2018-ը՝ Երիտասարդը, Հաւատքը եւ Կոչումը

2018-ը՝  Երիտասարդը, Հաւատքը եւ Կոչումը

2017 թուականը փակեցինք մեծ մտահոգութիւններով՝ ըլլան անոնք անձնական, լիբանանեան թէ միջազգային մակարդակի վրայ: Իսկ նոր տարին՝ 2018-ը դիմաւորեցինք մեծ մաղթանքներով եւ յոյսերով, որոնք եկան թերեւս ամոքելու կեանքի դժուար, խիստ, բայց նաեւ անցողակի ու ժամանակաւոր պայմանները:

Մարտահրաւէրները բազմաթիւ են, լուծումները շատ յաճախ անկարելի, որով տարուէ տարի անոնք կը կուտակուին, մատնելով ժողովուրդները յուսախաբութեան եւ յուսահատութեան: Հակառակ այս վիճակին, Եկեղեցին կու գայ անգամ մը եւս յոյս տալու մարդուն: «Երիտասարդները, Հաւատքը եւ Կոչումը» խորագիրն է 3-էն 28 հոկտեմբեր 2018-ին կայանալիք Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսին, Վատիկանի մէջ, որով Սրբազան Քահանայապետը կը հրաւիրէ բոլոր երիտասարդները, 16-էն 29 տարեկան, քրիստոնեայ թէ ոչ, թռիչք առնելու դէպի կեանքի գերազանց պարգեւները:

«Գնա՛ քու երկրէդ եւ քու ազգականներէդ ու քու հօրդ տունէն այն երկիրը, որ ես քեզի պիտի ցուցընեմ» (Ծննդոց 12,1): Աստուծոյ կողմէ Աբրահամին ուղղուած սոյն խօսքը Ֆրանչիսկոս Պապը ուղղեց երիտասարդներուն իր առաջին պատգամին մէջ առ ի պատրաստութիւն Եպիսկոպոսական այս Սիւնհոդոսին: Եկեղեցին այսօր Հօր Աստուծոյ հրամայական «գնա՛» բայը անգամ մը եւս կ՛ուղղէ մեզմէ իւրաքանչիւրին, հրաւիրելով որ երթանք դէպի ապագայ մը, որ անորոշ ու անյայտ կը թուի, սակայն ապահով ու վստահելի է, այնքան ատեն որ Աստուած ի՛նքն է մեզ առաջնորդողը:

Սակայն դժբախտաբար, այս օրերուն մինչ կ՛ապրինք պատերազմը, անարդարութիւնը, մարդասպանութիւնն ու ծայրայեղութիւնները, այդ «գնա՛»ն հետզհետէ կը դառնայ մարտահրաւէր, փոխանակ մնալու հրաւէր: Երիտասարդներէն շատեր, ենթարկուած ըլլալով բռնութիւններու, սաստկութիւններու ու ամէն տեսակի հալածանքներու հարուածներու, ու փորձութիւններու, կը փախչին իրենց ծննդավայրերէն, հասնելու համար դէպի անապահովն ու անվստահելին:

Աշխարհ մը որ արագ փոփոխութիւններու ենթարկուած է՝ քաղաքական, ընկերային, տնտեսական ու բարոյական անկումներու յատակը կը խեղդուի, մշակութային, ազգագրական ու կրօնական տագնապներ կ՛ապրի, գաղթի ու աղքատութեան ալիքներու մէջ կը տուայտի երիտասարդը, հաւատքն ու կոչումը կու գան դառնալու Եկեղեցւոյ մտահոգութիւնը արտայայտող մեծ վերնագիրը:

Ո՞ւր է երիտասարդը, ի՞նչ կ՛ընէ, որո՞նք են անոր մարտահրաւէրները, ի՞նչ է անոր պահանջքը: Որքանո՞վ երիտասարդը կը գործէ հովուական կեանքին մէջ:

Ի՞նչպէս կ՛ապրինք մեր հաւատքը, որքանո՞վ ան կ՛աճի ու կը մեծնայ: Ի՞նչ կը նշանակէ հաւատացեալ աշխարհական ըլլալ այսօրուան աշխարհին մէջ:

Որքանո՞վ կարող ենք որոշում տալու. ծնողքներն ու հասարակութիւնները (դպրոց, համալսարան, միութիւն, ակումբ) կ՛օգնե՞ն իրենց զաւակներուն, երիտասարդներուն, որպէսզի անոնք կարողանան ուղիղ նպատակ ունենալ իրենց կեանքին մէջ, ճիշդ ու յստակ զատորոշում կատարել, գիտակից ըլլալ Աստուծոյ կամքին ու կոչին:

Աւելի լաւ աշխարհ մը կարելի պիտի ըլլայ կերտել շնորհիւ երիտասարդներուն, անոնց բուռն ու վեհանձն փափաքին բարեփոխութեան: Պէտք չէ վախնալ լսելէ Աստուծոյ ձայնը, որ մեզ կը մղէ համարձակ ու յանդուգն ընտրութիւն կատարելու: Եկեղեցին իսկ կ՛ուզէ տրամադիր ըլլալ լսելու երիտասարդին ձայնը, զգացումները, հաւատքը, ինչպէս նաեւ տարակուսանքներն ու քննադատութիւնները: Սուրբ Պենեդիկտոս կը յանձնարարէր վանահայրերուն խորհրդակցելու նաեւ երիտասարդներուն հետ նախքան որոշում առնելը, որովհետեւ «յաճախ Աստուած կը յայտնէ երիտասարդի մը այն ինչ որ լաւագոյնն է» (Սուրբ Պենեդիկտոսի Կանոնը):

Յոյսով ենք որ այս Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսը, որ պիտի շօշափէ 2018-ի հիմնական մարտահրաւէրները՝ երիտասարդը, հաւատքն ու կոչումը, ըլլայ առիթ որպէսզի իւրաքանչիւր մարդ արարած, վստահելով Աստուծոյ սիրոյ նայուածքին իրեն հանդէպ, ինչպէս նաեւ դիմելով Երկնաւոր Մօր բարեխօսութեան, գտնէ Աւետարանի կատարեալ ուրախութիւնը, եւ կարողանայ, առանց վախի ու տատանումի, ըսել իր Արարիչին. «Ահաւասիկ եմ»:

Միանալով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, մեր աղօթքը կը բարձրացնենք Աստուծոյ ըսելով.

 

Տէ՛ր Յիսուս,
Եկեղեցիդ, որ կ՛ուղղուի դէպի Սիւնհոդոս,
Դարձուր անոր նայուածքը դէպի աշխարհի բոլոր երիտասարդները:
Մեր աղօթքը կը բարձրացնենք քեզի որպէսզի անոնք քաջութիւնն ունենան՝
իրենց ձեռքերուն մէջ առնելու իրենց կեանքը,
ձգտելու ամէնագեղեցիկ ու ամէնախոր բաներուն
Եւ միշտ ունենալու ազատ սիրտ մը:

Օգնէ՛ իրենց որպէսզի
ուղեկցութեամբ իմաստուն եւ վեհանձն առաջնորդներու,
պատասխանեն կոչին զոր դուն կ՛ուղղես անոնցմէ իւրաքանչիւրին,
որպէսզի իրագործեն իրենց կեանքին ծրագիրը,
եւ հասնին երջանկութեան:
Իրենց սրտերը բա՛ց մեծ երազներու դիմաց
եւ զիրենք ուշադիր դարձուր իրենց եղբայրներուն բարիքին:

Նման Սիրուած Աշակերտին,
թող անոնք եւս գտնուին Խաչին ոտքին,
ընդունելու համար քու Մայրդ, զինք ստանալով Քեզմէ որպէս պարգեւ:
Թող ըլլան վկաները քու Յարութեանդ,
Եւ թող գիտնան ճանչնալ Քեզ, կանգուն իրենց կողքին,
ուրախութեամբ յայտարարելով որ Դուն ես Տէրը:
Ամէն: