ՇԱՐՈՒՆԱԿԵ՛Լ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՍՓԻՒՌՔ 6-րդ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ ՍԿՍՈՒԱԾԸ

ՇԱՐՈՒՆԱԿԵ՛Լ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՍՓԻՒՌՔ 6-րդ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ ՍԿՍՈՒԱԾԸ

Հակառակ համահայկական համաժողովներու մասին ընդհանրապէս, նաեւ 6-րդի մասին ոմանց կողմէ ցուցաբերուած որոշ վերապահութիւններուն, անտարբերութեան, անոր արդիւնաւէտութեան մասին յայտնուած թերահաւատութեան եւ հակասական կարծիքներուն կամ միայն քննադատական գնահատութիւններուն, 6-րդ համաժողովին մասնակից, ներկայ կամ նոյնիսկ հեռուէն անոր հետեւող, բայց նախանձախնդիր ամէն հայ չէր կրնար չողջունել այսպիսի հերթական բայց ամէն առումով գերազանց համաժողով մը որ Հայկական Պետութեան ղեկավարի նախագահութեան տակ կը համախմբէր հայրենաբնակ թէ աշխարհասփիւռ Հայութեան գրեթէ բոլոր բաղկացուցիչներու ու ոլորտներու ներկայացուցիչները՝ հոգեւոր եւ աշխարհական, աւելի քան 1500 հոգի։

Մասնակիցներու թիւով, մակարդակով ու հանգամանքով պատկառելի, իր օրակարգով՝ յագեցած եւ ընդգրկուն, եւ զեկուցողներով՝ հեղինակաւոր այսպիսի համաժողով մը չէր կրնար շրջադարձային կարեւորութիւն չզգենուլ՝ մանաւանդ Կարէն Տէմիրճեանի անուան մարզահամերգային գեղակերտ համալիրէն ներս ստեղծուած ջերմ, եղբայրական, իրարհասկացողութեան, համագործակցութեան, պատրաստակամութեան եւ բարիկամեցողութեան մթնոլորտին ներքեւ այնպէս ինչպէս կը յուշէր ու կը թելադրէր համաժողովին խորագիրը եւ որուն համար ոչ մէկ ճիգ խնայած էր Սփիւռքի նախարարութիւնը իր ողջ անձնակազմով, այնքան հաճոյակատար պատանի ու երիտասարդ կամաւորներու ծառայութեամբ, եւ այս բոլորը՝ գերաշխոյժ նախարար Հրանուշ Յակոբեանի նրբանկատ ու շրջահայեաց առաջնորդութեամբ եւ, վերջապէս, հայրենի եւ օտար հաղորդամիջոցներու թղթակիցներու լսափողերու ու քամերաներու դիմաց։

Համաժողովը հրաւիրուած էր միասնաբար քննարկելու հայրենաբնակ եւ աշխարհասփիւռ համայն հայութիւնը յուզող հիմնախնդիրները, քաղաքական, անվտանգութեան, տնտեսական, մշակութային, ինքնութեան եւ հայապահպանութեան, Ազգին ու Հայրենիքին դիմագրաւած մարտահրաւէրները, որոնք ամենայն բծախնդրութեամբ ամփոփուած էին համաժողովի օրակարգի չորս ուղղութիւններուն մէջ (Հայաստանի զարգացման հիմնախնդիրներ, Հայաստանի պաշտպանական քաղաքականութեան առանձնայատկութիւնները ժամանակակից մարտահրաւէրներու պայմաններուն մէջ, Արտաքին քաղաքականութեան օրակարգ եւ Հայապահպանութեան հիմնախնդիրներ), եւ համախորհուրդ որոնելու համար եթէ ոչ անմիջական կամ արմատական լուծումներ, գէթ լուծման միջոցներ կամ ճանապարհներ։ Ան սահմանուած էր դառնալու հաւաքական, համայն հայութիւնը միաւորող աշխատանքի մը սկզբնաւորութիւնը, սկի՛զբ մը որ պէտք է ունենայ իր շարունակութիւնը նաե՛ւ ու մանաւա՛նդ համաժողովէն անդին, ընդհանուր խանդավառութենէն եւ մասնակիցներուն հաւաքավայրէն դուրս գալէն ետք։ Համաժողովը հրաւէր մըն էր մասնակիցներուն, եւ ո՛չ միայն, սկսուածը շարունակելու յանձնառութեան։

Իսկ ի՞նչ էր սկսուածը եթէ ոչ՝ փոխադարձ վստահութեան, միասնականութեան եւ պատասխանատուութեան խորապատկերին վրայ նախագծումը համազգային մարտահրաւէրները դիմագրաւելու եւ առաջադրանքներն ու նպատակները հետապնդելու «ճանապարհի քարտէս»ի մը կամ ուղեցոյցի մը՝ ի խնդիր առաջին հերթին հայկական պետականութեան յարաճուն հզօրացման, զարգացման ու բարգաւաճումին՝ ասիկա նախապայմանը ըլլալով միւս բոլոր խնդիրներու լուծումին եւ գրաւականը նաե՛ւ Սփիւռքի ուժեղացման։ Եւ իրաւամբ, Ազգին ու Հայրենիքին դիմաց ծառացող մարտահրաւէրներու դիմակալումը եւ համազգային առաջադրանքներու պետական հովանաւորութեամբ հետապնդման յաջողութեամբ պսակումը անհնարին է առանց Ազգի ու Հայրենիքի բաղկացուցիչներուն միջեւ փոխադարձ վստահութեան, որ նախապայմանն է միասնականութեան, իսկ միասնականութիւնը՝ հրաւէր պատասխանատուութեան։ Յայտնապէս այս գիտակցութեամբ առաջնորդուիլ կը թուէին համահայկական համաժողովին կերպով մը մասնակից ըլլալու համար աշխարհի ամենէն հեռաւոր անկիւններէն անգամ Երեւան փութացած հայեր։

dav

dav

Արդարեւ, մեր ազգային բոլոր յաւակնութիւններուն, ձգտումներուն ու տենչերուն մեկնակէտն էր համաժողովին խորագիրը, բանալին լուծումներուն, յաջողութիւններուն ու նուաճումներուն՝ որոնց կը ձգտինք ։ Ան մեկնակէտն է նաեւ այն համոզումին (եթէ անշուշտ համոզուած ենք) որ «հզօր Հայաստանը պայմանաւորուած է հզօր Սփիւռքով» եւ փոխադարձաբար անշուշտ։ Համաժողովներու առիթով յաճախ յանկերգուած այս կարգախօսը ինքնաբերաբար կ’ենթադրէ հովանաւորութեան յաւակնորդին եւ հովանաւորեալի կարգավիճակին մատնուած կողմին ուժեղացումը միաժամանակ, փոխադարձ ուշադրութեամբ եւ հոգատարութեամբ, ինչ որ կը պահանջէ այդ հզօրացման ի խնդիր փոխադարձ մերձեցում, ծանօթացում, հայրենաբնակ եւ աշխարհասփիւռ ժողովուրդներու ներուժի համադրում, դերերու բաժանում, փոխադարձ ու հաւասարակշռուած պարտականութիւններու, պատասխանատուութիւններու ու յանձնառութիւններու յստակեցում։ Ասիկա պէտք է ըլլայ համաժողովներու օրակարգերուն, այս առիթով ներկայացուած զեկուցումներուն, յայտնուած գաղափարներուն, կատարուած քննարկումներուն վախճանական եւ գերագոյն նպատակը, եթէ իրապէս կը հաւատանք որ «մենք ուժեղ ենք միասին եւ միասնաբար պիտի կերտենք մեր պատմութիւնն ու ապագան՝ յանուն հզօր եւ ապահով ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ, յանուն անկախ ու յաղթանակած ԱՐՑԱԽԻ եւ յանուն կազմակերպուած ՍՓԻՒՌՔԻ», այնպէս ինչպէս նախորդ՝ հինգերորդ համաժողովի եզրափակիչ յայտարարութիւնը կը հաստատէր։

Այս գերագոյն նպատակը ոչ միայն համաժողովներու առիթով հնչած յանկերգ մը պէտք է ըլլայ, այլ մշտահունչ ղօղանջ մը մեր հաւաքական կեանքին մէջ եւ զայն ձեւաւորելու ու կողմնորոշելու յաւակնող համահայկական կառոյցներէն ներս, որպիսին դառնալու կոչուած է Համահայկական Խորհուրդը, որ ծրագրուած է կեանքի կոչել յառաջիկայ Մայիսին։

25 / 09 / 2017

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ