Ֆաթիմայի երեւումներուն 100-ամեայ յոբելեանին առիթով «ՖԱԹԻՄԱ ԵԿԱՅ՝ ՑՆԾԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՄԱՐԻԱՄԻ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ՄԱՅՐԵՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ

Ֆաթիմայի երեւումներուն 100-ամեայ յոբելեանին առիթով  «ՖԱԹԻՄԱ ԵԿԱՅ՝ ՑՆԾԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՄԱՐԻԱՄԻ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ՄԱՅՐԵՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ

Անցեալէն այսչափը կը բաւէ վերջին չորս յօդուածներովս: Այսօր գանք ներկային, որովհետեւ, ինչպէս որ լիովին համազուած եմ, Ֆաթիմա այնքան չի պատկանիր անցեալին, որքան ներկային ու ներկայէն՝ ապագային:

Իսկոյն իմացնեմ, թէ հոգեկան աստուածաբանութեան այդ յանձնառումին շեշտաւորումը, որուն երէկ ակնարկեցի չորրորդ յօդուածիս վերջաւորութեան, կը տեսնեմ Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Պապին (2005-2013) ուսուցող խօսքերուն եւ արարք-ներուն մէջ, զորոնք ըսաւ ու ըրաւ 11 Մայիս 2010-ին, զինքը Ֆաթիմա տանող օդանաւին մէջ տուած հարցազրոյցին ընթացքին:

Արդարեւ, Բենեդիկտոս ԺԶ. Քահանայապետը, յայտնելէն յետոյ իր ուրախութիւնը Ֆաթիմա երթալու, ուր Տիրամօր առջեւ պիտի աղօթէր, ինչպէս նաեւ շեշտելէն յետոյ, թէ «Ֆաթիմա նշան է հաւատքի առկայութեան», իրաւացիօրէն կարեւորեց Տեսլամօր պատգամն իբր պատասխանը Յիսուս Որդիին հրահանգին.«Էականին մէջ՝ Ֆաթիմայի պատասխանը ուղղուած չէ մասնաւոր ջերմեռանդութիւններուն, այլ՝ կը պարփակէ զղջազող դարձը, ապաշխարանքը, աղօթքն ու երեք աստուածաբանական առաքինութիւնները՝ Հաւատքը, Յոյսը, Սէրը»:

Իսկ հարցազրոյցն աւարտեց այս շեշտուած պատասխանով.«Եկեղեցին խոր պահանջքն ունի վերասորվելու ապաշխարանքը, ընդունելու մաքրազտումը և սորվելու ներումը:

Մենք իրատեսներ ենք, երբ կը սպասենք, թէ դեւը միշտ կը հարուածէ, Եկեղեցիին ներսէն ու դուրսէն, բայց նոյնպէս իրապաշտ ենք՝ ըսելով, թէ բարիին ոյժերն ալ միշտ ներկայ են և թէ Տէրը աւելի հզօր է քան սատանան, ինչպէս նաև, թէ Տեսլամայրը մեզի համար տեսանելի ու մայրենի երաշխիքն է Աստուծոյ բարութեան, որ միշտ վերջին խօսքն է պատմութեան մէջ»:

Ուխտագնացութեան երկրորդ օրը, Մայիս 12-ին, ֆաթիմայեան ու վարդարանեան օրն եղաւ թէ՛ Հռոմի մարեմական-մարեմաբանին և թէ՛ բազմահազար ուխտաւորներուն համար, որոնց խօսած քարոզին մէջ գերմանացի Սրբազան Հայրը յորդորեց նմանելու Մարիամին՝ անոր ամբողջական համակերպումին մէջ Աստուծոյ կամքին:

Ան յանձնարարեց վարդարանին ամենօրեայ աղօթքը՝ կարեւորելով անոր խորհրդածութիւնն իբր ներհայեցողական խոկումի մեթոտ Ս. Կուսամօր մասնակցութեան այսօրուայ մեր կեանքերուն մէջ:

«Վարդարան ըսելը», կը սորվեցնէ մարեմասէր Պապը, «մեզի կը թոյլատրէ հաստատելու մեր ակնարկն ու սիրտը Յիսուսի վրայ, ճիշդ այնպէս, ինչպէս անոր Մայրը՝ գերագոյն Օրինակն ու Բնորդուհին Որդիին հետ ներհայեցողական խորհրդածութեան եւ ապրումին»:

Ս. Վարդարանով՝ մենք կը խորհրդածենք Յիսուսի մասին ընդօրինակելով Մայրը, որ մեզ կը տանի նմանութեան իր Որդիին, որմէ կ’առնենք լոյսը մեր առօրեային համար:

Կեանքին մէջ հաւատքը շատ տեղեր կը թուի ըլլալ իբր լոյս, որ, սակայն, վտանգուած է շիջելու մշտապէս: Ուստի, մեր Տէր Աստուածն աշխարհին մէջ տեսանելի դարձնելու ենք և բանալու ենք մարդկութեան:

Հետեւաբար, բացագանչեց սպիտակազգեստ Այցելուն, «մի՛ վախնաք թէ՛ խօսելու Աստուծոյ մասին և թէ՛ ցոյց տալու նշանները հաւատքին՝ ձգելով, որ Քրիստոսի լոյսը շողայ այսօրուայ ժողովուրդին ներկայութեան մէջ»:

Սրբազան Պապը, լատիներէն, և ուխտաւոր հաւատացեալները, իրենց լեզուներով, աղօթեցին Փառաւորութեան Խորհուրդները: Իւրաքանչիւրը իր մայրենի լեզուով, որով վերառնուեցաւ տիեզերականութիւնը Ս. Եկեղեցիին:

Աղօթքը սկսելէն առաջ, սակայն, հազարաւոր «Ֆաթիմայի վարդարան»ները բաժնուեցան: Նախ իբրեւ խորհրդանշական նուէր՝ Քահանայապետը ստացաւ տպազիոնի յարգի քարերով ոսկեզօծ վարդարան մը:

Այս գրութեանս վերնագիրն առի այն սրտառուչ և խորիմաստ ներբողէն, զոր Բենեդիկտոս ԺԶ. կարդաց Մայիս 13-ին, հայրապետական Ս. Պատարագին ատեն, բազմաթիւ կարդինալներու, արքեպիսկոպոսներու, եպիսկոպոսներու, վարդապետներու, կրօնաւորներու, մայրապետներու, ինչպէս ալ պետական ու աշխարհական անձնաւորութիւններու և բիւրաւոր հաւատացեալներու մասնակցութեամբ:

Փառաւորեալ օրն էր 93 տարիներէն առաջ Ֆաթիմա սկսած առաջին երեւումին եւ մանաւանդ յոբելենական 10 ամեակն էր Յակինթայի ու Փրանկիսկոսի «Երանելի» հռչակումին: Ուրեմն, նաեւ պատեհ ցնծառիթն էր՝ մէջբերելու տարիքով շատ անչափաաս, սակայն սիրով յոյժ չափահաս երկու Երանելիներուն փորձառութիւնը Աստուծոյ եւ Աստուածամօր հետ:

«Սուրբ է այս վայրը, ուր երկինքէն եկաւ Տիկինը՝ Դասատուն, որ երեք փոքրիկ տեսանողները ներածեց Ս. Երրորդութեան ճանաչումին եւ զանոնք առաջնորդեց փրկող Աստուծոյ՝ ինքնին իբր ամենագեղեցիկ Իրականութեան մարդկային գոյութեան:

Շնորհքի այս փորձառութիւնը առթեց երեքին, որ Յիսուսի մէջ սիրահարուին Աստուծոյ, եւ այն՝ այնքա՜ն, որ Յակինթա կրցաւ բացագանչել. «Որչա՜փ ես կը հրճուիմ ըսելով Յիսուսին, թէ ես կե սիրեմ Զինքը: Եւ այս երբ ստէպ կ’ըսեմ Անոր, կը զգամ, իբր թէ ունիմ կրակ իմ կուրծքիս մէջ, որ, սակայն, զիս չ’այրեր»:

Իսկ Փրանկիսկոս կրցաւ վկայել. «Ամբողջին մէջ ամենաւելի ինչ որ կը սիրէի, այն էր, որ կը տեսնէի մեր Տէրը այն լոյսին մէջ, զոր մեր Մայրը դրաւ մեր սրտերուն խորքը: Ես ա՛յնքան շատ կը սիրեմ Աստուած»:

Իր խօսքերուն եւ մէջբերումներուն լիովին համոզուած էր Սրբազան Հայրը, որ, երկու Երանելիներուն առնչութեամբ, այս սրբավայրը գալուն իր դիտաւորութիւններէն վերջինն այսպէս բանաձեւեց. «Հուսկ, Ֆաթիմա եկայ միևնոյն զգացումներով, զորոնք ունէին Երանելի Փրանկիսկոս ու Յակինթա, ինչպէս նաև «Ծառայ Աստուծոյ» Լիւսիա (տոս Սանթոս, 1907-2005), այսինքն՝ Տիրամօր յանձնելու այն հարազատ խոստովանութիւնը, որով մտերմօրէն մենք կ’արտայայտուինք «ես կը սիրեմ» Յիսուսը, ինչպէս ալ թէ Եկեղեցին ու քահանաները կը «սիրեն» Զայն եւ կը տենչան պահել իրենց ակնարկն Անոր վրայ, մինչ այս «Տարին Քահանաներու»ն կը հասնի իր աւարտին՝ Մարիամի մայրենի պաշտպանութեան յանձնելով քահանաները, նուիրեալ այրերն ու կիները, առաքեալները եւ այն բոլորը, որոնք իրենց բարի գործերով Աստուծոյ Տունը կը դարձնեն վայր մը ընդունելութեան ու մարդասիրական հոգատարութեան»:

Սիրոյ, լոյսի, շնորհքի և մարդասիրութեան մեր Աստուածն ու Աստուածամայրը դաւանող և գովերգող Քահանայապետին քարոզը իրաւացիօրէն չափազանց մեծ արձագանգ գտաւ թէ՛ ներկաներուն ու թէ՛ լրատուողական միջոցներուն ունկնդիր-տեսնողներուն վրայ:

 

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ