ՊԱՊԻՆ 2018-Ի ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ՈՐՈՆՈՂ ԳԱՂԹԱԿԱՆ ՈՒ ՓԱԽՍՏԱԿԱՆ ԱՅՐԵՐՈՒՆ ՈՒ ԿԻՆԵՐՈՒՆ

ՊԱՊԻՆ 2018-Ի ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ՈՐՈՆՈՂ ԳԱՂԹԱԿԱՆ ՈՒ ՓԱԽՍՏԱԿԱՆ ԱՅՐԵՐՈՒՆ ՈՒ ԿԻՆԵՐՈՒՆ

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 2018 տարուայ խաղաղութեան միջազգային օրուան պատգամը կը սկսի համայն աշխարհին ու մարդկութեան ուղղուած խաղաղութեան մաղթանքով մը.- «Խաղաղութի՛ւն բոլո՛ր մարդոց եւ երկրի բոլո՛ր ազգերուն»։

«Գաղթականներ եւ փախստականներ. Խաղաղութիւն փնտռող մարդիկ եւ կիներ» ընդհանուր խորագրին ներքեւ, Պապը կը գրէ.-

Խաղաղութիւնը զոր հրեշտակները կ՛աւետեն հովիւներուն Ծնունդի գիշերը՝ խոր ձգտումն է բոլոր մարդոց ու համայն ազգերուն ու յատկապէս անոնց որոնք աւելիով կը տառապին անոր պակասէն։ Իմ մտքիս եւ աղօթքներուս մէջ գտնուող անոնց շարքին, կ՛ուզեմ անգամ մը եւս յիշել՝ աշխարհի 250 միլիոն գաղթականները, որոնցմէ 22 միլիոնն ու կէսը փախստականներ են եւ որոնց մասին իմ սիրելի նախորդս, Պենետիկտոս ԺԶ., ըսած էր. «Մարդիկ, կիներ, մանուկներ, երիտասարդներ ու ծերեր որոնք կը փնտռեն վայր մը՝ ուր կարողանան ապրիլ խաղաղութեամբ»։ «Ու այդ վայրը գտնելու համար շատեր պատրաստակամ են իրենց կեանքը վտանգելու» կը գրէ Սրբազան Քահանայապետը հրաւէր ուղղելով ողորմութեան հոգիով ողջագուրելու բոլոր անոնք որոնք կը փախչին պատերազմէն, անօթութենէն ու ստիպուած են թողուլ իրենց հողերը՝ հարստահարումի, հալածանքի, աղքատութեան ու կենսոլորտի ապականութեան պատճառաւ։

Նորին Սրբութիւնը ապա դիտել կու տայ թէ բաւարար չէ մեր սրտերը բանալ ուրիշի տառապանքին եւ թէ շատ բան կայ ընելիք՝ որպէսզի մեր այդ եղբայրներն ու քոյրերը կարողանան ապրիլ խաղաղութեամբ, ապահով տունի մը մէջ։ «Ուրիշը ընկալելը կը պահանջէ շօշափելի յանձնառում՝ օգնութիւններու ցանց մը, հսկող ու հասկացող ուշադրութիւն, պատասխանատու մատակարարում, ինչպէս նաեւ կենսամիջոց-ներ» կը գրէ Ֆրանչիսկոս, եւ այս առընչութեամբ մատնացոյց կ’ընէ կառավարիչներու պատասխանատուութիւնը։

Ապա ան կ՛ընդգծէ գաղթականութեան ու փախստականութեան երեւոյթին պատճառները՝ սկսեալ 20-րդ դարու ցեղասպանութիւններէն, պատերազմներէն ու բռնութիւններէն մինչեւ մերօրեայ հակամարտութիւններն ու բռնարար արարքները, որոնք կը շարունակեն տեղափոխել ժողովուրդները, որոնց փափաքն է աւելի լաւ կեանք ու ապագայ մը ապրիլ։ «Անոնցմէ շատեր գաղթականութեան կը դիմեն օրինաւոր ճամբաներով, սակայն յուսալքումի մատնուած շատ մը ուրիշներ կ՛ընտրեն այլ ճամբաներ» կը գրէ Սրբազան Քահանայապետը, անդրադառնալով գաղթականութեան երեւոյթի ժխտական հետեւանքներուն, գաղթականներու շահագործումներուն ու անոնց մարդկային արժանապատուութիւնը ոտնակոխող իրադարձութիւններուն։

«Ոմանք այս իրողութիւնը կը նկատեն սպառնալիք, մինչ ես ձեզ կը հրաւիրեմ անոր նայիլ յոյսով լի հայեացքով մը, որպէս հնարաւորութիւն կառուցելու համար խաղաղութեան ապագայ մը» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով թէ գաղթականներ ու զիրենք հիւրընկալող տեղացի քաղաքացիներ մաս կը կազմեն միեւնոյն ու միակ մարդկային ընտանիքին ու բոլորը ունին միեւնոյն իրաւունքը՝ երկրին բարիքները օգտագործելու։ «Խաղաղութիւնը ըլլալու է ուղեցոյցը, իսկ արդարութիւնը սկզբունք՝ որ կը կառավարէ համակեցութիւնը» կը գրէ ան, շարունակելով.- «Հաւատքի աչքերով գաղթականներուն նայելով պէտք է հասկնանք թէ անոնք պարապ ձեռքերով չեն գար մեր մօտ, այլ իրենց հետ կը բերեն քաջութիւն, կարողութիւն, եռանդ ու ձգտում, ինչպէս նաեւ իրենց մշակոյթներուն գանձերը, հարստացնելով զիրենք հիւրընկալող ազգերը»։

Pope Francis speaks to crowds gathered Sunday in St. Peter's Square at the Vatican.

Սրբազան Քահանայապետը հուսկ շեշտը կը դնէ չորս կարեւոր կէտերու վրայ՝ ընկալել, պաշտպանել, զարգացնել եւ ներառել, հաստատելով թէ՝ ընկալելը կը պահանջէ օրինաւոր մուտքերու կարելիութիւնը ու հաւասարակշռում ընդմէջ ազգային ապահովութեան ու մարդու հիմնական իրաւունքներու երաշխաւորումին, մինչ պաշտպանել կը նշանակէ պարտականութիւնը պաշտպանելու փախստականներու անձեռնմխելի արժանապատուութիւնը ու զանոնք ազատել ու չարաշահումներէն, ապա զարգացումն ու խթանումը կը մղեն թիկունք կանգնելու գաղթականներուն ու փախստականներուն մարդկային համապարփակ զարգացումին։ Եւ վերջապէս, ներառումը կը նշանակէ թոյլ տալ գաղթականներուն ու փախստականներուն լիակատար կերպով մասնակցիլ զիրենք ընկալող ընկերութեան կեանքին։

Պատգամին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը կ՛ակնարկէ 2018 տարուայ ընթացքին Միացեալ Ազգերու կողմէ ստորագրուելիք երկու կարեւոր համաձայնութիւններու՝ հայող ապահով գաղթականութեան ու միւսը՝ փախստականներուն, յուսալով որ համաշխարհային մակարդակով որդեգրուելիք այս համաձայնութիւնները, որոնք պիտի հանդիսանան քաղաքական եւ գործնական առաջարկներու ու քայլերու շրջագիծ մը, դրոշմուած կ’ըլլան վշտակցութեամբ, նախատեսութեամբ եւ քաջութեամբ, որպէսզի ամէն առիթ օգտագործուի խաղաղութեան կառուցումը առաջ տանելու։ Ապա ան կը մատնանշէ այս ուղղութեամբ Մարդու Համապարփակ զարգացումի վատիկանեան ծառայութեան՝ գաղթականներու ու փախստականներու մասնաճիւղին, 20 կէտերու մէջ ամփոփած գաղթականներու հայող հարցերու լուծման գծով առաջարկները ու կը մէջբերէ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի խօսքերը. «Եթէ խաղաղ աշխարհի մը «երազը» բաժնեկցուած ըլլայ շատերէն, եթէ արժեւորուի գաղթականներու ու փախստականներու նպաստը, մարդկութիւնը կրնայ միշտ աւելիով դառնալ բոլորին ընտանիքը ու մեր Երկիրը իսկական հասարակաց տուն»։

«Շատեր, կը գրէ Նորին Սրբութիւնը, հաւատացին այդ երազին ու անոնք որոնք զայն ապրեցան կը վկայեն որ ան անիրականանալի պատրանք մը չէ»։ Ասոնց շարքին Պապը կը յիշատակէ Սրբուհի Ֆրանչեսքա Սավերիօ Քապրինին որուն մահուան հարիւրամեակը նշուեցաւ 2017-ի 13 նոյեմբերին եւ որ իր ամբողջ կեանքը նուիրեց գաղթականներուն, դառնալով ապա անոնց պահապան սուրբը։ «Թող որ Տէրը՝ Անոր բարեխօսութեամբ, մեզի բոլորիս պարգեւէ շնորհքը փորձարկելու այն իրողութիւնը թէ «անոնց համար որոնք խաղաղութեան գործեր կը կատարեն, արդարութեան պտուղ մը կը սերմանուի խաղաղութեան մէջ» կ’եզրակացնէ Ֆրանչիսկոս, որուն պատգամը հրապարակուեցաւ ուրբաթ, 24 նոյեմբեր 2017-ին Սուրբ Աթոռի մամուլի գրասենեակին մէջ։