ՀԱՄԵՍՏ ՈՒ ԽՈՆԱՐՀ՝ ՆՄԱՆ ԱՆՇՊԱՐ ՈՒ ԻՍԿԱԿԱՆ ՄԵԾԵՐՈՒՆ

ՀԱՄԵՍՏ ՈՒ ԽՈՆԱՐՀ՝ ՆՄԱՆ ԱՆՇՊԱՐ ՈՒ ԻՍԿԱԿԱՆ ՄԵԾԵՐՈՒՆ

Գերյարգելի Հայր Անդրանիկ ծայրագոյն վարդապետ Կռանեան։

Մարդ մը՝ որուն կեանքը, իր իսկ ըսելով, իրեն չէ պատկանած երբեք եւ կենսագրութենէն կը յայտնուի որ անոր կեանքը իրաւամբ իրեն չէ պատկանած, այլ Եկեղեցւոյ եւ Ազգին՝ զորս դասած է ամէն բանէ վեր, եւ նուիրուած է ասոնց կողմէ հովանաւորուած հասարակութիւններու անանձնական ծառայութեան։

Մարդ մը՝ որուն համար ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ գերագոյն եւ բացարձակ արժէք է, պայքարի հզօրագոյն զէնք, որովհետեւ ան՝ ճշմարտութեան մէջ տեսած է Աստուած։ Ճշմարտապաշտ է։ Համակուած հարազատի սիրով։ Հետեւաբար, անհանդուրժող՝ սուտին ու կեղծիքին, անարդարութեան ու անիրաւութեան։ Ճշմարտապաշտութիւն մը եւ անհանդուրժողութիւն մը որոնք զինք դարձուցած են անխնայօրէն համարձակախօս, յանդուգն ու խիզախ։

Կը հաւատա՞ք որ այսպիսի մարդ մը ըլլայ շատ համեստ ու խոնարհ այնպէս՝ ինչպիսին կ՛ըլլան անշպար եւ իսկական մեծերը։

Վստահ եմ որ կը հաւատաք՝ եթէ ճանչցած էք Անդրանիկ Կռանեան Վարդապետը։ Անոր մասին թուարկածս յատկանիշերը եւ կատարածս վկայութիւնը՝ անոր մտածողութենէն, գաղափարներէն, խոկումներէն, գրութիւններէն, դասախօսութիւններէն ու բանախօսութիւններէն, խորհրդածութիւններէն ու բանավէճերէն, մինչեւ իսկ քարոզներէն ու մտերիմ զրոյցներէն եւ ամէնէն աւելի՝ իբրեւ իր աշակերտը, երկարամեայ մտերիմը ու գործակիցը իր հետ անցուցածս պահերէն, մէկ խօսքով՝ իր կեանքի օրինակէն քաղուած համոզումներ ու տպաւորութիւններ են։

Իմ վկայութեանս ու դատողութեանս համակարծիք են, վստահ եմ, մանաւանդ անոնք որոնք Հայր Կռանեանը ինծի չափ եւ թերեւս ինծմէ ալ աւելի մօտէն ճանչնալու, անոր հետ գործակցելու, անոր խորհուրդներէն օգտուելու, անոր հայրական մտերմութիւնը վայելելու բախտը ունեցած են, կամ զինք ճանչցած են եթէ ոչ անձամբ, այլ իր գրութիւններուն ընդմէջէն, ինչպէս Հայաստանի մէջ։ Ունկնդիր եղած են անոր դասախօսութիւններուն ու բանախօսութիւններուն։ Կարդացած են Հայր Կռանեանը, կարդացած անոր խորհրդածութիւնները, վկայութիւնները, ուսումնասիրութիւնները, յորդորները ամփոփող հատորները, գիրքերն ու գրքոյկները՝ «Հայ Ծիսական Պաշտամունքը», «Անապահով Օրեր»ը, զորս լիբանանահայութիւնը ապրեցաւ, Մարդեղութեան 2000-ամեակին նուիրուած «Լուսարձակդ բաց վրաս․․․»ը, «Խօսէ՛ ինծի Հայ Եկեղեցիի մասին» հատորը։ Շարքը երկար է, բառարաններ, գրաբառի դասագիրք, թատերախաղեր (տպուած ու անտիպ), Քասլիքի համալսարանէն ներս Ֆրանսերէնով տրուած դասախօսութիւններ, ամպիոններէ ներս դասախօսութիւններ Հայ Մատենագրութեան, Հայ Երաժշտութեան Պատմութեան, Հայկական Ծէսի մասին։

Հանգիստ բառը Կռանեան վարդապետին համար գոյութիւն չէ ունեցած։ Ան հանգստեան կոչուած է միայն ֆիզիքապէս Զմմառու վանքը, բայց հանգիստ չէ ունեցած անոր միտքն ու գրիչը, որոնք անցնող հինգ տարիներու ընթացքին արտադրած են խոկումներու, մարդու, Աստուծոյ եւ ինքն իր հետ զրոյցներու, հոգեւոր ապրումներու, յուշերու ու փուշերու տասնեակ մը գիրքերու շարք մը։

Այս բոլորով հանդերձ, ինծի համար, անձնապէս, գերազանց է Հայր Կռանեան խմբագիր-հրապարակագիր-լրագրողը։ «Հայր Անդրանիկ Կռանեան համազօր անուն մըն է Շաւարշ Միսաքեաններու եւ Անդրանիկ Ծառուկեաններու առընթեր» կը գրէ խորահմուտ ուրիշ հոգեւորական մը, երջանկայիշատակ Վարդան Զօրենց Աշգարեան եպիսկոպոսը։ Ան՝ խումբ մը երիտասարդ մտաւորականներու հետ 1968-ին հիմնած ու մինչեւ 1973 խմբագրած է «Երիտասարդ Հայ» շաբաթաթերթը։ Խմբագրած է իր Միաբանութեան «Զուարթնոց» պարբերաթերթը, Հայկազեան Համալսարանի «Հայագիտական Հանդէս»ը, սակայն կռանեանական միտքի ամէնէն ցայտուն արտայայտութիւնները կը գտնուին Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան ՄԱՍԻՍ պաշտօնաթերթին մէջ 1973-էն սկսեալ լոյս տեսած խմբագրականներուն, մեկնաբանական ու վերլուծական յօդուածներուն մէջ։ Կրնաք հարց տալ թէ ինչո՞ւ միայն ՄԱՍԻՍ-ի մէջ, «որովհետեւ – ինչպէս կ՛ըսէ ինք – ներկայի հայ թերթերը չէին կրնար շալկել Կռանեան մը իրենց էջերուն մէջ՝ իր պայթուցիկ եւ անկախ մտածողութեան պատճառով, իսկ եթէ միայն գրական ուսումնասիրութիւններ պիտի տար, այդ բոլորը իրեն համար լրագրութիւն չէր»։ Ան այդ բոլորը եւ այդ բոլորէն աւելին կատարած է լրագրութեան զուգահեռ։

Ծնողք, ծննդավայր, ծննդեան թուական, ուսումնառութիւն երկրորդական կը դառնան մարդու մը պարագային որ իր վաղ մանկութենէն կոչուած է որդեգրելու կրօնաւորական կեանքը՝ եկեղեցական ասպարէզէն ներս եւ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին իբրեւ ընտանիք ունեցած է Զմմառու Արծիւեան պատրիարքական Միաբանութիւնը եւ իբրեւ ընտանիքի անդամներ՝ միաբանակից եղբայրները։

Ի՞նչ կենսագրութիւն մարդու մը մասին , որ շնորհիւ իր կոչումին եւ աստուածատուր շնորհքին, իր ծննդավայրէն անդին, շատ աւելի խորերը երկարող իր ինքնութեան արմատներէն ժառանգած առանձնայատկութիւններուն, ան կոխած գետինը վերածած է բերքառատ հողի՝ այդ հողին վրայ ստեղծելով իր համայնքին եւ անոր ճամբով Հայ Եկեղեցւոյ ու Ազգի կենսունակութեան համար անհրաժեշտ կառոյցներ, մշակած եւ իրականացուցած է եկեղեցանուէր ու ազգանպաստ ծրագիրներ, իրեն վստահուած հօտին անդամները համախմբած է միութիւններու շուրջ, ստեղծած է պատանեկան ու երիտասարդական, իմաստաւորելով անոնց հաւաքական կեանքը, կազմակերպելով մշակութային ու ընկերային ձեռնարկներ, երգչախումբ, թատերախումբ, մինչեւ իսկ մարզական ակումբ, դարձած է իր հօտին ու շրջապատին ճանապարհը լուսաւորող հովիւ, զանոնք աշխատանքի մղող ուժ եւ ներշնչման աղբիւր։ Այս բոլորի եւ դեռ աւելիի մասին կրնան վկայել ինծի սերնդակից, ինծմէ առաջ եւ ինծմէ վերջ, տարբեր առաքելավայրերու եւ տարբեր պաշտօններու վրայ հեռուէն կամ մօտէն զինք գործի վրայ տեսնողները։ Առաքելավայրերը ինք չէ ընտրած, բայց պաշտօնները իրեն թելադրած են վայրին կարիքները ու միջավայրը զարգացնելու իր նախանձախնդրութիւնը։

Միայն Նախախնամութիւնը կրնար ներշնչած ըլլալ ատանացի Արմենակ եւ կեսարացի Սուլթանիկ ամոլին որպէսզի ընդունին ընդառաջել իրենց միակ մանչ զաւակի հոգեւորական դառնալու կոչումին եւ այսպէսով դառնալ Եկեղեցւոյ եւ Ազգին մեծ բարերարներ։ Արդարեւ, ով կրնայ յաւակնիլ աւելի մեծ բարերարութիւն մը ըրած ըլլալ:

Հայր Կռանեան, երբեք չեմ զգացուցած, բայց հիմա պիտի ըսեմ որ այս զգացումով կը նայէի ՄԱՍԻՍ-ի խմբագրատան պատէն կախուած այդ բարերարներու նկարին՝ իրենց փոքրիկ Անդրանիկին հետ։

 

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

____________________
Հատուածներ 4 Մայիս 2016-ին ԹՄՄ.ի կողմէ կազմակերպուած Հայր Կռան-եանին Մեծարանքի հանդիսութեան Սարգիս Նաճարեանի ելոյթէն։