Ո՛չ հանգուցեալ, ո՛չ լուսահոգի, ո՛չ հոգելոյս կամ ողբացեալ, ոչ ալ երջանկայիշատակ, այլ պարզապէս Հայր Կռանեան, ինչպէս կոչած եմ զինք միշտ եւ ինչպէս պիտի շարունակեմ կոչել այսուհետեւ ալ, որովհետեւ ան կենդանի պիտի մնայ մտքիս ու հոգիիս մէջ։
Բազմաթիւ առիթներով հրաւիրուած եմ վկայելու Հայր Կռանեանի կեանքին ու ստեղծագործական վաստակի մասին, եւ իւրաքանչիւր անգամի աւարտին երբ մօտեցած եմ յարգալիր ողջագուրուելու հետը՝ արժանացած եմ անոր «ապրի՛ս Սագօ» գնահատանքին, բայց այս պահուս չեմ գիտեր թէ խօսքիս աւարտին ի՛նչ պիտի ուզէր ըսել, որովհետեւ վստահ եմ որ ինչպիսի վկայութիւն ալ կատարեմ, ինչ ալ ըսեմ, ինչքան ալ ըսեմ իր մասին՝ բաւարար պիտի չըլլայ իրական արժեւորումը կատարելու համար անոր վաստակին ու թողած ժառանգութեան։
Գերյարգելի Հայր Անդրանիկ ծ. վ. Կռանեանի, կամ պարզապէս Հայր Կռանեանի կորուստին ծանրութիւնը կարենալ կշռելու համար պէտք է ծանօթ ըլլալ անոր կեանքին, ստեղծագործական գործունէութեան եւ վաստակին իբրեւ ուսուցիչ, դաստիարակ, թարգմանիչ, բանասէր, թատերագիր, բանաստեղծ, ծիսագէտ, մշակոյթի գործիչ, վերլուծաբան, լրագրող, եւ այս բոլորէն առաջ եւ վեր իբրեւ ճշմարիտ հոգեւորական, Հոգեւոր Հովիւ, արժանաւոր ժառանգորդներէն Մեսրոպ Մաշտոցի։ Բարեբախտաբար, անոր կեանքին ու վաստակին աշխարհասփիւռ ծանօթները, մտաւորականէն մինչեւ համեստ մարդը, բանակ կը կազմեն, որովհետեւ Կռանեան Վարդապետը եղաւ մանաւանդ սերնդակերտող Հովիւը, Առաջնորդը որ իր շուրջ հաւաքեց ու համախմբեց հայ մանուկը, պատանին ու երիտասարդը՝ դարբնելու համար Եկեղեցւոյ, Ազգին ու Հայրենիքին նուիրեալ ապագայ սերունդը։ Վկա՛յ անոր հիմնած պատանեկան, երիտասարդական, համալսարանական, մշակութային միութիւնները այն առաքելավայրերուն մէջ ուր կոչուեցաւ։ Վկա՛յ զինք իբրեւ տիպար ճանչցած երիտասարդ մտաւորականներու հոյլը, որոնցմէ մէկը՝ Միշիկընի Համալսարանի լեզուի ու գրականութեան ամբիոնի վարիչ փրոֆեսէօր Գէորգ Պարտագճեանը հազիւ շաբաթ մը առաջ, Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովին առիթով, Երեւանի մէջ մեր ունեցած հանդիպումի ընթացքին ինձմէ խնդրեց իր կողմէ համբուրել Հայր Կռանեանին աջը, «որովհետեւ – ըսաւ ան – իմ կազմաւորումիս մէջ շատ բան կը պարտիմ Վարդապետին»։
Քանի՜, քանի՜ պարտագճեաններ պարգեւեց լուսահոգի Կռանեանը Հայ Եկեղեցւոյ, Ազգին ու Հայրենիքին, որոնց անխոնջ ծառան եղաւ, որոնց նուիրեց իր ամբողջ կեանքը։
Ճշմարիտի ու Ճշմարտութեան պաշտպանութեան դիրքերուն վրայ, Սուրբ Խաչով եւ խոցոտիչ գրիչով զինուած անվեհեր կանգնած՝ խիզախ, անզիջող եւ աննահանջ քաջամարտիկը եղաւ ան, որովհետեւ Ճշմարտութեան եւ Արդարութեան մէջ տեսաւ Աստուած։ Իր օրինակով՝ այդպէ՛ս ըլլալ սորվեցուց ինչպէս ինծի, իր խոնարհ աշակերտին եւ սիրելի գործընկերոջ, նաեւ իրեն այնքան սիրելի «ՄԱՍԻՍ»ին շուրջ համախմբուած իր համակիրներուն։
Հակառակ յոգնատանջ ֆիզիքականին, Հայր Կռանեան երբեք չի կորսնցուց իր հոգիի ու մտքի պայծառութիւնը։ Չկորսնցուց մանաւանդ ցանկապատէն անդին տեսնելու ու դատելու իր աստուածատուր կարողութիւնը։ Շարունակեց ստեղծագործել մինչեւ վերջին շունչը, մերժելով անձնատուր ըլլալ ճակատագրի ճնշումին։
Այսօր քի՛չ է խոնարհիլ այսպիսի պատկառելի հոգեւորականի մը, կարկառուն մտաւորականի մը յիշատակին առջեւ, այլ պէտք է պանծացնել անոր յիշատակը։
ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ
____________________
Հայր Կռանեանի յուղարկաւորութեան, 30 Սեպտեմբեր 2017-ին, Զմմառու Վանքի Խորանէն արտասանուած հրաժեշտի խօսք։