Երուսաղէմը իբրեւ Իսրայէլի պետութեան մայրաքաղաք ճանչնալու ամերիկեան միակողմանի որոշումը արդար զայրոյթի ալիք մը յառաջացուց Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի մէջ։ Այս որոշումին յաջորդող օրերուն, այդ զայրոյթը արտայայտող բողոքի բուռն ցոյցեր եւ ցուցարարներուն ու իսրայէլացի զինուորներուն միջեւ բախումներ տեղի ունեցան, մինչ Իսրայէլ իր օդուժը սանձազերծեց Կազայի դէմ իբրեւ հակազդեցութիւն հրթիռի մը արձակումին, պատճառելով աւելի քան 1200 վիրաւորներ, ըստ պաղեստիեան առողջապահութեան նախարարութեան։ Չորս հոգիներ սպաննուեցան Կազայի մէջ եւ Ֆաթհը կոչ ըրաւ շարունակելու ցոյցերը։
Պաղեստինցիներուն եւ համայն արաբական աշխարհին ընդվզումին միացաւ միջազգային ընտանիքը՝ դիտել տալով որ նախագահ Թրամփ իր այս միակողմանի որոշումով կը ժխտէ Երուսաղէմի մասին ՄԱԿ-ի բոլոր բանաձեւերը եւ շրջանէն ներս կը յառաջացնէ պայթիւնավիճակ մը՝ ծայր աստիճան սպառնալից հետեւանքներով։
Այս խռովայոյզ իրավիճակը բնականաբար չէր կրնար անտարբեր ձգել Սուրբ Աթոռը, որ իրեն յատուկ զուսպ բայց խստաշունչ հակազդեցութեամբ մը զգացուց իր ընդդիմութիւնը Թրամփի գայթակղալի որոշումին, որուն հետեւանքով ստեղծուած «խիստ ծանրակշիռ» իրավիճակին դիմաց, ինչպէս ըսուած է Սուրբ Աթոռին կողմէ այս մասին լոյս ընծայուած հաղորդագրութեան մէջ, Սրբազան Քահանայապետը «իմաստութեան եւ զգուշաւորութեան կոչ» ըրաւ պետութեանց ղեկավարներուն որպէսզի «զգուշանան բռնութեան նոր ալիք մը յառաջացնելէ՝ բանիւ եւ գործով ընդառաջելով ժողովուրդներու խաղաղութեան, արդարութեան եւ անվտանգութեան ցանկութիւններուն»։ Պապը բաժնեց Թրամփի որոշումին հետեւանքով՝ Արաբական Լիկային, Իսլամական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան եւ միջազգային բոլոր մարմիններուն արտայայտած մտավախութիւնները։
Արդարեւ, Սուրբ Աթոռի մամուլի Գրասենեակին կողմէ֊ կիրակի, 10 դեկտեմբերին լոյս ընծայուած հաղորդագրութեան մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը յիշեցնէ Սուրբ Քաղաքին «յատուկ կարգավիճակը» եւ «Երուսաղէմի սթաթու քօն յարգելու կենսական պայմանը»։ Ան կը վերահաստատէ Սուրբ Աթոռին այն համոզումը որ միայն իսրայէլացիներուն ու պաղեստինցիներուն միջեւ տեղի ունեցած բանակցութիւններու միջոցաւ գտնուած լուծում մը կրնայ առաջնորդել կայուն ու տեւական խաղաղութեան մը, եւ երաշխաւորել խաղաղ համակեցութիւնը երկու Պետութիւններու, միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններէն ներս»։
Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն Առաքելութիւնը, իր կարգին, 21 դեկտեմբեր 2017-ին, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի տասներորդ արտակարգ նստաշրջանի 37-րդ լիագումար նիստին յղած մէկ յուշագրով յիշեցուց բոլոր երկիրներուն պարտաւորութիւնը յարգելու Սուրբ Քաղաքին պատմական կարգավիճակը եւ կոչ ըրաւ յարգելու Երուսաղէմի դիմագիծը եւ անոր տիեզերական արժէքը։ Ան վերահաստատեց որ միջազգային երաշխաւորուած կարգավիճակ մը կրնայ պահպանել Սուրբ Քաղաքին եզակի դիմագիծը եւ երաշխաւորել երկխօսութիւնն ու հաշտութիւնը ի խնդիր շրջանէն ներս խաղաղութեան։
Կարծես Նախախնամական կանխազգացումով մը, կամ թերեւս վատիկանեան դիւանագիտութեան խողովակներուն միջոցաւ ստացած տեղեկութիւններէն դատելով, չորեքշաբթի 6 դեկտեմբերին, Երուսաղէմը Իսրայէլի պետութեան մայրաքաղաք ճանչնալու մասին նախագահ Թրամփի կատարած յայտարարութենէն առաջ իսկ, իր ընդհանուր ունկնդրութեան ժամանակ, Պապը կոչ ըրած էր որպէսզի «բոլորը յանձնառու ըլլան յարգելու Երուսաղէմի սթաթու քօն, համաձայն Միացեալ Ազգերու համապատասխան որոշումներուն»։ Այնուհետեւ լոյս ընծայած հաղորդագրութեան մէջ, Սուրբ Աթոռը յայտարարեց որ «Երուսաղէմը Սուրբ Քաղաք է համայն աշխարհի քրիստոնեաներուն, հրեաներուն եւ իսլամներուն համար»։
Առաջին անգամը չէ որ Սուրբ Աթոռը իր ձայնը կը բարձրացնէ եւ Սրբազան Քահանայապետը իր ազդու միջամտութիւնը կը կատարէ առաջքը առնել տալու համար ժողովուրդներու խաղաղութեան, արդարութեան եւ անվտանգութեան ձգտումին հակադրուող որոշումի մը կամ քայլի մը գործադրութեան կամ յետս կոչել տալու համար զայն, ով ալ ըլլայ անոր հեղինակը, ինչպէս պատահած էր 2013-ի օգոստոս-սեպտեմբերին, երբ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ կը պատրաստուէր զինուորական յարձակում մը Սուրիոյ վրայ եւ Ֆրանչիսկոս Պապը յաջողեցաւ յետս կոչել տալ այդ յարձակումին ծրագիրը։
17/12/2017
ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ