Մոռցուած Հայկական մայրաքաղաք Անին կանգնած է միայնութեան մէջ

Մոռցուած Հայկական մայրաքաղաք Անին կանգնած է միայնութեան մէջ

1920-էն այժմեան Թուրքիոյ տարածքին գտնուող հայկական Անի քաղաքի վսեմութեան եւ միայնութեան, հնադարեան եկեղեցիներու եւ ճարտարապետական այլ արժէքներու մասին ծաւալուն անդրադարձ կատարած է թրքական Daily Sabah պարբերականը:

«Մոռցուած հայկական մայրաքաղաք Անին կանգնած է միայնութեան մէջ: Ճանապարհորդները զայն բացայայտելու համար պէտք է ինքնաթիռով գան Կարս, իսկ յետոյ ցամաքային ճանապարհով պէտք է ուղեւորուին դէպի Օջաքլը գիւղ, որ մօտ է Հայաստանի սահմանին, այնուհետեւ ոտքով պէտք է բարձրանան բլուրը, որուն վրայ տեղակայուած է քաղաքը», – «Փանարմինըն»ի փոխանցմամբ՝ կը գրէ թրքական պարբերականը` աւելցնելով, որ քաղաքը իր ճարտարապետութեամբ կրնայ մրցիլ Բիւզանդիոյ Կոստանդնուպոլիսի հետ:

ANI2

«Ժամանակին 200.000 բնակիչ ունեցող քաղաքը աւելի մեծ էր, քան Լոնտոնն ու Փարիզը: Ան ունէր հսկայական ամրոց, պաշտպանական պարիսպներ, հազարաւոր եկեղեցիներ, 40 դարպաս եւ ծաղկուն տնտեսութիւն: Այս բոլորը այսօր լքուած աւերակներ են», – կը գրէ «Սապահ»ը եւ կ՛երզրափակէ, որ քաղաքը կանգուն մնացած դեռ շատ արժանիքներ ունի:

Պատմագիտական գրականութենէն յայտնի է, որ Աշոտ Գ Բագրատունին Անին մայրաքաղաք հռչակեց 961 թուականին` Կարսէն այնտեղ փոխադրելով թագաւորական գահը: Անին նաեւ համաշխարհային քաղաքակրթական ժառանգութեան կարեւոր յուշարձաններէն է: Ան կ՛անուանէին 1000 ու 1 եկեղեցիներու քաղաք: Այնտեղ կը գտնուին պատմական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող յուշարձանները` Անիի Մայր տաճարը, Գագկաշէնը, Հովուի, Ամենափրկիչ եւ այլ եկեղեցիները: