Մեկնեցան … Նօսրացնելով շարքերը…

Մեկնեցան … Նօսրացնելով շարքերը…

«Առաքելութիւնը քրիստոնեայ հաւատքին սրտին մէջն է» կ՛ըսէ Ֆրանչիսկոս Պապը՝ Առաքելութիւններու 91-րդ Համաշխարհային Օրուան առթիւ հրապարակած իր նամակին մէջ: Եկեղեցին իր բնոյթով առաքեալ է, որով իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հաւատացեալ՝ կղե-րական թէ աշխարհական, պարտական է ըլլալու Խօսքի աշակերտն ու առաքեալը: Աշխարհը՝ այսօր աւելի քան երբեք, կարիքն ունի հիմնականօրէն Քրիստոսի աւետարանին՝ այդ բարի սամարացիին, որ կը բուժէ վէրքերը մարդկութեան, այդ բարի հովիւին՝ որ անդադար կը փնտռէ կորսուածը: Հունձքը միշտ առատ եղած է, եւ հետզհետէ աւելիով կ՛առատանայ երբ մարդկութեան պէտքերն ու կարիքները կը բազմապատկուին, սակայն փոխարէն, դժբախտաբար, մշակները կը նուազին: Առաքեալներու պակասը կ՛աւելցնէ Եկեղեցւոյ մարտահրաւէրները՝ զորս դիմակալելու կոչուած է ան:

Վերջերս Հայ կաթողիկէ համայնքը արձանագրեց սուգի ծանրակշիռ էջ մը, ուր արձանագրուեցան վեց առաքեալներու կորուստներ: Չորս վարդապետներ եւ երկու մայրապետներ հրաժեշտ տուին այս աշխարհին, հանդիպելու համար Երկնաւոր Հօր: Վեց նուիրեալներ, որոնք՝ աստուածային կոչումով, ղրկուած էին քարոզելու աւետարանը, ծառայելու Հայ ազգին ու եկեղեցիին, հովուելու Քրիստոսի հօտը: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը կատարեց կամքն Աստուծոյ առանձնաշնորհեալ առաքելութեամբ մը:

Կորսնցուցինք ընդհանրապէս հայ լրագրութեան եւ մասնաւորաբար «Մասիս» շաբաթաթերթի տիտաններէն մին՝ գերյ. հայր Անդրանիկ ծ. վ. Կռանեանը՝ Զմմառու միաբան հոգեւորականը, բազմավաստակ մտաւորականը:

Կորսնցուցինք Պոլսոյ առաքեալներէն՝ հայր Գասպար վրդ. Պէյլերեանը, դարձեալ Զմմառու միաբան:

Կորսնցուցինք երկու երիտասարդ վարդապետներ՝ հայր Դաւիթ վրդ. Ղազարեանը, Մխիթարեան ուխտէն, եւ հայր Թովմաս վրդ. Կարապետեանը, Միացեալ Նահանգներու թեմէն:

Կորսնցուցինք Հայ քոյրերու Անարատ Յղութեան Միաբանութենէն երկու մայրապետներ՝ քոյր Սարաֆինան եւ քոյր Թերենձիան:

Պօղոս առաքեալ Փիլիպեցիներուն ուղղած նամակին մէջ կ՛ըսէ. «Ինծի համար կեանքը Քրիստոսն է, եւ մեռնիլը՝ շահ» (1,21): Հանգուցեալ առաքեալները ապրեցան ու մեռան Քրիստոսի հետ, Քրիստոսի համար եւ Քրիստոսի մէջ: Անոնք այսօր շահեցան Արքայութիւնը, այն վայրը՝ զոր այնքա՜ն երազեցին եւ որուն՝ իրենց աղօթքներով տենչացին հասնիլ: Եւ որովհետեւ անոնք, իրենց նուիրական կեանքով, թոյլ տուին որ Քրիստոս ապրի իրենց մէջ, ուրեմն անոնց վախճանումը, որքան ալ ցաւալիօրէն նօսրացուցած ըլլայ առաքեալներու շարքերը, այլեւս կորուստ մը չի համարուիր եկեղեցւոյ համար, այլ՝ շահ: Շահ՝ շնորհալի առաքեալներու, որոնց հոգեշահ ու խնկալի կենցաղը օրինակ դարձաւ եւ պիտի դառնայ շատերու: Շահ՝ պտղաբեր նուիրեալներու, անձնուէրներու, որոնք իրենց օծուն խօսքերով եւ օգտաշատ ծառայութիւններով լուսաւորեցին կեանքն անոնց որոնք խաւարի մէջ էին: Շահ՝ սրբակեաց բարեխօսներու, որոնք պիտի աղերսեն առ Աստուած, որպէսզի մշակներ ղրկէ իր հունձքին:

Ազգին ու Եկեղեցւոյ ծառայութեան նուիրումը ամենավսեմ բարերարութիւնն է: Երբ Աստուած կը կանչէ, պէտք չէ վախնալ «Այո՛» ըսելու Անոր: Երիտասարդութիւնը Եկեղեցւոյ յոյսն է: Որքան գեղեցիկ է տեսնել զիրենք հաւատքի տարածման դաշտին մէջ, ուրախ՝ հասցնելու Քրիստոսը ամէն տուն, ամէն փողոց, ամէն հրապարակ, ու ամէն անկիւն աշխարհի մէջ:

Չորս վարդապետներ ու երկու մայրապետներ մեկնեցան դէպի անդենական աշխարհ թափուր ձգելով իրենց զբաղեցուցած տեղերը: Թերեւս սխալ է դժգոհիլ կոչումներու տագնապի երեւոյթէն ըսելով թէ քահանայական կամ մայրապետական կոչում ունեցող երիտասարդ-երիտասարդուհիներ չկան։ Աստուած երբեք իր հօտը չի լքեր առանց հովիւի: Թերեւս աւելի ճիշդ պիտի ըլլար տագնապին լուսարձակը կեդրոնացնել կոչումներ փնտռողներուն եւ գտնել փորձողներուն վրայ, հարց տալով թէ ծնողք, դպրոց ու Եկեղեցի ո՞րքանով կ՛աշխատին ու կը գործեն Աստուծոյ հրաւէրն ու կոչը հասցնելու իրենց զաւակներուն, ո՞րքանով կ՛աղօթեն նոր կոչումներու դիտաւորութեան:

Խունկ ու աղօթք կը բարձրացնենք հանգուցեալ առաքեալներուն հոգիներուն, խնդրելով ամենաբարին Աստուծմէ նոր կոչումներ հայթայթել ի սպաս մեր Եկեղեցւոյ ու Ազգին:

Թող անոնք բարեխօս ըլլան եւ անոնց յիշատակը անթառամ մնայ:

 

Ս.Կ.