Ֆրանչիսկոս Պապին Հայաստան այցելութիւնը յիշատակող նամականիշ

Ֆրանչիսկոս Պապին Հայաստան այցելութիւնը յիշատակող նամականիշ

Վատիկանի նամականիշերու պաշտօնական կայքէջը տեղեկացուց թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 2016 թուականի առաքելական ճամբորդութիւններուն նուիրուած յատուկ նամականիշերու շարքին, անցեալ 23 նոյեմբերին հրապարակուեցաւ նաեւ Նորին Սրբութեան Հայաստան կատարած պատմական այցելութիւնը յիշատակող նամականիշ մը՝ որուն հեղինակն է Տանիելա Լոնկոն։ Կայքէջը կը նշէ նաեւ թէ նամականիշը կը պատկերացնէ «Սրբազան Քահանայապետին Հայաստան այցելութեան ծիրէն ներս, Անոր ամփոփումը Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ»։

Յիշողութիւնը խաղաղութեան եւ ապագայի աղբիւրն է
Նշենք թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Հայաստան այցելած էր 24 -26 Յունիս 2016-ին եւ 25 յունիսին, նախքան Կիւմրի մեկնիլը՝ այցելած էր Ծիծեռնակաբերդ յարգանքի տուրք մատուցանելու Հայոց Ցեղասպանութեան բիւրաւոր նահատակներու յիշատակին, ապա Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի պատուոյ այցելուներու մատեանին մէջ արձանագրած էր հետեւեալ գրութիւնը. «Այստեղ կ՝աղօթեմ` ցաւը սրտիս մէջ, որպէսզի այլեւս երբեք նման ողբերգութիւններ չկրկնուին, որպէսզի մարդկութիւնը չմոռնայ եւ գիտնայ բարութեամբ յաղթահարել չարը: Թող Աստուած սիրեցեալ հայ ժողովուրդին եւ ամբողջ աշխարհին պարգեւէ խաղաղութիւն եւ մխիթարութիւն: Աստուած պահպանէ հայ ժողովուրդին յիշողութիւնը: Յիշողութիւնը կարելի չէ ո՛չ պղտորել, ո՛չ մոռացումի ենթարկել: Յիշողութիւնը խաղաղութեան եւ ապագայի աղբիւրն է»: