ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՍԵՄԻՆ – ԱՐԺԵՒՈՐԵ՛Լ ԺԱՄԱՆԱԿԸ

ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՍԵՄԻՆ – ԱՐԺԵՒՈՐԵ՛Լ  ԺԱՄԱՆԱԿԸ

Մի՛ նայիր թէ ժամանակը ինչպէս կ’անցնի,
այլ թէ դու՛ն ի՛նչպէս կ’անցընես զայն։
Ժամանակդ ապրէ՛, բայց քու ետիդ անպէ՛տ
արարքներ մի՛ թողուր, քանի որ ժամանակը
անոնց համար քեզի չէ՛ տրուած…։

ՀԱՅՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԿՌԱՆԵԱՆ

 

Թեւակոխեցինք նո՛ր տարի մը եւ տարիով մը եւս հարստացուցինք մեր անցեալը, եթէ անկախ՝ 365 օրերու բովանդակութենէն, տարիներու միայն կուտակումը հարստութիւն է։ Մինչ մեր անձնական թէ հաւաքական կեանքի պատմութեան էջերուն վրայ կ’աւելցնենք եւս էջ մը, ամէ՛ն մարդ եւ ամէ՛ն հաւաքականութիւն միայն ի՛նք կրնայ ճշմարիտ եւ արդար գնահատականը կատարել այդ յաւելուածին եւ ըսել թէ ի՛նչպէս անցուցած է զայն։ Անցնող տարին իրապէ՛ս հարստացուցա՞ծ է մեզ եւ ճոխացուցած մեր անցեալը, թէ՞ եղած է ժամավաճառութիւն, ժամանակի վատնում։

Տեսնե՛նք…։

Մինչ Նորը կը պարտաւորեցնէ մեզ յետադարձ ակնարկ մը նետելու, մեր առաջին մտածումը կ’ըլլայ ժամանակին սրարշաւ երթը։ «Երէկ էր կարծես. Ինչքա՛ն շուտ անցաւ» մտածելով՝ տարուան 365 օրերը ակնթարթ մը կը թուին պահ մը։ Այդ պահուն ակնթարթն ու տարին իրենց տեւողութեամբ կը հաւասարին կարծես։ Պահ մը կը կորսնցնենք ժամանակի հասկացողութիւնը, բայց անգամ մը եւս կ’անդրադառնանք անոր կարեւորութեան ու արժէքին։ Կը նկատենք ու կը հաւատանք որ իրապէ՛ս «ժամանակը սո՛ւղ է» այնպէս ինչպէս սորվեցուցած են մեզի մեր վաղ մանկութենէն եւ ըստ այնմ անցընել զայն։ Այնուհետեւ, տարիներու ընթացքին անդրադարձած ենք որ ժամանակը երբեմն աւելի սուղ է, աւելի թանկարժէք քան ոսկին՝ որ կը շլացնէ մեր աչքերը, մինչ ժամանակի գոյութիւնը չենք նկատեր անգամ։ Մինչդեռ ան երկնառաք հարստութիւն մըն է՝ տրուած հաւասարապէս բոլո՛ր մարդոց։ Բայց դժբախտաբար, ամէն մարդ չէ որ կը գիտնայ զայն ըստ արժանւոյն օգտագործել, դրամագլուխի վերածել, չվատնել ու չմսխել այն պահերը որոնց գումարը կը կազմէ ժամանակը։ Ամէն մարդ չէ որ կը մտածէ զայն արդիւնաւէտ դարձնելու մասին։ Անոր օգտագործումով՝ հոգին ու միտքը հարստացնելու եւ իր գոյութիւնը ընկերութենէն ներս օգտակար, ցանկալի եւ փնտռուած դարձնելու մասին։ Ամէն մարդ չէ որ կը գիտնայ ազնիւ առաջադրանքներու ու ծրագիրներու կենսագործումին ծառայեցնել աստուածապարգեւ ժամանակը։

Այնպէս ինչպէս դրամատէր կամ գործարար մարդիկ տարին գէթ անգամ մը իրենց ունեցուածքին հաշուեկշիռը կ’ընեն, իւրաքանչիւր մարդ, հարուստ կամ ոչ, պարտի նաեւ հաշուեկշիռը ընել իր ժամանակին, երկնառաք այդ ունեցուածքին, ստուգելու համար որ անոր ինչքա՞նը հասութաբեր ու արդիւնաշատ եղած է, ինչքա՞նը ապարդիւն կամ վատնուած։ Ստուգելու համար աստուածաշնորհ այդ ժամանակ-դրամագլուխին տոկոսին համեմատութիւնը։ Որովհետեւ, գրպանի սնանկութենէն աւելի վատ է մտքի ու հոգիի սնանկութիւնը որ հետեւանքը կրնայ ըլլալ մարդուն ձրիօրէն տրուած ժամանակին հանդէպ ցուցաբերուած անտարբերութեան, այդ դրամագլուխէն օգտուիլ չգիտցողներու թմրամտութեան։ Հետեւանքը՝ ունայնութիւններու վրայ թանկարժէք ժամանակի մսխումին։

Զարգանալ, բազմաշնորհ դառնալ, միտքն ու հոգին հարստացնել ուզող եւ փորձող մարդուն համար՝ ժամանակը երբեք չի բաւարարեր, որովհետեւ շնորհիւ անոր անընդհատ ու նպատակամէտ օգտագործումով ձեռք բերուած պաշարը հարկադրանքին առջեւ կը դնէ մարդը աւելի՛ ժամանակ պահանջելու, յաւելեալ դրամագլուխ՝ կարենալ բաւարարելու համար իր հոգեմտաւոր ու մարդկայնական պահանջները։ Մինչդեռ, ունայնասէր եւ ունայնամիտ մարդուն սնանկութիւնը չ’ուշանար, շուտով կը զզուի ինքնիրմէ եւ իր կեանքէն։ Ձանձրոյթը կը կրծէ զինք։ Ան կ’անիծէ՛ ժամանակը որ չանցնիր։ Այսպիսիներուն համար՝ վերջին պահուն փնտռուած ժամանակը երբեք բաւարար չըլլար, որովհետեւ մինչ այդ կորսնցուցած կ’ըլլան ի սկզբանէ իրենց շնորհուած կեանքին թանկարժէք պահերը։ Վերջի՛ն պահուն միայն կ’անդրադառնան կարեւորութեանը այն ժամանակին զոր ձգեցին իրենց ետին, անվերադարձ։

Զուր է վերադարձնել փորձել անիմաստ զգաղումներու եւ անցողական վայելքներու յատկացուած պահերը որոնք ոչինչ տուին։ Դարձան ժամանակի կորուստ, կորսուած ներդրում։ Զուր է փնտռել տարիներու բեռան տակ թաղուած բան մը որքան ալ արժէքաւոր ըլլայ ան, եթէ չենք գիտցած իր օրին գնահատել այդ հարստութիւնը, գուրգուրալ անոր վրայ։ Վերջին պահու զղջումը կրնայ անօգուտ ըլլալ, եթէ նոյնիսկ գործուած տարբեր մեղքերու թողութիւն խնդրելու համար երբեք ուշ չէ, ինչպէս որ կ’ուսուցանէ Եկեղեցին։

Հարուստ է ու լիացած այն մարդը՝ որ գէթ տարին անգամ մը, Նոր Տարուան սեմին կանգնած կրնայ դրական պատասխան տալ ինքն իրեն ուղղած այն հարցումին թէ ի՛նչ տուին իրեն անցնող տարին ու տարիները եւ դեռ՝ ի՛նչ տուաւ ի՛նք այն ընկերութեան ու շրջապատին որուն կը պատկանի, այն ինքնութեան որմով կը պարծենայ, այն ամէնքին եւ ամէն ինչին որ իր սեփականութիւնը կը նկատէ։ Ի՛նչ աւելցուց ժամանակը իր վաստակի՛ն վրայ, հոգեկան ու մտաւոր պաշարին վրայ։ Մէկ խօսքով, ինչպէ՛ս անցուց իր ժամանակը։

Եթէ պարկեշտօրէն կատարուած հաշուեկշիռ մը ցոյց տայ ժամանակ դրամագլուխին վատնումը, կորսուածին վրայ ողբալը օգուտ չունի։ Փոխարէն, հարկ է մտածել նո՛րը, գէթ գալիք ժամանակները չկորսնցնելու, զանոնք նպատակային դարձնելու մասին՝ նկատելով որ ժամանակը մշտանորոգ դրամագլուխ մըն է, որովհետեւ զայն տրամադրող Նախախնամութիւնը նաեւ բարեգութ է եւ միշտ պատրաստ նո՛ր եւ վերջի՛ն առիթ մը տալու, կորսուած դրամագլուխը վերականգնելու հնարաւորութիւն տալու անո՛ր որ Ամանորը կը դիմաւորէ ժամանակին ընձեռած հնարաւորութիւններու լաւագոյն ձեւով օգտագործումին առաջնորդող նո՛ր հանգրուան մը դարձնելու հաստատակամութեամբ։ Անո՛ր որ անցնող ժամանակի կորուստը վերա-կանգնելու վճռականութեամբ մուտք կը գործէ Նոր Տարուան սեմէն ներս։ Անո՛ր որ տարիներու փորձը գիտակից կը դարձնէ ժամանակի կարեւորութեան եւ արժէքին։ Այլապէս, տարեթիւի փոփոխութիւնը ոչինչ պիտի փոխէ երկրագունտի կամ բնութեան օրէնքներէն։ Արեւն ու Լուսինը, տարուան եղանակներն ու ծաղկունքը պիտի յարգեն իրենց ժամադրութիւններն ու ժամադրավայրերը։ Մարդն է որ պիտի փոխուի, պէ՛տք է փոխուի դէպի լա՛ւը, լաւագո՛յնը։ Նոր Տարին զայն դիմաւորող մարդու բարեփոխութեան հրաւէր մըն է։ Այդ փոփոխութիւնը կախեալ է իրեն տրամադրուած ժամանակը օգտագործելու ձեւէն։ Զայն իբրեւ զարգացման, յառաջդիմութեան, հոգեմտաւոր հարստացման եւ բարեաց առիթ՝ արդիւնաւէտ դարձնելու յանձնառութենէն։

Այսպիսի յանձնառութիւն կատարելու պահն է Նոր Տարին զոր կը դիմաւորենք անհատապէս եւ հաւաքաբար։ Յաջորդը կրնայ արդէն ուշ ըլլալ։

22/12/2017

 

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ