1918-ի նոյեմբերին համաշխարհային առաջին պատերազմը վերջ կը գտնէ եւ զինուորները կը վերադառնան իրենց տուները, ինչպէս որ Աստուածամայրը խոստացած էր իր երեւումներուն մէջ: Թէեւ աշխարհը որոշ խաղաղութիւն մը կը գտնէ, սակայն Ֆաթիմայի մէջ տեղւոյն իշխանութեան կողմէ հալածանքներու նոր հանգրուան մը սկիզբ կ՛առնէ ընդդէմ Եկեղեցւոյ, փորձելով վերջ տալ երեւումներուն վերաբերող բոլոր լուրերուն, մանաւանդ վերջին երեւման ընթացքին պատահած հրաշքին մասին, որուն արձագանքը հասած ըլլալով ամենուրեք, աշխարհի բոլոր կողմերէն հազարաւոր մարդիկ կու գային տեսնելու հրաշքին վայրը, եւ խնդրելու Աստուածամօր բարեխօսութիւնը: Իշխանութիւնը՝ կատղած ըլլալով այս իրավիճակէն, որոշում կու տայ արմատախիլ ընելու այն կաղնին, որուն վերեւ կ՛երեւնար Մարիամ Կոյսը: Իշխանութիւնները մարդիկ կը ղրկեն այդ կաղնիէն ոչ մէկ հետք ձգելու պատուէրով, եւ այդպէս ալ կ՛ըլլայ։ Սակայն յաջորդ օրը, Լուչիան կը նկատէ թէ անոնք սխալ կաղնի մը արմատախիլ ըրած էին: Ֆաթիմայի բնակիչները անմիջապէս կը փութան կառուցանելու մատուռ մը նուիրուած «Վարդարանի Տիրամօր»: Կառուցումի աւարտին, եկեղեցւոյ թշնամիները կը պայթեցնեն զայն։ Սակայն, տեղւոյն բնակիչները երբեք չեն յուսահատիր, ընդհակառակը, անոնք անմիջապէս գործի կը լծուին վերակառուցանելու քանդուած մատուռը։ Իսկ ինչ կը վերաբերի երեք փոքրիկ հովիւներուն, Աստուածամօր բոլոր խոստումները կ՛իրականանան իրենց կեանքին մէջ՝ Ֆրանչիսկոս եւ Յակինթա շատ կանուխ կը մեկնին երկինք, իսկ Լուչիան կը շարունակէ իր կեանքը այս աշխարհին վրայ, ըլլալու համար վկան եւ առաքեալը Մարիամի Անարատ Սուրբ Սրտին:
Ֆրանչիսկոսի երթը
1918-ի հոկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս եւ Յակինթա կը հիւանդանան, եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը մեծ համբերութեամբ ու զոհողութիւններով կը շալկէ իր ցաւերը: Ֆրանչիսկոս՝ թոքերու բորբոքումի պատճառաւ, ցաւերու մէջ կը տանջուի: Սակայն առանց տրտուջի ու դժգոհանքի, իր ցաւերը կը նուիրէ չարչարեալ Սիրտ Յիսուսի, որ անարգուած է մարդուն մեղքերուն պատճառաւ: Ան իր մայրը մխիթարելու համար յաճախ կ՛ըսէ. «Մեր Տիրոջ եւ Սուրբ Կոյսին սիրոյն համար»: Երբ կը ծանրանայ հիւանդութիւնը, Ֆրանչիսկոս իր հօրը՝ Փետրոյին, կ՛ըսէ. «Կ՛ուզեմ Երկինք երթալ, Աստուածամայրը մեզի խոստացաւ որ պիտի գայ եւ մօտ ատենէն Երկինք պիտի տանի զիս»: Մայրը՝ Օլիվիան, տեսնելով Ֆրանչիսկոսի հաւատքն ու փափաքը Երկինք երթալու, կը հասկնայ թէ ինչու բժիշկները անկարող կ՛ըլլան օգտակար դառնալու:
Երբ Ֆրանչիսկոսի տանջանքներն ու ցաւերը կը ծանրանան, ան իր մօրը կ՛ըսէ. «Մայր իմ, այլեւս ուժ չունիմ վարդարանը աղօթելու, եւ «Ողջոյն քեզ Մարիամ»ը դժուարութեամբ կ՛արտասանեմ»: Իսկ մայրը զինք մխիթարելով կ՛ըսէ. «Եթէ կարող չես շրթներովդ արտասանելու, սրտիդ մէջ աղօթէ, Աստուածամայրը պիտի լսէ քեզի եւ պիտի ուրախանայ»:
Ֆրանչիսկոս մինչեւ իր կեանքին վերջին օրերը կը կրէ ցաւերը իր մէջքին սեղմած պարան մը։ Եւ երբ կը զգայ թէ հասած էին կեանքին վերջին ժամերը, կը քակէ զայն իր մէջքէն, եւ Լուչիային յանձնելով կ՛ըսէ. «Առ պարանը նախքան որ մայրս զայն տեսնէ: Հիմա կարող չեմ այլեւս զայն մէջքիս կապելու: Կ՛ուզեմ չարչարուիլ Աստուծոյ եւ Մարիամի սիրոյն համար»: Լուչիան մօտենալով իրեն կ՛ըսէ. «Երբ բարձունքներն ըլլաս, մի մոռնար աղօթելու մեղաւորներուն համար, Յակինթային եւ ինծի համար»:
Արդէն մէկ ու կէս տարի անցած էր Աստուածամօր վերջին երեւումէն: Ֆրանչիսկոս խղճի քննութիւն մը կը կատարէ եւ իր հօրմէն կը խնդրէ Սուրբ Հաղորդութիւնը ստանալ: Յաջորդ օրը՝ 1919-ի ապրիլ 3-ին, Ֆրանչիսկոս վերջին անգամ ըլլալով կը ստանայ Սուրբ Հաղորդութիւնը մեծ ուրախութեամբ, եւ իր մօրը դառնալով կ՛ըսէ. «Ճշմարիտ երջանկութիւնը զգացի»: Երեկոյեան ժամերուն, իր աչքերը սեւերելով դէպի ննջարանին դուռը, կ՛ըսէ իր մօրը. «Մայր իմ, որքան գեղեցիկ են այս լոյսերը, դռան մօտ»:
1919-ի ապրիլ 4-ի առաւօտեան ժամերուն, Ֆրանչիսկոս խաղաղութեամբ աչքերը կը փակէ իր ծնողքին տան մէջ, Ալժէսթրիլ քաղաքը: Անոր մարմինը կ՛ամփոփուի ժողովրդապետութեան գերեզմանատան մէջ, սուրբ Անտոն Փատովացիի եկեղեցւոյ կից: 1954-ին, անոր աճիւնները կը փոխադրեն՝ զետեղելու համար Վարդարանի Տիրամօր Պազիլիքային մէջ:
Յակինթայի ցաւերը
Երբ Յակինթայի ժամը կը հասնի Երկինք փոխադրուելու, Աստուածամայրը կ’երեւայ իրեն զինք պատրաստելու դէպի յաւիտենական երջանկութիւն անցքին: Յակինթան միշտ տենչն ու փափաքը ունեցած է Երկինք հասնելու, բայց նաեւ մտահոգ եղած է մեղաւորներու դարձով, ասոր համար կը խնդրէ Աստուածամօրմէն աւելի ժամանակ շնորհել իրեն մնալու աշխարհի վրայ, որպէսզի կարենար աւելի զոհողութիւններ կատարել, եւ չարչարանքներ կրել մեղաւորներու դարձին համար: Աստուածամայրը ընդառաջելով Յակինթայի խնդրանքին, Ֆրանչիսկոսի մահէն ետք, տասը ամիս աւելի կեանք կը պարգեւէ անոր: Ան Լուչիային կը վկայէ այս դէպքի մասին ըսելով. «Տիրամայրը եկաւ մեզ տեսնելու, եւ ըսելու թէ կարճ ժամանակ ետք Ֆրանչիսկոսը պիտի փոխադրէ Երկինք: Եւ հարցուց ինծի թէ կ՛ուզէի՞ աւելի մնալ որպէսզի օգնեմ մեղաւորներուն դարձին: Իրեն «այո» պատասխանեցի»: Աստուածամօր վերջին երեւումէն՝ 13 հոկտեմբեր 1917-էն մինչեւ իր մահը՝ 20 փետրուար 1920, այսինքն 28 ամիս, Յակինթա, հակառակ իր փոքր տարիքին, կեանքի շատ կարեւոր հանգրուան մը կ՛ապրի: Ան՝ որպէս աշակերտ Յիսուսի, դաստիարակուած Աստուածամօր դպրոցին մէջ, գիտակից էր թէ իր տառապանքներով, զոհողութիւններով ու ցաւերով պիտի կարենար օգտակար դառնալ իւրաքանչիւր մեղաւորի, որ հեռացած էր Աստուծմէ:
Յակինթա կ՛աղօթէ Սրբազան Քահանայապետին համար
Երեւումներուն ընթացքին, կը պատահի որ երկու կղերականներ կը հանդիպին փոքրիկներուն, զանոնք հարցաքննելու համար պատահարներուն մասին: Անոնք՝ հանդիպումին աւարտին, կը խնդրեն փոքրիկներէն աղօթել Սրբազան Քահանայապետին դիտաւորութեան: Յակինթա հարց կու տայ կղերականներուն. «Ո՞վ է սրբազան քահանայապետը»: Անոնք կը բացատրեն ըսելով թէ՝ ան Հռոմի Պապն է, Յիսուս Քրիստոսի ներկայացուցիչը աշխարհին վրայ, եւ սուրբ Պետրոս առաքեալի ժառանգորդը, բացատրելով անոնց Յիսուսի խօսքը Պետրոսին ուղղուած. «Դուն ես վէմը, եւ ես այդ վէմին վրայ պիտի հիմնեմ Եկեղեցիս, եւ դժոխքի դռները պիտի չյաղթահարեն անոր» (Մատթէոս 16,18):
Այսպէսով, այդ օրէն որ Յակինթա Քահանայապետը կը ճանչնայ որպէս Եկեղեցւոյ պետը, ամէն օր շարունակ կ՛աղօթէ անոր դիտաւորութեան, հանդերձ զոհողութիւններով: Ամէն անգամ որ մահացուցում մը կը կատարէ, իր աղօթքին մէջ կ՛աւելցնէ ըսելով. «նաեւ Սրբազան Քահանայապետին համար»: Իսկ Վարդարանի աղօթքին աւարտին, երեք անգամ «Հրեշտակային Ողջոյն»ը կ՛աղօթէ Սրբազան Քահանայապետին դիտաւորութեան: Ան միշտ փափաք յայտնած է նաեւ զինք տեսնելու եւ իրեն ծանօթանալու. «Որքան փափաք ունիմ Սրբազան Քահանայապետը տեսնելու: Շատ մարդիկ կու գան հոս, սակայն Սրբազան Քահանայապետը երբեք չեկաւ»: Իր մանկական պարզութեամբ, կը կարծէ թէ Պապը կրնար, ոեւէ անձի նման, եւ որեւէ ժամուն Ֆաթիմա այցելել:
Յակինթային առանձնաշնորհումը Սրբազան Քահանայապետը տեսնելու
Յակինթան այնքան մեծ փափաք կ’ունենայ Պապը տեսնելու, որ Աստուածամայրը զինք կ’արժանացնէ յատուկ շնորհքներ ստանալու Սրբազան Քահանայապետին վերաբերող: Յետագային, Լուչիա կը պատմէ հետեւեալը. «Օր մը, գացած էինք հանգիստ ընելու ծնողքիս տան պատկանող հորին մօտ: Յանկարծ լսեցի Յակինթան որ զիս կը կանչէ ըսելով. «Տեսա՞ր Սրբազան Քահանայապետը»: «Ո՛չ», պատասխանեցի իրեն: Ան շարունակեց ըսելով. «Չեմ գիտեր ինչպէս պատահեցաւ այս տեսիլքը: Տեսայ Սրբազան Քահանայապետը մեծ տունի մը մէջ, ծնրադրած սեղանի մը առջեւ, գլուխը իր ձեռքերուն մէջ առած, կու լար: Իսկ դուրսը տեսայ հոծ բազմութիւն մը: Անոնցմէ ոմանք կը քարկոծէին Քահանայապետը, ուրիշներ կը նախատէին զինք ու կը հայհոյէին: Խեղճ Սրբազան Քահանայապետ: Պէտք է շատ աղօթենք իր դիտաւորութեան»: Ուրիշ առիթներով եւս, Լուչիան կը պատմէ թէ Յակինթան, աստուածային յատուկ շնորհքով, կ՛արժանանայ Քահանայապետը տեսնելու տարբեր տեսիլքներու ընդմէջէն:
Լուչիան կը պատմէ նաեւ հետեւեալ դէպքը. «Օր մը գացած էինք Լուքա Տը Քաբիսօ, հոն ուր հրեշտակը տեսանք 1916-ի առաջին եւ երրորդ երեւումներուն, աղօթելու համար այն աղօթքը, զոր հրեշտակը մեզի սորվեցուցած էր: Ծնրադրեցինք միեւնոյն տեղը, ուր երեւումը տեղի ունեցած էր, եւ սկսանք աղօթել: Ետքը լսեցի Յակինթան որ զիս կը կանչէր ըսելով. «Չտեսա՞ր ճամբաները, փողոցներն ու պարտէզները լեցուած մարդոցմով, որոնք կու լան անօթութենէ եւ չունին ուտելիք, իսկ Սրբազան Քահանայապետը եկեղեցւոյ մէջ կ՛աղօթէր Մարիամի Անարատ Սրտին, ինչպէս նաեւ ժողովուրդն ամբողջ կ՛աղօթէր իր հետ»: Այս մարգարէաշունչ տեսիլքը իրականացաւ համաշխարհային երկրորդ պատերազմին, երբ սովէն մեծ թիւով մարդիկ մեռան: Ինչպէս նաեւ որքան մեծ էր ցաւը Աստուծոյ ծառայ Պիոս ԺԲ. Սրբազան Քահանայապետին, որ մեծ զոհողութիւններով եւ ջանքերով ապրեցաւ պատերազմի սեւ օրերը, եւ միշտ դիմեց Աստուածամօր, ու 1941-ին ամբողջ աշխարհը նուիրեց Մարիամի Անարատ ու Ցաւագին Սրտին:
Յակինթա մեծ զոհողութիւններ կը նուիրէ Յիսուսի եւ Մարիամի Սուրբ Սրտերուն
Երեւումներուն աւարտին, Յակինթա ամբողջովին նուիրուեցաւ մեղաւորներու դարձին, որպէսզի անոնք ազատէին դժոխքէն: Մեծ զոհողութիւններ կը կատարէ անոնց փրկութեան համար, մանաւանդ 13 յուլիս 1917-ի երեւումէն ետք, որու ընթացքին Լուչիայի եւ Ֆրանչիսկոսի հետ միասին կը տեսնէ դժոխքը:
Այս բազմաթիւ զոհողութիւններէն կը յիշենք այն պարանը, զոր միշտ սեղմած էր իր մէջքին: Կը պատահի որ օր մը ծառին ճիւղէն ձեռքը կը վիրաւորուի. ան փոխանակ դժգոհելու ու լալու, իր ցաւը կը նուիրէ Յիսուսի եւ Մարիամի Սուրբ Սրտերուն, որովհետեւ անոր մէջ կը գտնէ կերպ մը զոհուելու ուրիշին համար: Ատկէ ետք յաճախ ծառի ճիւղեր կը կտրէ եւ իր փափուկ ու նուրբ ոտքերուն տակ դնելով, բոպիկ անոնց վրայ կը կոխէ առանց դժգոհելու ցաւէն: Առաւել եւս որոշ զոհողութիւններ կը կատարէ կերակուրներէն ու ըմպելիներէն: Հակառակ փոքր տարիքին, իր ունեցած հաւատարմութեան առաքինութիւնը հանդէպ Աստուծոյ կոչին, թոյլ կու տայ որ մեծագործութիւններ կատարէ իր կեանքին մէջ: Ամէն անգամ որ՝ հրեշտակին սորվեցուցած աղօթքը կ՛արտասանէ, ծնրադրած եւ գլուխը գետին յարած, բազմաթիւ շնորհքներ կը ստանայ: Այնքան մեծ էր իր սէրը Յիսուսի եւ Մարիամի հանդէպ, որ զինք կը մղէր յաճախ սրտաբուխ աղօթքներ բարձրացնելու անոնց. «Որքան կը սիրեմ Մարիամի Անարատ Սիրտը. մեր երկնաւոր Մօր սիրտն է»: Լուչիային կը հարցնէ ըսելով. «Դուն ալ կը սիրե՞ս միշտ աղօթել Մարիամին՝ անոր Անարատ ու Մաքուր Սրտին: Ես շատ կը սիրեմ, շատ կը սիրեմ»: Յաճախ ծաղիկներ կը հաւաքէ պարտէզներէն, եւ աղօթքները երգելով կը դիմէ Մարիամին: 20 փետրուար 1920-ին, երբ կը պատրաստուէր Երկինք փոխադրուելու, Լուչիային կ’ըսէ. «Ինծի համար շատ աղօթէ մինչեւ որ Երկինք մտնեմ: Հոն ես քեզի համար շատ պիտի աղօթեմ: Շատ սիրէ Յիսուսի եւ Մարիամի Սուրբ Սրտերը»: Յակինթա եղաւ իսկական առաքեալը Յիսուսի եւ Մարիամի Սուրբ Սրտերուն: Հաւատացեալներէն շատեր կը դիմէին մանուկներուն եւ կ՛աղօթէին անոնց հետ, խնդրելով իրենցմէ որ յատուկ շնորքներ խնդրեն Աստուածամօրմէն:
Յակինթա կը պատրաստուի Երկինք փոխադրուելու
Ֆրանչիսկոսի մահէն մի քանի շաբաթ ետք, Յակինթա կը հիւանդանայ: Անդրադառնալով մօրը տխրութեան, Յակինթա կ՛ըսէ իրեն. «Մայրիկ մի տխրիր ու մի տրտմիր, ես Երկինք պիտի երթամ, եւ հոնտեղէն շատ պիտի աղօթեմ քեզի համար»: Եւ երբ Լուչիան իրեն այցելութեան կու գայ, Յակինթա կ՛ըսէ իրեն. «Ոչ ոքի պատմէ ցաւերուս մասին: Նոյնիսկ մօրս, որովհետեւ չեմ ուզեր որ ան մտահոգուի ու ցաւի»: Լուչիան իրեն կ՛ապահովցնէ ըսելով. «Ինչպէս որ կ՛ուզես»: Բժիշկը, որ կու գայ զինք քննելու, մինչ տակաւին ծնողքին տունն էր, կը յայտնէ թէ վիճակը շատ ծանր է ու անկարելի պիտի ելլայ տան մէջ պահելը. պէտք է հիւանդանոց փոխադրուէր: Յաջորդ օրը, մինչ զինք «Ֆիլանովա Տը Օրիմ» հիւանդանոցը կը փոխդրեն, Յակինթա կը պատմէ Լուչիային իր մահուան մասին Լիզպոնի հիւանդանոցին մէջ, մինակ, ըսելով. «Տիրամայրը պատմեց ինծի թէ երկու հիւանդանոց պիտի երթամ, բայց ոչ բուժուելու համար», եւ կ՛աւելցնէ. «Երանի դուն ալ հետս կարենայիր գալ: Ինչ որ կը տխրեցնէ զիս որ քեզմէ հեռու պիտի մնամ: Պիտի երթամ առանձինս չարչարուելու համար»: Ժամանակ մը ետք, երբ Լուչիան իրեն կ՛այցելէ հիւանդանոցին մէջ, կը հարցնէ. «Յակինթա, կը տառապի՞ս»: Ան կը պատասխանէ ըսելով. «Շատ: Սակայն այս բոլորը մեղաւորներուն դարձին համար եւ Սրբազան Քահանայապետին դիտաւորութեան: Յիսուս եւ Մարիամ կ՛ուզեն որ այս ցաւերը նուիրենք մեղաւորներուն դարձին համար»: Երկու ամիս կ՛անցնի եւ Յակինթայի առողջութիւնը ոչ մէկ յառաջդիմութիւն կ՛արձանագրէ հիւանդանոցին մէջ: Ծախսերը ծանր բեռ մը կ՛ըլլան ծնողքին համար: Բժիշկները կ՛որոշեն տուն վերադարձնել զինք:
Անգամ մը Լուչիան կը հարցնէ իրեն. «Ի՞նչ պիտի ընես Երկինքը»: Ան կը պատասխանէ. «Շատ պիտի սիրեմ Յիսուսը եւ Մարիամի Անարատ Սիրտը, եւ պիտի աղօթեմ քեզի համար, մեղաւորներուն համար, Սրբազան Քահանայապետին համար, ծնողքիս համար եւ բոլոր անոնց համար, որոնք խնդրեցին ինձմէ յիշել զիրենք»: Լուչիան կը վկայէ թէ օր մը կը տեսնէ զինք որ կը համբուրէր Աստուածամօր պատկերը ըսելով. «Ո՛վ երկնաւոր Մայրս, ուրեմն պէտք է որ առանձին մեռնիմ»: Եւ այդպէս ալ կ՛ըլլայ:
Յաջորդ տարուան սկիզբը, Յակինթա կը լսէ բժիշկը, որ իր գործընկերին կը խօսէր անոր վիճակին մասին ըսելով. «Շատ քիչ յոյս կայ բուժումի: Պէտք է շատ արագ գործողութեան ենթարկուի, սակայն ծնողքին հաւանութիւնը կ՛ուզենք»: Գործընկերը իրեն կը պատասխանէ ըսելով. «Յակինթայի պարագան շատ դժուար է»: Յակինթա լսելէ ետք այս խօսակցութիւնը, բժիշկին դառնալով կ՛ըսէ. «Այս բոլորը կարեւոր չէ, Աստուածամայրը ըսաւ թէ կանուխ պիտի մեռնիմ»: Եւ կը շարունակէ ըսելով. «Եթէ մարդիկ գիտնան թէ ինչ կը նշանակէ յաւիտենականութիւնը, անկարելին պիտի ընեն իրենց կեանքը փոխելու համար»:
Փետրուար 16-ին, գործողութենէն մէկ շաբաթ ետք, բժիշկը իր գործընկերին կ՛ըսէ. «Այս փոքրիկին առողջութիւնը չի լաւանար»: Իսկ մայրապետը որ կը հոգար զինք, կը լսէ Յակինթան որ կ՛ըսէ. «Հիմա ես ոչինչ կը խնդրեմ: Աստուածամայրը ինծի նորէն երեւցաւ եւ ըսաւ թէ կանուխ Երկինք պիտի փոխադրէ զիս, եւ պիտի հանդիպիմ Ֆրանչիսկոսի հետ»: Եւ այդպէս կ՛ըլլայ: Չորս օր ետք, 1920-ի փետրուար 20-ին, Յակինթա իր աչքերը կը փակէ, որպէսզի ծնէր Յաւիտենականութեան մէջ: Այն ատեն, հիւանդանոցին մեծաւոր մայրը իր կողքին կեցած կը խաչակնքէ ըսելով. «Հիմա վերջապէս Յակինթան ուրախ է իր եղբօր Ֆրանչիսկոսին մօտ, ինչպէս նաեւ Սուրբ Կոյս Մարիամին մօտ: Եղաւ ամէն բան որու ինք պատրաստուած էր»:
Պարոն «Տը Ալֆարէզ»ը ընտանեկան դամբարանը կը տրամադրէ Վիլա Նօվա Տը Օրէմի մէջ, որպէսզի հոն ամփոփուէր մարմինը Յակինթային: 1954-ին, անոր մարմինը կը փոխադրուի զետեղուելու համար Վարդարանի Տիրամօր Պազիլիքային մէջ: Երբ մարմինը գերեզմանէն կը հանեն, Պազիլիքա փոխադրելու համար, կը տեսնեն թէ անապական մնացած էր:
13 մայիս 1989-ին, սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը Ֆրանչիսկոսը եւ Յակինթան Աստուծոյ ծառաներ կը յայտարարէ, իսկ 13 մայիս 2000-ին, զիրենք երանելիներ կը յայտարարէ Ֆաթիմայի մէջ, ուր այցելեց Պապը յոբելինական տարուան առթիւ, երրորդ անգամուան համար վերանորոգելու իր շնորհակալութիւնը Աստուածամօր, որ զինք ազատած էր մահափորձէն Վատիկանի սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ: 13 մայիս 2017-ին, երեւումներուն 100 ամեակին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Պապը Ֆրանչիսկոսը եւ Յակինթան սուրբեր կը հռչակէ:
ՍԵՊՈՒՀ ՎՐԴ․ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ