Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթէրեան Կիւմրիի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ նոր ժողովրդապետ

Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթէրեան Կիւմրիի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ նոր ժողովրդապետ

22 հոկտեմբեր 2017-ին Կիւմրիի Սրբոց Նահատակաց Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագը մատուցանեց Արհի. Տ. Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանը: Յընթացս անմահ Սուրբ Զոհի մատուցման, Առաջնորդ Հայրը կատարեց վարդապետական գաւազանի եւ լանջախաչի տուչութիւն՝ գերապատիւ Հ. Մաշտոց վրդ. Զահթէրեանին եւ զինք յայտարարեց ժողովրդապետ Կիւմրիի հայ կաթողիկէ համայնքի:

Հ. Մաշտոց յաջորդեց արժ. Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Մկրտչեանին, որ Կիւմրիի ժողովրդապետն էր 2016-ի յունուարէն: Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Տէր Գրիգորին արդիւնաւէտ ծառայութեան համար։ Տէր Գրիգոր կը շարունակէ վարել առաջնորդութեան ֆինանսական եւ տնտեսական մատակարարի եւ Թորոսի Աղաճանեան կեդրոնի տնօրէնի պաշտօնները: