ԵՐԹԱ՛Մ… ԵՐԹԱ՛Մ…

ԵՐԹԱ՛Մ… ԵՐԹԱ՛Մ…

Հիմա որ 80+1 տարեկան եղայ, կրնամ հանգիստ սրտով մեկնիլ։ Տունս գոցած, բանալին գրպանս, երկինքի taxi-ին կը սպասեմ…։

Այլեւս աւելի սիրելիներ ունիմ երկինքի մէջ քան թէ երկրիս վրայ…։

Ուստի երթա՜մ…:

Երթա՛մ ու դէմ առ դէմ տեսնեմ ա՛յն Աստուածը որ մինչեւ օրս միա՛յն հաւատքի աչքերով կը սեւեռէի։

Երթա՛մ ու տեսնեմ իմ Փրկիչս որ օր մը որոշեց «իմ հողանի շինուածքին կենդանութիւն պարգեւել», որպէսզի Իր ինծի յանձնած առաքելութիւնը աշխարհի վրայ շարունակեմ։

Երթա՛մ ու տեսնեմ Նազարէթի վարպետ ատաղձագործ Ս. Յովսէփը որ ինծի՛ համար ալ հայր եղաւ։

Երթա՛մ ու տեսնեմ Զմմառու Ցաւագին Տիրամայրը եւ իրմէ ներողութիւն խնդրեմ, քանի որ իր մայրական աչքերը ե՛ս ալ երբեմն արցունքով լեցուցի ու լացուցի։

Երթա՛մ ու տեսնեմ իմ պահապան հրեշտակս որ, չե՛մ գիտեր թէ ինչու, կը
պատկերացնեմ շատ լուրջ դէմքով մէկը։ Երթամ շնորհակալութիւն յայտնեմ անոր՝ ինծի մատուցած 80+1 տարիներու անսակարկ ծառայութեան համար։

Երթա՛մ միանամ նաեւ իմ հաւատքի հօրս՝ Գրիգոր Լուսաւորչին, նայիմ թէ ի՛նչ վիճակի մէջ է Խոր Վիրապի այս նախկին բանտարկեալը, հարց տամ անոր թէ իր հիմնած Եկեղեցիէն ո՞րքանով գոհ է։

Երթա՛մ միանամ նաեւ Թարգմանչաց հոյլի գրչեղբայրներուս, համբուրեմ Սուրբ Սահակի ալեծուփ մօրուքը ու պագնեմ Սուրբ Մեսրոպի լուսաճաճանչ ճակատը։

Երթա՛մ խոնարհիմ իմ լուսեղբայր Գրիգոր Նարեկացիին առջեւ ու ես ալ միանամ Աստուծոյ հետ անոր կատարած մեռոնաբոյր երկխօսութեան ու միատեղ յաւե՛րժ փառաբանենք Սուրբ Հոգին, աղբիւր ամենա՛յն բարեաց…։

*** *** ***

֊Այո՛, երթա՛մ, երթա՛մ…։ Եթէ աշխարհ աւելի երկար մնամ, պիտի հոտիմ։ Աւելի լաւ է չհոտած՝ կեանքի Աղբիւրին վերադառնամ եւ հոն Քրիստոսով նորոգուիմ։

Ա. Կ.

 

80+1 տարեկանին գրուած հրաժեշտի այս խօսքը չէինք հրատարակած հակառակ Հայր Կռանեանի ցանկութեան, ըսելով որ զայն կը հրատարակենք երբ ժամանակը գայ…, ինչ որ Վարդապետին ըսել տուած էր.- «Կը վախնամ որ կեանքս չվերջացած՝ ըսելիքներս կամ գրելիքներս վերջանան»։ Ափսոս որ կեանքը՝ դեռ եւս իր ըսելիքներէն ու գրելիքներէն առաջ վերջացաւ…։

Ս.Ն.