Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 2016-ին Հայաստան հովուական այցի յիշատակութեան եւս մէկ առիթ այս տարի ընձեռեց Հայաստանի մէջ Արժանթինի դեսպանութիւնը՝ ի դէմս արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Gonzalo Urriolabeitia-ի: 2017 սեպտեմբերի 28-ին Արժանթինի դեսպանատան մշակութային կենտրոնին մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցու հետ միասին կազմակերպուած էր Սրբազան Քահանայապետին Հայաստան այցելութեան առաջին ամեակին նուիրուած երեկոյ՝ «Էքիւմենիզմ՝ ճանապարհ ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան»: Դեսպանատան հրաւէրով յիշատակութեան երեկոյին իր մասնակ-ցութիւնը բերաւ նաեւ Արհի. Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանը՝ ուղեկցութեամբ գերյ. Հ. Գառնիկ ծ. վրդ. Յովսէփեանի, հոգշ. Հ. Մաշտոց վրդ. Զահթերեանի եւ արժ. Տ. Կոմիտաս քհնյ. Դաւէյեանի եւ Անարատ Յղութեան Միաբանութեան հայ քոյրերու: Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը ներկայացնէր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն գերշն. Տ. Նաթան Արքեպս. Յովհաննիսեանը, ուղեկցութեամբ Գերյ. Հ. Շահէ ծ. վրդ. Անանեանի:
Որպէս երրորդ եւ չորրորդ կէտեր՝ դեսպանը խօսեցաւ Քահանայապետի ցանկութեան մասին՝ նպաստելու քրիստոնէական եկեղեցիներու միաւորումին եւ ցոյց տուաւ անոր յատուկ սէրը եւ բարեկամութիւնը հայ ժողովուրդին հանդէպ:
Գերշն. Տ. Նաթան Արքեպս. Յովհաննիսեան փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին օրհնութիւնը եւ, նախ խօսեցաւ Քահանայապետի այցելութեան մասին՝ յիշատակելով յատկապէս վերջին հանգրուանը՝ մեկնումէն առաջ.
«Երբ Խոր Վիրապի մէջ, պիպլիական Արարատ լեռան դիմաց կանգնած էին երկու հոգեւոր պետերը եւ երկու սպիտակ աղաւնիներ, որոնք օդ սաւառնեցին, ասիկա նշան էր եղբայրական սիրոյ եւ խաղաղարարութեան»:
Ապա Նաթան Սրբազանը խօսեցաւ Հայ Առաքելական եւ Կաթողիկէ Եկեղեցիներու բարեկամութեան մասին՝ յիշելով, որ հոգեւոր պետերու միջեւ առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած է 1970-ին, երբ Վազգէն Ա. Կաթողիկոսը Վատիկանի մէջ հանդիպեցաւ Պօղոս 6-րդ Սրբազան Քահանայապետին: Իսկ 2001-ին. Հայաստան այցելեց Սբ. Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետը: 2013-ին Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը հրաւիրուեցաւ Վատիկան՝ մասնակցելու նորընտիր Ֆրանչիսկոս Պապի գահակալութեան: «Սրանք մի գեղեցիկ օրինակներ են էկումենիզմի» ըսաւ Նաթան Սրբազանը՝ շարունակելով խօսիլ էօքիւմենիզմի եւ ջերմ եկեղեցական յարաբերութիւններու զարգացման անհրաժեշտութեան մասին, միութեան մէջ՝ բազմազանութեան մասին։
Հուսկ, Արհի. Տ. Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեան իր խօսքը զարգացուց Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հովուական այցելութեան՝ Հայաստանի մէջ ունեցած ազդեցութեան շուրջ.
«Ինծի համար Նորին Սրբութեան հանդէպ Հայաստանի մէջ ցուցաբերուած բացառիկ եւ հանդիսաւոր ընդունելութիւնը արձագանգն ու շարունակութիւնն էր այն պատմական իրադարձութեան, երբ Պապը 2015-ի ապրիլին Սբ. Պետրոսի տաճարին մէջ մատուցած Սբ. Պատարագի ժամանակ Հայոց Ցեղասպանութիւնը անուանեց 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը…։ Այդ պահը մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ հայութեան վրայ՝ ոչ միայն Հայաստանի մէջ, այլեւ՝ ամբողջ աշխարհի, նախքան Քահանայապետի այցը Հայաստան» ըսաւ Ռաֆայէլ Սրբազանը եւ յիշեցուց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի խօսքը.- «Այսօր Ֆրանչիսկոս Պապը իր համարձակ յայտարարութեամբ ըրաւ այն, ինչ որ հայ ազգը չկրցաւ ընել 100 տարի»։ Եւ ապա ան շարունակեց.- «Ամբողջ քաղաքական աշխարհը ցնցուեցաւ Պապի յայտարարութեամբ, աշխարհի քաղաքական դիրքորոշումն ամբողջովին փոխուեցաւ՝ Ցեղասպանութեան՝ որպէս մերժուած ճշմարտութեան շուրջ»:
Ռաֆայէլ Սրբազանը ընդգծեց 2015-ի պատմական յայտարարութեան մէկ այլ կարեւոր ազդեցութիւնը եւս՝ նախքան Քահանայապետին այցը.
«Ֆրանչիսկոս Պապը նորագոյն պատմութեան մէջ առաջին անգամ կրցաւ միաւորել բոլոր հայերը՝ Եկեղեցին եւ պետութիւնը, կաթողիկէներն ու առաքելականները, Էջմիածինը եւ Կիլիկիան, Հայաստանի իշխանութիւններն եւ կուսակցութիւնները՝ Սուրբ Պետրոսի Մայր Տաճարի հովանիին ներքեւ…։ Ամբողջ աշխարհի համար շատ տպաւորիչ էր, որ բոլորս Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ խմբուած էինք Սրբազան Քահանայապետին շուրջ՝ որպէս մէկ Տիեզերական Եկեղեցի եւ մէկ հայ ազգ: Ասիկա ճշմարտապէս է՛ր եւ է՛ պատկերը հայոց պատմութեան: Այս բոլորէն յետոյ՝ հայ ժողովուրդը կ’երազէր տեսնել Պապը Հայաստանի մէջ եւ տեսաւ»:
Ռաֆայէլ Սրբազանը, անդրադառնալով Քահանայապետի պատմական այցելութեան ազդեցութեանը՝ 2016-ի յունիսէն յետոյ, ընդգծեց անոր կերպարին ձգած տպաւորութիւնը՝ որպէս «սոցիալական, բարոյական արժէքներու, մարդու իրաւունքներու միակ պաշտպան, որ եկաւ Հայաստան»:
«Հետեւաբար, այցը Քահանայապետի՝ որպէս ներկայացուցչի Տիեզերական Եկեղեցւոյ՝ բոլոր քրիստոնեաներու Մօր, որ եկաւ զօրացնելու Քրիստոսի հանդէպ հաւատքը, բուժելու իր զաւակներուն վէրքերը եւ քաջալերելու զանոնք՝ շարունակել իրենց քրիստոնէական ուղին, այս այցը ներծծուած էր պարզութեամբ: Երկրի վրայ Քրիստոսի ներկայացուցչի՝ Քահանայապետի, այս պահին՝ Ֆրանչիսկոսի, խոնարհութիւ՛նն էր այդ պարզութիւնը».- ըսաւ Սրբազանը՝ իր խօսքը համեմելով մի քանի օրինակներով։
«Էջմիածնի մէջ, Սուրբ Պատարագի ժամանակ, խաղաղութեան բաշխման պահին Նորին Սրբութիւն Սրբազան Քահանայապետը մօտեցաւ Նորին Սուրբ Օծութիւն Գարեգին Բ.ին եւ խնդրեց անոր օրհնութիւնը՝ իր եւ իր ժողովուրրդին համար: Ինչպիսի՜ խոնարհ անձնաւորութիւն. Տիեզերական Եկեղեցւոյ Գլուխը կը խնդրէ օրհնութիւնը փոքրիկ հայ ազգի Կաթողիկոսի»:
Նորին Սրբութիւնը իր բարի օրինակով՝ ամենակարիքաւորներուն, տառապեալներուն, հաշմանդամներուն հանդէպ տածած խոնարհ սիրով, հիացուց ամբողջ հայ ազգը եւ համարձակութիւն տուաւ՝ ընդօրինակելու այս կենսաձեւը եւ առաջ շարժուելու:
…Պապը եկաւ Հայաստան՝ որպէս աւագ եղբայր, արտայայտելու իր սէրը: Եկաւ որպէս ուսուցիչ՝ բացատրելու մեզ կերպը, թէ ինչպէս կարելի է հասնիլ Տիրոջ: Գիւմրիի մէջ իր արտասանած քարոզէն ես կը յիշեմ երեք կէտ՝ «խօսեցէ՛ք ձեր պապերուն ու տատիկներուն հետ, սորվեցէ՛ք ձեր պատմութիւնը եւ պաշտպանեցէ՛ք ձեր ինքնութիւնը»: Նորին Սրբութիւնը եկաւ Հայաստան՝ գնահատելու այս ժողովուրդին մարտիրոսութիւնը: Եկաւ որպէս ուխտաւոր՝ աղօթելու այս Սրբազան հողին վրայ: Այս բոլոր օրինակներով հանդերձ, Պապին այցը չէր կրնար ունենալ ուրիշ ազդեցութիւն, այլ միայն՝ դրական…»: