Սուրբ Աթոռին եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութեանց 25 ամեակին առթիւ ԿԱՐԴԻՆԱԼ ՍԱՆՏՐԻ.- «ԽԱՂԱՂՈՒԹԵՆԷՆ ՏԱՐԲԵՐ ԸՆՏՐԱՆՔ ՉԿԱՅ»

Սուրբ Աթոռին եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութեանց 25 ամեակին առթիւ ԿԱՐԴԻՆԱԼ ՍԱՆՏՐԻ.- «ԽԱՂԱՂՈՒԹԵՆԷՆ  ՏԱՐԲԵՐ  ԸՆՏՐԱՆՔ  ՉԿԱՅ»

«Օսսերվաթորէ Ռոմանօ»ն կը հաղորդէ թէ Սուրբ Աթոռին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութեանց 25 ամեակին առիթով, Չորեքշաբթի, 20 սեպտեմբեր 2017-ին, Հռոմի Քահանայապետական Հայկական Գոլէճի Թալենթինոյի Սուրբ Նիքոլաս եկեղեցիին մէջ մատուցուած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ, Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի նախագահը, կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի յիշեցուցած է խաղաղութեան կոչը զոր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կատարած էին 2016-ին։ Ան անդրադարձած է յատկապէս Պապին եւ Գարեգին Բ.ին կողմէ երկու աղաւնիներու արձակումին Արարատ Լերան ուղղութեամբ, իբրեւ խորհրդանիշ խաղաղութեան եւ ի յիշատակ Նոյի աղաւնիին։ «Խաղաղութենէն տարբեր ընտրանք չկայ եւ ժամանակն է վերջ դնելու բնակչութեան բոլոր ցաւերուն ու տառապանքներուն» յարած է Կարդինալը, աւելցնելով.- «Կ’երազենք եւ կը ցանկանք որ այդ աղաւնիները անցնին բաժանումներու, ատելութիւններու եւ պատերազմներու ընդմէջէն եւ… վերադառնան իրենց կտուցին մէջ բռնած խաղաղութեան ճիւղը՝ շրջանի բոլոր ժողովուրդներուն համար»։

Իր քարոզին մէջ, կարդինալ Սանտրի երախտագիտութեամբ անդրադարձած է նաեւ Սուրբ Աթոռին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ շարունակուող յարաբերութիւնները յատկանշող բազմաթիւ հանգրուաններուն, ինչպէս Յովհաննէս Պօղոս Բ.ին եւ Ֆրանչիսկոսի ճամբորդութիւնները Հայաստան 2001-ին եւ 2016-ին, Հայաստանի նախագահին այցելութիւնները Վատիկան, 2015-ի մեծաշուք Սուրբ Պատարագը Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ եւ Գրիգոր Նարեկացիին Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակումը։

«Ասոնք Հայաստանի եւ Սուրբ Աթոռին միջեւ բարեկամութեան էջեր են, ընդգծած է Կարդինալը։ Անոնք կը հանդիսանան Աստուծոյ իրական մէկ պարգեւը եւ հիմնուած են հասարակաց ժառանգութեան վրայ, որ հաւատքն է հանդէպ Քրիստոսի։ Այն հաւատքը որուն մասին դարեր շարունակ վկայեցին Հայ Ազգին եւ Եկեղեցւոյ նահատակ զաւակները»։