Տպաւորութիւններ Հայաստան – Սփիւռք 6-րդ համաժողովէն

Տպաւորութիւններ Հայաստան – Սփիւռք 6-րդ համաժողովէն

Պատիւն ու բախտը ունեցայ քաղաքամայր Երեւանի մէջ մասնակցելու Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովին, որ կը կրէր «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» խորագիրը։ Համաժողովը տեղի ունե-ցաւ «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային սքանչելի համալիրի սրահներուն մէջ 18-20 սեպտեմբեր 2017-ին։ Առաջին մասնակցութիւնս էր սոյն համաժողովին եւ կրնամ հաստատել որ տպաւորութիւններս մեծապէս դրական էին:

Իմ կարծիքով, համաժողովը շատ լաւ կազմակերպուած էր, մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծելով։ Անոր կայացումը առիթ հանդիսացաւ զանազան քննարկումներ կատարելու ու կարծիքներ արտայայտելու հայաստանեան թէ սփիւռքեան մամուլի էջերուն մէջ եւ մասնաւորաբար ելեկտրոնային կայքերու եւ ընկերային ցանցերու վրայ։ Համագումարի մասնակիցները հնարաւորութիւնը ունէին ընտրելու մասնակցիլ չորս տարբեր ուղղութիւններէն մէկուն կամ միւսին քննարկումներուն։ Առաջին ուղղութիւնը Հայաստանի զարգացման հիմնախնդիրներուն կը վերաբերէր, երկրորդը՝ «Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանական քաղաքականութեան առանձնայատկութիւնները ժամանակակից մարտահրաւէրներու պայմաններուն մէջ» վերնագիրը կը կրէր, երրորդ ուղղութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան դրոյթներու մասին էր, իսկ չորրորդ ուղղութիւնը հայապահպանութեան հիմնախնդիրները կը վերլուծէր։ Այս չորս աշխատանքային խումբերու նիստերէն դուրս, համաժողովի ծիրէն ներս կատարուեցան խորհրդակցութիւններ համահայկական խորհուրդի ստեղծման ու Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան հետագայ զարգացման վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ կլոր սեղան մը ուր ներկայացուեցան Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հռչակման եւ մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակի ու Էրեբունի-Երեւանի 2800-ամեակի տօնակատարութիւններու նախնական ծրագիրները։ Ներկաները մասնակցեցան երեք ընդհանուր նիստերու։ Առաջինը բացման նիստն էր, որու ընթացքին խօսքեր արտասանեցին Սփիւռքի նախարար տիկին Հրանուշ Յակոբեանը, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ․ Կաթողիկոսը, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ տիար Սերժ Սարգիսեանը, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ տիար Բակօ Սահակեանը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա․ Կաթողիկոսը։ Երկրորդ ընդհանուր նիստի գլխաւոր ելոյթ ունեցողը եղաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ պրն․ Կարէն Կարապետեանը եւ իր աշխատակազմի բարձրաստիճան անդամներ, գլխաւոր նիւթ ունենալով Հայաստանի տնտեսական իրավիճակը, զարգացման ուղղութեամբ տարուած աշխատանքներն ու ապագայի ծրագիրները։ Երրորդ եւ վերջին ընդհանուր նիստը համաժողովի փակման նիստն էր, որու ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահ տիար Արա Բաբլոյեանը եւ ապա ներկայացուեցան ամփոփիչ զեկոյցներ համագումարի 4 ուղղութիւններու քննարկումներուն վերաբերեալ։ Այդ զեկուցումները կատարեցին բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, նախարարներ, փոխ նախարարներ ու խորհրդականներ։ Չորրորդ ուղղութեան՝ հայապահպանութեան հիմնախնդիրներու մասին զեկոյցը ներկայացուց Սփիւռքի նախարար տիկին Հրանուշ Յակոբեան որ ինքնին համաժողովի կազմակերպման ու յաջողութեան մղիչ ուժն էր։ Այնուհետեւ ընթերցուեցաւ համաժողովի եզրափակիչ յայտարարութիւնը:

Պէտք է ըսել որ բացառիկ երեւոյթ մըն էր նման համաժողովի մը գումարումը եւ ինչպէս հաստատեց տիկին Յակոբեան, անոր մեծագոյն ձեռքբերումը այն առիթն էր որով ծանօթութիւններ ու կապեր հաստատուեցան համագումարի մասնակիցներուն միջեւ։ Անշուշտ թէ նման հանդիպումներէն սպասելիքներ շատ կան առկայ խնդիրներու մասին լուծումներ գտնելու ուղղութեամբ։ Սակայն պէտք է հաստատել որ եթէ նոյնիսկ նման համաժողովներ չեն յաջողիր անմիջական լուծումներ առաջադրել, ինչ որ բնական է անշուշտ, սակայն կարեւոր առիթ են կեդրոնացնելու ջանքերը կարեւորագոյն խնդիրներու շուրջ ու կատարելու ճշգրիտ կողմնորոշումներ։ Վստահաբար այս առիթով ներկայացուած բոլոր միտքերն ու գաղափարները, ինչպէս նաեւ զանազան միջոցներով լոյս տեսած դրական թէ բացասական կարծիքները, անպայմանօրէն ու ինքնաբերաբար նկատի կ՝առնուին հետագայ որոշումներու կայացման ընթացքին:

Նկատելի էին ու մեծապէս գնահատելի այն ջանքերը ու աշխատանքը որ կատարուած էր՝ լաւապէս կազմակերպելու համար համաժողովը։ Ուշադրութեան արժանի էր Սփիւռքի նախարարութեան երիտասարդ անձնակազմի հոգատար մօտեցումը մասնակիցներուն հանդէպ։ Հետաքրքիր երեւոյթ էր նաեւ կամաւոր ուսանողներու ներկայութիւնը, որոնք համաժողովի ամբողջ տեւողութեան առաջնորդեցին, ուղեկցեցան հիւրերուն ու օժանդակեցին կազմակերպիչներուն։ Նոյնքան հաճելի էր համաժողովի յայտագրին մէջ կարելիութիւնը ունենալ ներկայ գտնուելու մշակութային երեք բարձրորակ ձեռնարկներու, որոնցմէ առաջինը հանրայայտ երգչուհի Արաքս Մանսուրեանի ստեղծագործական գործունէութեան 50-ամեակին նուիրուած համերգ մըն էր Ալ․ Սպենդիարեանի անուան օփերայի թատրոնին մէջ։ Երկրորդը բացառիկ համերգ մը՝ նուիրուած «Ծագումով հայեր» հաղորդաշարի 10-ամեակին եւ որու ընթացքին հայրենի աստղերու կողքին ելոյթ ունեցան սփիւռքահայ անուանի երաժիշտներ, «Կարէն Տեմիրճեանի» անուան մարզահամերգային համալիրի բեմին վրայ։ Երրորդ միջոցառումը «Նայիրի» համահայկական փառատօնի մրցանակաբաշխութիւն-շքահանդէսն էր Արամ Խաչատուրեանի անուան մեծ համերգասրահին մէջ եւ որու ընթացքին ելոյթ ունեցան ու մրցանակներ ստացան հայրենի թէ սփիւռքահայ լաւագոյն երաժշտական համոյթներն ու կատարողները։ Այստեղ նշելու է նաեւ թէ համաժողովի մասնակից սփիւռքեան կառոյցներու պատասխանատուները հրաւիրուեցան 21 սեպտեմբերին ներկայ գտնուելու Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան Տօնի 26-րդ տարեդարձին առթիւ նախագահ Սերժ Սարգիսեանի կազմակերպած մեծաշուք ընդունելութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան տարածքէն ներս:

Կարեւոր փաստ է թէ հայրենի իշխանութիւնները, նոյնիսկ Սովետական Միութեան օրերուն, բարձր գնահատած են Հայաստան-Սփիւռք սերտ ու մնայուն կապերու ու գործակցութեան ուղղուած աշխատանքը, քաջ գիտնալով հանդերձ որ հայկական սփիւռքը յարափոփոխ ու երբեմն անկանխատեսելի գործօններու կ՚ենթարկուի։ Սփիւռքի նախարարութեան հիմնադրութիւնը վկայութիւնն է այդ լուրջ մօտեցումին։ Անկասկած որ այս նախարարութեան կատարած աշխատանքը անցնող տարիներուն գործնական մեծ յաջողութիւններ արձանագրած է Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրացման ուղղութեամբ։ Մշակուած են ծրագիրներ որոնք կը յարատեւեն ու յարատեւութեան շնորհիւ կը յաջողին։ Բոլորիս երազն է ունենալ զարգացած, բարգաւաճ, խաղաղ, արդար հայրենիք։ Այդ բոլորին հասնելու համար կարեւոր է համատեղել հայ ժողովուրդի ամբողջ ներուժն ու ջանքերը, չբաւականանալով միմիայն քննադատելով ու նշելով յոռի երեւոյթները, այլ նաեւ մատնանշելով դրական զարգացումները, գնահատելով շատ ու շատ իրագործումներն ու փայլուն յաջողութիւնները, որոնք արձանագրուած են մեր բոլորիս շատ սիրելի հայրենիքին մէջ:

ՇԱՆԹ ՔԷՇԻՇԵԱՆ