Ողջոյն քեզ Սուրբ Եկեղեցի։ Ողջոյն քեզ սեղան սրբութեան։ Ողջոյն ձեզ դասք քահանայութեան։ Ողջոյն ձեզ հաւատացեալ եղբարք իմ ի Քրիստոս։ Ողջոյն ձեզ համօրէն ժողովրդականք։ Ես ճանապարհորդեցի առ Արարիչ իմ։ Ես ճանապարհորդեցի առ Քրիստոս յոյս ամենեցուն:
Հայ Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին իր պարտքը աւելիով հատուցած, գրեթէ դարու մը կեանքով բեղմնաւոր, Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան երիցագոյն անդամ՝ Հ. Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեան իր աչքերը փակեց 27 սեպտեմբեր 2017-ին, կենաց 88-րդ եւ քահանայութեան 63-րդ տարին, ի Զմմառ:
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կղերին եւ հարիւրաւոր հաւատացեալներուն համար՝ հրաժեշտի տխուր պահ մը եղաւ լուսահոգի Հ. Անդրանիկին յուղարկաւորութեան եւ թաղման կարգը, որ կատարուեցաւ շաբաթ, 30 սեպտեմբեր 2017-ին, կ.ա. ժամը 11:00ին, Զմմառու վանքի մայր տաճարին մէջ:
Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան եւ Պէյրութի Պատրիարքական թեմի փոխանորդ՝ Հ. Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեան, Հայ Կաթողիկէ կղերական դասը, Զմմառու վանաբնակ հայրերը, հանգուցեալին հարազատ բարեկամները, ինչպէս նաեւ Պէյրութի Հայ կաթողիկէ համայնքին անդամները՝ անոր
շիրիմին շուրջ համախմբուած էին, իրենց յարգանքի տուրքը մատուցանելու մեծահոգի հոգեւորականին, որ երկար տարիներ ծառայած էր Պէյրութի Հ. կաթողիկէ համայնքին, ամենայն նախանձախնդրութեամբ եւ վեհ նուիրումով:
Սուրբ եւ անմահ Պատարագին նախագահեց՝ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը եւ զայն մատուցանեց Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի Մեծաւոր՝ Գերպ. Հ. Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեան:
Յուղարկաւորութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ Սուրբ Աթոռի Առաքելական նուիրակ՝ Արհիապատիւ Կապրիէլէ Քաչիա, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ՝ Լիբանանի Հայոց Առաջնորդ Գերաշնորհ Շահէ Սրբազան Փանոսեան, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան՝ տիար Սամուէլ Մկրտչեան, նախկին նախարար մեթր Ժագ Ջուխատարեան, երեսփոխան մեթր Սերժ Թուրսարգիսեան, Արհիապատիւ Գերապայծառ տիարք՝ Գէորգ Արք. Խազզումեան, Մանուէլ Եպս. Պաթագեան, Էմմանուէլ Եպս. Տապպաղեան եւ Յովսէփ Եպս. Առնաութեան, Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Վերապատուելիներ՝ Փօլ Հայտոսթեան եւ Սողոմոն Քիլաղպեան, Հայկազեան համալսարանի տնօրէնութիւնն ու աշխատակազմը, Քասլիքի Սուրբ Հոգւոյ Համալսարանի ներկայացուցիչ Հ. Մարուն Աուտէ, Անարատ Յղութեան Միաբանաւոթեան առաքինազարդ քոյրեր, մտաւորականներ, ազգային եւ կրթական մարմիններու եւ հայկական մամուլի ներկայացուցիչներ, նախկին ու ներկայ Հ.Կ.Մ.ականներ, ինչպէս նաեւ սգակիր բազմաթիւ հաւատացեալներ:
Անխոնջ աշխատանքի տիտան մը Հոգեպարար Ս. Պատարագի ընթացքին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը իր արտասանած յուզումնախառն դամբանականին մէջ յարեց. «Հանգուցեալ Հայր Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանի դամբանականը խօսելու համար, անոր շունչն ու տաղանդաւոր խօսքը պէտք էի ունենալ. դժբախտաբար, անոնց նշոյլը անգամ չունիմ: Սակայն 64 տարուայ իրեն հետ վայելած հոգեւոր բարեկամութիւնս թերեւս ինծի թոյլ կու տայ սրտի խօսք մը ըսել հրաւիրելով ձեզ՝ պատուական եւ սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր ի Քրիստոս, գոհաբանական աղօթք մը բարձրացնելու առ Աստուած որ մեզի շնորհեց Հ. Անդրանիկին պէս հոգեւոր եւ ազգային կոթող մը»: Ան աւելցուց թէ Հայր Անդրանիկին 63 տարուայ քահանայական առաքելութիւնը կեդրոնացաւ հայ գիրի, հայ լեզուի, հայ մշակոյթի, հայ ծէսի, հայոց պատմութեան, եւ հայ արուեստի վրայ:
«Հայր Անդրանիկ անխոնջ աշխատանքի տիտան մըն էր՝ ուշիմ, ողջամիտ, քաջ, վեհ սկզբունքի եւ խոր համոզումի տէր, ըսաւ Պատրիարքը: Պայքարող մըն էր՝ ոչ թէ քանդելու եւ դատապարտելու համար, այլ մաքրելու, զտելու, լուսաւորելու, դաստիարակելու եւ դէպի գեղեցիկն ու բարին առաջնորդելու, առաջնորդելու դէպի ամենաբարին Աստուած եւ հայ ազգ: Իր բնաբանն էր՝ որպէս զէն Ճշմարտութիւն։ Ըմբոստ մը չէր եւ ոչ ալ յեղափոխական, այլ իր ամբողջ էութեամբ կ’ուզէր ճշմարտութիւնը տարածել, ի ժամու եւ ի տարաժամու, բացարձակ ազատութեամբ, մեծ քաջութեամբ, խիզախ յանդգնութեամբ եւ աննկուն յարատեւութեամբ»:
Իր սրտի խօսքը ամփոփելով Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը ըսաւ. «Իր մասին, իրաւամբ շատ պիտի խօսուի եւ գրուի՝ մեծ յարգանքով, գնահատանքով եւ հիացումով, բայց մանաւանդ մեծ երախտագիտութեամբ իր դաստիարակած բազմահազար պատանիներու եւ երիտասարդներու կողմէ: Արդիւնաշատ կեանքէ յետոյ Հայր Անդրանիկ մեկնեցաւ դէպի աղբիւրը լոյսին, բայց իր խօսքերը եւ գրութիւնները պիտի մնան դարեր շարունակ լուսաւորելով հայութիւնը եւ անոր բարիք սփռելով: Մեր եղբայրական ջերմ աղօթքն է որ ամենաբարին Աստուած իր լոյսերուն մէջ ընդունի Հայր Անդրանիկը, որպէսզի բարեխօս ըլլայ իր սիրելի միաբանութեան, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ համայն հայութեան, թէ՛ Մայր Հայրենիքի ու Ղարաբաղի եւ թէ՛ սփիւռս աշխարհի»:
Եկեղեցւոյ Կարգի աւարտին, Հ. Գրիգոր վրդ. Պատիշահ ընթերցեց Հ. Հ. Սփիւռքի նախարար՝ Տիկին Հրանուշ Յակոբեանի ցաւակցագիր ուղերձը, որուն մէջ, Տիկին Յակոբեան կ’ըսէ . «Ծանր է Հայր Սուրբին կորուստը ոչ միայն Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, այլեւ համայն հայութեան համար: Հայ եկեղեցին յիրաւի կը հպարտանայ, որ ի դէմս Անդրանիկ վարդապետին, ծնունդ տուած է տաղանդաւոր մարդու՝ եկեղեցւոյ անսակարկ նուիրեալի»:
Տիկին Հրանուշ Յակոբեանի ուղերձէն ետք, Պրն. Սարգիս Նաճարեան, Հայր Կռանեանին երկարամեայ գործակիցը, արտասանեց հրաժեշտի իր խօսքը: Իր խօսքին մէջ, Պրն. Նաճարեան լուսարձակի տակ առաւ վախճանեալ վարդապետին ստեղծագործական գործունէութիւնը եւ վաստակը իբրեւ ուսուցիչ, դաստիարակ, դասախօս, թարգմանիչ, բանասէր, թատերագիր, բանաստեղծ, ծիսագէտ, մշակոյթի գործիչ, վերլուծաբան, լրագրող, եւ այս բոլորէն առաջ եւ վեր իբրեւ ճշմարիտ հոգեւորական, Հոգեւոր Հովիւ: «Կռանեան վարդապետը եղաւ մանաւանդ սերնդակերտող Հովիւը։ Հակառակ յոգնատանջ ֆիզիքականին, ըսաւ ան, Հայր Կռանեան երբեք չի կորսնցուց իր հոգիի ու մտքի պայծառութիւնը։ Չկորսնցուց մանաւանդ ցանկապատէն անդին տեսնելու ու դատելու իր աստուածատուր կարողութիւնը։ Շարունակեց ստեղծագործել մինչեւ վերջին շունչը, մերժելով անձնատուր ըլլալ ճակատագրի ճնշումին»։
Ոգեկոչական խօսքերէն ետք, հոգեւոր դասուն առաջնորդութեամբ բոլոր ներկաները ուղղուեցան դէպի Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան դամբարանը ուր հանգուցեալ վարդապետին մարմինը հողին յանձնեցին Հ.Կ.Մ.ի Շեփորախումբին հնչեցուցած մահերգով:
Յետ յուղարկաւորութեան, սգակիր ժողովուրդը թափօրով ուղղուեցաւ դէպի Մայրավանքին դահլիճը՝ ցաւակցութիւն յայտնելու Ամենապատիւ Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ Միաբանութեան կղերին:
Խունկ եւ բիւր օրհնութիւն հոգելոյս եւ վաստակաշատ Հայր Անդրանիկի անմահ եւ պայծառ յիշատակին:
Դիւան Զմմառու վանքի