ՍԲ. ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳԸ ԶՄՄԱՌՈՒ ՎԱՆՔԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

ՍԲ. ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳԸ ԶՄՄԱՌՈՒ ՎԱՆՔԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

Երկուշաբթի 25 Դեկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Զմմառու վանքի մայր տաճարին մէջ, մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի Ս. Ծնունդը տօնուեցաւ: Սուրբ և Անմահ Պատարագ մատոյց Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Փոխանորդ և վանքի Մեծաւոր՝ Գերպծ. Հ. Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեան: Պատարագին ներկայ գտնուեցան վարչական հայրեր, առաքինազարդ քոյրեր, ժառանգաւորներ և հաւատացեալներ:

Գերապայծառ Հայրը իր քարոզին մէջ անդրադառնալով Քրիստոսի Ծննդեան խորհուրդին, ըսաւ. «2018 տարի եղաւ որ կը տօնենք Քրիստոսի ծնունդը: Ան աշխարհակալ մը չէր, կայսր մը չէր, այլ խոնարհ մանուկ մը, որ ծնաւ մսուրի մը մէջ եւ կ’ապրի մեր սրտերուն մէջ: Այսօր մեծ աւետում է բոլոր աշխարհին, քանի Քրիստոսի ծնունդով վերջ դրուեցաւ սատանայի իշխանութեան: Այսօր աշխարհը պէտք ունի նոր աւետարանումներու և մենք ենք այդ առաքեալները: Սիրել, օգնել, խոնարհ ըլլալ և ծառայել։ Աշխարհը այսօր որքա՜ն պէտք ունի իսկական փրկիչներու: Քրիստոս որ ծնունդ առաւ մսուրի մէջ, պէտք է ծնի մեր սրտերուն մէջ: Մսուրը բաց է, խորանին վրայ, տապանակին մէջ և միշտ ընդունելու պատրաստ է մեր կեանքի խորհուրդը: Այսօր իմ միտքը կ’երթայ հիւանդներուն, աղքատներուն, ծերերուն և մանուկներուն: Զմմառու Տիրամայրը թող գուրգուրայ մեր բոլորին վրայ, ինչպէս գուրգուրաց Յիսուս Մանուկին: Թող օրհնուին մեր տուները, մեր գործերը, մեր ընտանիքներն ու հարազատները»:

Ս. Պատարագի աւարտին՝ Պատրիարքական Փոխանորդը, հոգեւոր դասն ու ներկաները թափօրով ուղղուեցան դէպի Մայրավանքի դահլիճ, ուր յաւուր պատշաճի հիւրասիրութիւն տեղի ունեցաւ եւ փոխադարձ մաղթանքներ կատարուեցան, ըսելով. «Քրիստոս ծնաւ և յայտնեցաւ, ձեզի մեզի մեծ Աւետիս»: