«ԽԱՉԸ ՍԻՐՈՅ ՆՇԱՆ Է»
ԸՍԱՒ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ
Խաչի Գիւտի տօնը եւ Հայ կաթողիկէ Սբ. Խաչ եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը հանդիսաւոր շուքով նշուեցաւ Կիրակի, 29 հոկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ հայրապետական սուրբ եւ անմահ Պատարագով զոր մատուցանեց Ամենապատիւ Գրիգոր Պետրոս Ի. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը, առընթերակայութեամբ հայր Վարագ վրդ. Պէրպէրեանի եւ հայր Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեանի:
«Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ, գերապայծառ, գերապատիւ եւ արժանապատիւ հայրերու եւ դպրաց դասի շքեղ թափօրով՝ ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը մուտք գործեց եկեղեցի եւ յառաջացաւ խորան` մատուցանելու Ս. Պատարագը։
Յընթացս սուրբ Պատարագին արտասանած հոգեշունչ քարոզին մէջ, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ըսաւ, թէ ըստ պատմական աւանդութեան, մօտաւորապէս 316 թուականին Հեղինէ կայսրուհին` Կոստանդիանոս կայսեր մայրը, ուխտագնացութեան կ՛երթայ Սուրբ Երկիր եւ հոն Գողգոթային վրայ փորել կու տայ, որպէսզի գտնեն Քրիստոսի խաչը: Վերջապէս կը գտնուին երեք խաչեր: Ինչպէ՞ս զանազանել: Բարեբախտաբար այնտեղէն դագաղով սգակիրներ կ՛անցնին, այդ դագաղին վրայ կը դնեն խաչերը, եւ երբ մահացած մարդը յարութիւն կ՛առնէ, կը հասկնան, որ այն է Քրիստոսի ճշմարիտ խաչը: Հոգեւոր Տէրը ըսաւ, որ այս խորհուրդն է, որ 4-րդ անգամուան համար Հայ Եկեղեցին կը տօնէ իբրեւ Խաչի տօն:
Հոգեւոր Տէրը ըսաւ, որ Խաչը մեզի կեանք տուաւ, ուրախութիւն եւ ներում բերաւ, հաշտութիւն բերաւ, խաղաղութիւն բերաւ աշխարհին. եթէ ճշմարիտ քրիստոնեաներ կ՛ուզենք ըլլալ եւ սեպուիլ, այս զգացումներով պէտք է մեր սիրտը լեցուի: Ինչո՞ւ Յիսուս խաչին վրայ ելաւ, որովհետեւ Հայր Աստուած այնքան սիրեց մարդիկ, որ իր միածինը ղրկեց, որպէսզի զոհուի, արիւնը թափէ եւ անով փաստէ, որ ամէն ինչ կորսուած չէ, տակաւին մեզ սիրող կայ ի յաւիտենից եւ մինչեւ յաւիտեան:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը յայտնեց, որ Խաչը սիրոյ նշան է. դրախտի ծառէն մեզի մահը հասաւ, այս խաչափայտէն մեզի կեանք տրուեցաւ։ Ապա հաւատացեալներուն ուղղուած կոչով մըան ներկաներուն ըսաւ. «Պատրա՞ստ ենք այս կեանքը ընդունելու, այս սէրը ընդունելու, ճանչնալու, մեր կեանքի նպատակը դարձնելու: «Աստուած սէր է» առաջին պատուիրանն է, երկրորդը ասոր նման է. «Եղբայրդ սիրէ ոչ թէ քու անձիդ պէս, այլ ինծի պէս, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի եւ կեանքս զոհեցի ձեզի համար, դուք ալ նոյնպէս, ձեր եղբայրները պիտի սիրէք մինչեւ ձեր կեանքին զոհաբերումը»: Հրեաներուն օրէնքը հարիւրաւոր պատուիրաններ ունէր: Բայց օրէնքն ու մարգարէները` մէկ խօսք` սէր, այն աստիճան, որ Ս. Օգոստինոս կ՛ըսէ. «Սիրէ, յետոյ ուզածդ ըրէ», ուզածդ ըրէ ի՞նչ կը նշանակէ. միայն սիրով պիտի ընես, ուրեմն ինչպէս կ՛ըսէ Ս. Պօղոս. «Ան որ կը սիրէ, այլեւս կը ներէ, կը մոռնայ, չի նախանձիր, չ՛ուրախանար եղբօր անկումով, թերութեամբ, այլեւ կ՛ուրախանայ անոր յաջողութեամբ: Ընկեր եւ եղբայր սիրել կը նշանակէ ձեռք տալ անոր, հաց տալ, զգեստ տալ անոր, զինք մխիթարել, իրեն օգնել հոգեպէս, բարոյապէս եւ նիւթապէս»:
Հոգեւոր Տէրը շեշտը դնելով եղբայրսիրութեան վրայ ըսաւ. «Բոլոր քարոզներուս մէջ եղբայրսիրութեան մասին կը խօսիմ: Յովհաննէս աւետարանիչ վերջին տարիներուն միմիայն եղբայրսիրութեան մասին կը խօսէր այն աստիճան, որ իրեն ըսին` մեզի ուրիշ բանի մասին խօսէ. օրէնքը եւ մարգարէները մէկ են, սիրոյ մէջ կը բովանդակուին: Սիրէ Աստուած եւ սիրէ ընկերդ, անկէ դուրս բան չկայ, մենք զմեզ չխաբենք»:
Հուսկ, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ըսաւ. «Սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր, աղօթենք իրարու, որ հոս ենք եւ կը կազմենք այս ժողովրդապետութիւնը, Լիբանանի մեր համայնքը, բոլոր մեր քրիստոնեայ եղբայրակիցները հոս եւ այլուր, որոնք Քրիստոսի անունին համար, Քրիստոսի հաւատարմութեան համար կը չարչարուին, խաչ կը հանուին, որպէսզի խաչին զօրութիւնը մեզ զօրացնէ եւ հաւատարիմ դարձնէ Քրիստոսի սիրոյն: Աստուած կ՛ուզէ, որ բոլոր մարդիկ, նոյնիսկ մեզ հալածողները դարձի գան, ճանչնան զինք, ճանչնան իր զաւակները, որ դուք էք, մենք ենք, եւ դարձի գան: Խնդրենք Աստուծմէ, որ մեզ դարձի բերէ. հասկնանք, թէ ինչպէ՛ս պէտք է սիրենք եւ ներենք մեր եղբօր, որպէսզի ապրինք ինչպէս որ կ՛աղօթենք»:
Յաւարտ սուրբ Պատարագին տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէք, ապա Հայ Կաթողիկէ Միութեան շեփորախումբին նուագին կշռոյթներով հանդիսաւոր թափօրը ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը ընդունեց հաւատացեալ բազմութեան ողջոյնները եւ տեղի ունեցաւ աջահամբոյր, որմէ ետք ներկաներուն բաշխուեցաւ մատաղը:
Եկեղեցական արարողութենէն ետք, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան կազմակերպութեամբ «Ռոյալ» պանդոկի ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ, որ սկիզբ առաւ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին կողմէ ճաշասեղաններու օրհնութեան աղօթքով: Այնուհետեւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Մարալ Հարպոյեան-Չաքրեան: Ան ըսաւ, որ այսօրուան աւանդական, պաշտօնական, տարեկան ճաշկերոյթը հարուստ է իր նպատակներով` եկեղեցւոյ անուանակոչութիւն, Գիւտ խաչի տօն եւ եկեղեցւոյ բարեզարդում: Անդրադառնալով օրուան երկրորդ նպատակին` եկեղեցւոյ բարեզարդման, Մարալ Հարպոյեան-Չաքրեան ըսաւ, որ իւրաքանչիւրը ունի իր անուրանալի արժէքը, հարստութիւնը եւ դերը Ս. Խաչ եկեղեցւոյ համար բարոյական եւ նիւթական աջակցութեամբ պատիւ եւ համբաւ բերելու: Ան իր խօսքի աւարտին հաստատեց. «Ս. Խաչ եկեղեցւոյ աջակից դառնալ կը նշանակէ դառնալ մասնակիցը եկեղեցւոյ առաքելութեան: Ձեր մասնակցութեամբ յոյս եւ հաւատք կը ներշնչէք»:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ջութակով` Ռիթա Աստիկեան, երգեհոնով` Ժան-Փիեռ Աստիկեան: Իսկ Գէորգ Քէշիշեան տուտուկով եւ սրինգով մեծապէս խանդավառեց մթնոլորտը: Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն, ապա շահող թիւերը ստացան իրենց արժէքաւոր նուէրները:
Հուսկ խօսք առաւ հայր Եղիա ծ. վրդ. Եղիայեան, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ` Ս. Պատարագին եւ ճաշկերոյթին նախագահութեան համար: Ապա ան սրտի մեծ գոհունակութեամբ եւ գնահատանքի զգացումներով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, որոնք սիրայօժար ընդունեցին ճաշկերոյթին մասնակցիլ եւ իրենց լուման բերել եկեղեցւոյ բարեզարդումին ու բարգաւաճումին: Ան շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղեց բոլոր այն հաստատութիւններուն եւ միութիւններուն, որոնք իրենց օժանդակութիւնը եւ մասնակցութիւնը բերած են Ս. Պատարագին եւ ճաշկերոյթին: Ան շնորհակալութեան եւ գնահատանքի խօսք ուղղեց ժողովրդապետութեան վարդապետներուն, դպրոցի տնօրէնութեան, տիկնանց միութեան անդամներուն, երգչախումբին, պատանեկան միութեան եւ շեփորախումբին` ամբողջ տարուան ընթացքին իրենց տարած աշխատանքին համար:
Հայր Եղիա ծ. վրդ. Եղիայեան իր խօսքի աւարտին կոչ ուղղեց բոլորին, որ միասնաբար բազմապատկեն ջանքերը, աշխատանքները, որպէսզի Ս. Խաչ համալիրը ըլլայ օրինակելի եւ արդիւնաւէտ: Աշխատանք տանին փնտռելով Աստուծոյ փառքը, ազգին բարգաւաճումը, եկեղեցւոյ պայծառութիւնը եւ սիրելի Լիբանանին մաղթեց խաղաղ օրեր: