ՍԲ. ԾՆՈՒՆԴԸ ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ԿԻՒՄՐԻԻ ՏԱՆ ՄԷՋ

ՍԲ. ԾՆՈՒՆԴԸ ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ԿԻՒՄՐԻԻ ՏԱՆ ՄԷՋ

23 դեկտեմբեր 2017-ին Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու Կիւմրիի տան մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Ծննդեան արդէն աւանդական դարձած հանդիսաւոր միջոցառումը՝ Տիրամայր Հայաստանի երգչախումբի երգեցողութեան ուղեկցութեամբ, ղեկավարութեամբ մայեսդրօ Ռոպերդ Մլքէյեանի:

Միջոցառման ներկայ էին Արհի. Տ. Նշան Արքեպս. Գարաքեհէյեանը, Հայ կաթողիկէներու Կիւմրիի ժողովրդապետ Հ. Մաշտոց վրդ. Զահթէրեանը, Տաշիրի ժողովրդապետ Հ. Ներսէս վրդ. Գալստեանը, Տ. Նարեկ քհնյ. Թադեւոսեանը, Տ. Յովսէփ քհնյ. Գալստեանը, տեղական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ՝ Շիրակի փոխ-մարզպետ Սեյրան Պետրոսեանը, մարզպետարանի ընտանիքը, կանանց եւ երեխաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան բաժնի պատասխանատու Լիլիթ Գորգինեանը եւ այլ հիւրեր, կեդրոնի սաներու ծնողները, Աշոցքի եւ Տաշիրի հայ կաթողիկէ համայնքներու երեխաներ եւ պատանիներ:

AH2

Միջոցառման սկիզբը ներկաներուն ողջունեց Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու Հայաստանի մեծաւորուհի Քոյր Ռեպեքան եւ հրաւիրեց Հայր Մաշտոց Զահթէրեանը՝ օրհնութեան խօսք ըսելու:

«Այսօր եկած ենք լսելու այս մանուկներուն բերանով հնչող Աւետիսը, Յիսուսի ծննդեան բարի լուրը, որ իրականացաւ մեր փրկութեան համար: Աստուած մարդ դարձաւ, որպէսզի մեզ ազատէ մեղքէն եւ մեր առջեւ կրկին բանայ դէպի երկինք տանող ճանապարհը: Ուստի այս միջոցառման աւարտին մեզ հետ տանինք այս ուրախութիւնը եւ դառնանք Քրիստոսի մարմնացման վկայ առաքեալներ: Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, ձեզ եւ մեզ մեծ աւետիս» ըսաւ Հայր Մաշտոց:

Տիրամայր Հայաստանի երգչախումբի երգերու եւ շարականներու հնչիւններուն ներքեւ կեդրոնի սաները ներկայացուցին Յիսուսի ծննդեան բեմադրութիւնը՝ թատրոնի դերասանուհի Նառա Սանթոյեանի ղեկավարութեամբ:

Բեմադրութենէն յետոյ խօսք առաւ Արհի. Տ. Նշան Արքեպս. Գարաքեհէյեանը եւ արտայայտեց իր հիացմունքը ի տես Սուրբ Ծննդեան խորհուրդը եւ աւետարանական պատումը խոր ապրումով եւ յուզումով ներկայացնելու երեխաներու հմտութեան:

Քոյրերու տան Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորի նուիրուած եւս մէկ միջոցառում կազմակերպուեցու դեկտեմբեր 26-ին, ուր դարձեալ ելոյթ ունեցաւ Տիրամայր Հայաստանի երգչախումբը․ երեխաներուն ուրախացուցին Ձմեռ Պապիկն ու ծաղրածուները, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: