ երեկոյթին։